Արձագանգ սկաուտական կեանքէն

­Նա­խա­պատ­րաս­տա­կան հան­դի­պում
­Կի­րա­կի՝ 12 ­Սեպ­տեմ­բեր 2021-ին, Շր­ջա­նա­յին Ս­կաու­տա­կան խոր­հուր­դի եւ խմբա­պե­տին կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Ֆիք­սի «Ա. ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բէն ներս կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի եւ ­Գո­քի­նիոյ խոր­հուրդ­նե­րու ու աս­տի­ճա­նա­ւո­րա­կան կազ­մե­րուն ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մը, ո­րուն ըն­թաց­քին մաս­նա­կից­նե­րը պատ­րաս­տե­ցին 2021-2022 տա­րեշր­ջա­նի տա­րե­կան յայ­տա­գի­րը: ­Սոյն հան­դի­պու­մին, ո­րո­շո­ւե­ցաւ եր­կու մաս­նա­ճիւ­ղե­րու բա­ցում­նե­րէն զատ, կա­տա­րել նաեւ միջ-մաս­նա­ճիւ­ղա­յին միօ­րեայ ար­շաւ մը:

­Միջ­մաս­նա­ճիւ­ղա­յին միօ­րեայ ար­շաւ
­Կի­րա­կի՝ 19 ­Սեպ­տեմ­բեր 2021-ին, Ա­յիոս Անտ­րէա­յի յու­նա­կան սկաու­տա­կան բա­նա­կա­վայ­րին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ տա­րե­կան ա­ռա­ջին միջ­մաս­նա­ճիւ­ղա­յին միօ­րեայ ար­շա­ւը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան 110 քոյ­րեր եւ եղ­բայր­ներ:
Ար­շա­ւին նպա­տակն էր՝ եր­կու տա­րո­ւան կա­նո­նա­ւոր հա­ւա­քոյթ­նե­րէ եւ ար­շաւ­նե­րէ զրկո­ւե­լէն ետք, ինչ­պէս նաեւ եր­կու տա­րո­ւան ա­մառ­նա­յին բա­նա­կում­նե­րու չե­ղար­կում­նե­րէն ետք, քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայր­նե­րուն մէջ վե­րա­կեն­դա­նաց­նել սկաու­տա­կան ո­գին, ու­րախ ժա­մանց ու­նե­նալ եւ սկաու­տա­կան գի­տե­լիք­նե­րը վեր­յի­շել:
Ար­շա­ւը սկսաւ դրօ­շա­կի ա­րա­րո­ղու­թեամբ: Շր­ջա­նա­յին խմբա­պետ եղբ. Օն­նիկ Ա­ւա­գեան բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լէ ետք, կոճ­ղի մը վրայ կա­ցին մը գա­մե­լով, 2021-2022 սկաու­տա­կան տա­րեշր­ջա­նի բա­ցու­մը յայ­տա­րա­րեց: Ա­պա, խմբակ­նե­րը ի­րենց պա­տաս­խա­նա­տու աս­տի­ճա­նա­ւոր­նե­րուն հետ, կա­տա­րե­ցին ի­րենց յայ­տա­գի­րը:
Եր­կու մաս­նա­ճիւ­ղե­րու խոր­հուրդ­նե­րու ան­դամ­նե­րը, վոհ­մա­կի (գայ­լիկ-ար­ծո­ւիկ) բո­լոր քոյ­րեր- եղ­բայր­նե­րուն յանձ­նե­ցին կա­ւէ ծաղ­կա­ման­ներ եւ ի­րենք, պա­տաս­խա­նա­տու աս­տի­ճա­նա­ւոր­նե­րուն օգ­նու­թեամբ, գու­նա­ւո­րե­լով եւ հող լեց­նե­լով, ցա­նե­ցին մէ­կա­կան բոյս: Այս գոր­ծու­նէու­թեամբ, փոք­րիկ­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան սոր­վե­լու բոյ­սե­րու հո­գա­տա­րու­թեան մա­սին:
­Խում­բի պա­տաս­խա­նա­տու աս­տի­ճա­նա­ւո­րա­կան կազ­մը, պատ­րաս­տած էր խա­ղեր, ո­րոնց ըն­թաց­քին քոյ­րե­րը եւ եղ­բայր­նե­րը ստա­ցան զա­նա­զան սկաու­տա­կան գի­տե­լիք­ներ:
­Փա­ղան­քի ան­դամն­րը, ի­րենց խմբա­պետ­նե­րուն հսկո­ղու­թեամբ, վրան լա­րե­ցին եւ փայ­տէ շի­նու­թիւն­ներ պատ­րաս­տե­ցին:
Ար­շա­ւը ա­ւար­տե­ցաւ դրօ­շա­կի ա­րա­րո­ղու­թեամբ եւ փոք­րիկ­նե­րը լաւ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով ու­նե­նա­լով վե­րա­դար­ձան տուն:

