ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ
Շաբաթ՝ 28 Սեպտեմբերի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական նոր տարեշրջանի սկիզբը ակումբներէն ներս։ Այսպէս, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս, մեկնարկեց սկաուտական մասնաճիւղի նոր տարեշրջանը, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեանի կողմէ կատարուած ջրօրհնէքի արարողութեամբ։ Ներկայ եղան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան եւ Գոքինիոյ մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ սկաուտական խորհուրդներու անդամներ։ Արարողութենէն ետք, Շրջ. վարչութեան փոխատենապետ եղբ. Հայկազ Տէօքմէճեան անդրադարձաւ սկաուտական գործունէութեան կարեւորութեան եւ վեր առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական վսեմ շարժումը։ Ապա, մասնաճիւղի խմբապետ եղբ. Վիգէն Մինասեան բարի գալստեան խօսքով շնորհաւորեց փոքրիկները եւ անոնց ծնողները։
***
Նոյն օրուայ երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աթէնքի սկաուտական մասնաճիւղի տարեշրջանի բացումը “Արամ Մանուկեան” ակումբէն ներս, Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեանի կողմէ կատարուած ջրօրհնէքի արարողութեամբ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շրջանային խորհուրդէն եղբայր Արիս Գարճեան եւ Շրջանային խմբապետ եղբ. Օննիկ Աւագեան իրենց մաղթանքները փոխանցեցին մասնաճիւղի բոլոր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, ինչպէս նաեւ ծնողներուն։ Ներկայ եղան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. Վարչութեան անդամ քոյր Արշա Սամուէլեան, շրջանի վարչութեան անդամներ եւ մեծ թիւով ծնողներ։ Յաջորդեցին փոխանցման արարողութիւններ։
Այս տարեշրջանին, աւելի քան 200 եկսեռ պատանիներ կը մասնակցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական մասնաճիւղերու գործունէութեան։
***
Կիրակի՝ 6 Հոկտեմբերի առաւօտուն, մօտ 100 սկաուտներ Աթէնքի եւ Գոքինիոյ մասնաճիւղէն կատարեցին իրենց տարեշրջանի առաջին արշաւ-խաղը՝ Գարէայի «Ազատամարտ» ակումբին մէջ։ Առաւօտ կանուխ հասնելով ակումբ, սկաուտները իրենց տարիքին եւ խումբին համեմատ, մասնակցեցան զանազան սկաուտական զբաղումներու, խաղերու եւ գիտելիքներու փոխանակման։ Հետազօտող երեց սկաուտները ճամբայ ելան դէպի Իմիթոս լեռը, ուր բնութեան մէջ զբաղեցան սկաուտական զանազան գիտելիքներով։ Կէսօրին, բոլոր մասնակցողները ճաշի նստան, ապա շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը ակումբին մէջ այլ խաղերով մինչեւ երեկոյ։
ՄԱՐԶԱԿԱՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան պատրաստութեամբ, «Ազատ Օր»ին մէջ լոյս տեսաւ Աթէնքի եւ Գոքինիոյ մասնաճիւղերու 2019-2020 մարզական տարեշրջանի գործունէութեան մանրամասն պատկերը, որուն մէջ տեղ գտած են իւրաքանչիւր մասնաճիւղի մարզական խումբերու եւ զբաղումներու մանրամասնութիւնները, փորձերու ժամերը եւ արձանագրութեանց հեռաձայնի թիւերը, ուղղուած երիտասարդ մարզիկներու եւ իրենց ծնողներուն։
Մարզական խաղերու նոր տարեշրջանի սկիզբին, ընդառաջելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ մասնաճիւղի վարչութեան հրաւէրին, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, Չորեքշաբթի` 2 Հոկտեմբեր 2019ի երեկոյեան, «Զաւարեան» կեդրոնի սրահէն ներս կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն։
Աւարտին քահանայ հայրը յաջողութիւն մաղթեց մարզիկներուն ու վարչութեան եւ վստահեցուց, թէ անոնց յաղթանակը մեր բոլորի ուրախութիւնն է ու հպարտանքը։ Ներկայ էր նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ եղբ. Հայկազ Տէօքմէճեան։ Վարչութեան կողմէ բարի գալստեան եւ յաջողութեան խօսքեր լսուեցան։
***
Կիրակի՝ 6 Հոկտեմբերի առաւօտուն, տեղի ունեցաւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետարանի կազմակերպած «5րդ պատմական վազգ»ը՝ ի յիշատակ Փոքր Ասիոյ աղէտին։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս մասնակցեցաւ մօտ 60 մարզիկներով, 5 քիլոմեթր եւ 10 քիլոմեթր վազքի մրցումներուն, որոնց ընթացքին եղբ. Գարլօ Հէլվաճեան ունեցաւ փայլուն յաջողութիւն եւ գրաւեց 5 քիլոմեթր վազքի 3րդ դիրքը՝ աւելի քան 2000 մասնակցողներու մէջէն։