­Մաս­նա­ճիւ­ղե­րու գոր­ծու­նէու­թեան բա­ցում
­Շա­բաթ՝ 18 ­Սեպ­տեմ­բե­րին եւ ­Շա­բաթ 25 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, Ա­թէն­քի եւ ­Գո­քի­նիոյ սկաու­տա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րը կա­տա­րե­ցին ի­րենց պաշ­տօ­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի բա­ցու­մը:
Ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ներ­կայ էին Ա­թէն­քի եւ ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շր­ջա­նա­յին եւ տեղ­ւոյն վար­չու­թիւն­նե­րու ան­դամ­ներ, Շր­ջա­նա­յին եւ տեղ­ւոյն խոր­հուրդն­րու ան­դամ­ներ եւ Շր­ջա­նա­յին խմբա­պե­տը:
Դ­րօ­շա­կի ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, հո­գե­ւոր հայ­րե­րը ա­ղօթ­քի եւ ջրօրհ­ներ­քի ա­րա­րո­ղու­թեամբ օրհ­նե­ցին մաս­նա­ճիւ­ղե­րը եւ ա­նոնց բո­լոր ան­դամ­նե­րը:Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը բա­րի վե­րա­մուտ մաղ­թե­լէ ետք, սրտի խոր կսկի­ծով, քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայր­նե­րուն ծա­նու­ցե­ցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ եղբ. Ար­ման­տօ ­Թոր­գո­մեա­նի կան­խա­հաս մա­հը եւ կար­դա­ցին իր յի­շա­տա­կե­լի կեն­սագ­րու­թիւ­նը:
­Բա­ցու­մի ըն­թաց­քին կա­տա­րո­ւե­ցան նաեւ փո­խանց­ման, խոստ­ման, երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ ու վոհ­մա­կի միաստ­ղի տու­չու­թիւն:
­Գո­քի­նիոյ մաս­նա­ճիւ­ղի աս­տի­ճա­նա­ւո­րա­կան կազ­մի քոյ­րեր ­Մար­լէն ­Տէր ­Ղա­զա­րեան, Ա­ղաւ­նի ­Յա­րու­թիւ­նեան եւ ­Տիա­նա ­Պօ­ղո­սեան ստա­ցան փա­ղան­քի բարձր աս­տի­ճա­նի հաս­տա­տա­գի­րը՝ ծա­ռա­յու­թեան յա­տուկ փաս­տա­թուղ­թը: Ա­պա, բո­լոր քոյ­րեր եւ եղ­բայր­նե­րը ան­ցան ի­րենց շա­բա­թա­կան հա­ւա­քոյ­թի յայ­տա­գի­րին:

­Հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն
­Կի­րա­կի՝ 3 ­Հոկ­տեմ­բեր 2021-ին, ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը կա­տա­րեց հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ եղբ. Ար­ման­տօ ­Թոր­գո­մեա­նի մա­հո­ւան քա­ռա­սուն­քին, ինչ­պէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նախ­կին ա­տե­նա­պետ եղբ. ­Գառ­նիկ Մկր­տի­չեա­նի յի­շա­տա­կին: ­Հո­գե­հան­գիս­տի ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ ե­ղաւ Ա­թէն­քի եւ ­Գո­գի­նիոյ սկաու­տա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րու տա­րա­զա­ւոր տաս­նան­դամ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը:

Ար­տա­քին գոր­ծու­նէու­թիւն
2-3 ­Հոկ­տեմ­բեր 2021-ին, Ա­թէն­քի մաս­նա­ճիւ­ղի քոյ­րեր եւ եղ­բայր­նե­րը, ­Նէա Զ­միռ­նիի հրա­պա­րա­կին վրայ կա­տա­րե­ցին գոր­ծա­ծո­ւած գիր­քե­րու պա­զար: Աս­տի­ճա­նա­ւո­րա­կան կազ­մը, փա­ղան­քի ան­դամ­նե­րուն հետ, պատ­րաս­տած էին փայ­տէ շի­նու­թիւն մը, ո­րուն վրայ զե­տե­ղե­ցին վա­ճա­րե­լիք գիր­քե­րը: ­Պա­զա­րը ըն­թա­ցաւ մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ:
­Յու­նաս­տա­նի Ս­կաու­տա­կան խնա­մա­կա­լու­թեան (Σ.Ε.Π.) փա­փա­քին հե­տե­ւե­լով, ­Շա­բաթ՝ 2 եւ 9 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, ­Գո­քի­նիոյ սկաու­տա­կան մաս­նա­ճիւ­ղի ա­կում­բին մէջ դպրո­ցա­կան գոյ­քե­րու հա­ւաք կա­տա­րո­ւե­ցաւ, ո­րոնք բաժ­նո­ւե­ցան այն փոք­րիկ­նե­րուն, որ տու­ժած էին ա­նեալ ա­մառ պա­տա­հած հրդեհ­նե­րէն:
­Կի­րա­կի՝ 17 ­Հոկ­տեմ­բեր 2021-ին, Ա­թէն­քի սկաու­տա­կան խում­բի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, տե­ղի ու­նե­ցաւ սկաու­տա­կան «Open day», ­Նէա Զ­մի­ռիի պու­րա­կէն ներս: Ե­լոյ­թին հրա­ւի­րո­ւած էին բո­լոր հայ 11-15 տա­րե­կան պա­տա­նի­նե­րը, ծա­նօ­թա­նա­լու հա­մար սկաու­տա­կան կեան­քին: Օ­րո­ւան յայ­տա­գի­րը ստանց­նած էին խում­բի պա­տաս­խա­նա­տու խմբա­պետ­նե­րը, ո­րոնք զա­նա­զան սկաու­տա­կան խա­ղե­րով զբա­ղե­ցու­ցին պա­տա­նի­նե­րը:
1936-ի ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եր­կու հայ­րե­նա­կից­նե­րու մաս­նակ­ցու­թե­նէն ետք, ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.-ը ձեռք բե­րած էր ո­ղիմ­պիա­կան ա­ռա­ջին ջա­հը: ­Կի­րա­կի՝ 31 ­Հոկ­տեմ­բեր 2021-ի ա­ռա­ւօ­տեան, Ա­թէն­քի մաս­նա­ճիւ­ղէն սկաու­տա­կան ջո­կատ մը դրօ­շակ­նե­րով մաս­նակ­ցե­ցաւ ջա­հին յանձ­նու­մին ­Մա­րա­թո­նի վազ­քի թան­գա­րա­նին, ծա­նօ­թաց­նե­լով այս­պէս Հ.Մ.Ը.Մ.-ը յոյն եւ օ­տար այ­ցե­լու­նե­րուն:

Ար­ցա­խեան 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի տա­րե­լից
­Շա­բաթ՝ 23 ­Հոկ­տեմ­բեր 2021-ին, Հ.Յ.Դ.-ի ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Նէա Զ­միռ­նիի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ, Ար­ցա­խեան 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, կա­տա­րո­ւե­ցաւ զո­հո­ւած հե­րոս­նե­րու յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն, ո­րուն պաշ­տօ­նա­պէս ներ­կայ ե­ղան տա­րա­զա­ւոր քոյ­րեր եւ եղ­բայր­ներ, Շր­ջա­նա­յին խմբա­պետ եղբ. Օն­նիկ Ա­ւա­գեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ:

28 ­Հոկ­տեմ­բե­րի տո­ղանցք
­Հինգ­շաբ­թի՝ 28 ­Հոկ­տեմ­բեր 2021-ին, եր­կու տա­րո­ւայ տո­ղանցք­նե­րու չե­ղար­կու­մէն ետք, այս տա­րի եր­կու մաս­նա­ճիւ­ղե­րը, ­Նէա Զ­միր­նիի եւ ­Նի­քէա­յի քա­ղա­քա­պե­տե­րու հրա­ւեր­նե­րուն ըն­դա­ռա­ջե­լով, կա­րո­ղա­ցան ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րել ­Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին տօ­նին ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պո­ւած քա­ղա­քա­պե­տա­կան տո­ղանցք­նե­րուն: Դժ­բախ­տա­բար, հա­մա­ճա­րա­կին պատ­ճա­ռով, ըստ պե­տա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն, տո­ղանց­քը կա­տա­րո­ւե­ցաւ սահ­մա­նա­բակ թի­ւի մաս­նակ­ցու­թեամբ: Ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­ւաք ա­կումբ­նե­րէն ներս, ուր ներ­կայ էին նաեւ հո­գե­ւոր հայ­րե­րը ու Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնք ու­ղե­ցին ի­րենց խօս­քը:

ՎԻԳԷՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