­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 106-ա­մեակի ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյթ­նե­րու ծի­րէն ներս, ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կա­ռոյց­նե­րը, գլխա­ւո­րու­թեամբ սկաու­տա­կան եւ գայ­լի­կա­կան խում­բե­րուն, ի­րենց յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցե­ցին մեր մէկ մի­լիոն ու կէս նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին։
Առ­ցանց եւ հրա­պա­րա­կա­յին յա­տուկ ե­լոյթ­նե­րով, հայ նոր սե­րուն­դը յար­գեց մեր ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թիւ­նը եւ պատ­շաճ կեր­պով ը­սաւ «ներ­կա՛յ եմ» հա­յոց պա­հան­ջա­տի­րա­կան եր­թին մէջ։

Առ­ցանց յայ­տա­գիր

­Շա­բաթ՝ 24 Ապ­րիլ 2021-ին, ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ-ի սկաուտ­նե­րու ­Դի­մա­տետ­րի է­ջին վրայ հրա­պա­րա­կո­ւե­ցաւ տե­սա­նիւթ մը, ո­րուն մէջ գայ­լի­կա­կան սե­րուն­դի մեր տղաքն ու աղ­ջիկ­նե­րը ար­տա­սա­նե­ցին ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու մաս­նիկ­ներ, մինչ յայ­տա­գի­րը ճո­խա­ցաւ նաեւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րու ներ­կա­յա­ցու­մով։ ­Մէկ առ մէկ, մեծ թի­ւով երկ­սեռ փոք­րիկ­ներ, մատ­ղաշ հա­յե­րէ­նով եւ հա­մար­ձակ հնչու­մով՝ ի­րենց պայ­քա­րի ուխ­տը յայտ­նե­ցին։

Հ­րա­պա­րա­կա­յին յար­գան­քի ե­րե­կոյ

­Նա­խա­պէս յայ­տա­րա­րո­ւած կո­չով, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Գո­քի­նիոյ եւ ­Ֆիք­սի սկաու­տա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րը հրա­ւի­րե­ցին մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը 24 եւ 25 Ապ­րի­լին այ­ցե­լել «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նը, ո­րու շրջա­բա­կին մէջ կա­ռու­ցած եւ զե­տե­ղած էին ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րի կրկնօ­րի­նա­կը։ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 106-րդ ­տա­րե­լի­ցին, մեր սկաուտ­նե­րը հրա­ւի­րե­ցին բո­լո­րին՝ փունջ մը ծա­ղիկ զե­տե­ղե­լու ­Հա­յոց Ե­ղեռ­նի զո­հե­րու յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող յու­շա­կո­թո­ղի կրկնօ­րի­նա­կին առ­ջեւ։ ­Մեծ թի­ւով ծնող­ներ եւ հայ­րե­նա­կից­ներ, եր­կու օ­րո­ւան ըն­թաց­քին, ըն­դա­ռա­ջե­ցին սկաուտ­նե­րու գե­ղե­ցիկ յղա­ցու­մին ու աշ­խա­տան­քին, ներ­կայ ե­ղան եւ ծա­ղիկ խո­նար­հե­ցին։
Ըն­դա­ռա­ջե­լով սկաու­տա­կան խմբա­պե­տու­թեան հրա­ւէ­րին, ­Կի­րա­կի՝ 25 Ապ­րիլ 2021-ի ե­րե­կո­յեան, «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րոն այ­ցե­լեց ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան։ ­Մուտ­քին դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ Շրջ. վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րուն եւ սկաու­տա­կան կազ­մե­րու պա­տո­ւոյ ջո­կա­տին կող­մէ։
Եղբ. ­Հայ­կազ ­Տէօք­մէ­ճեա­նի բա­րի գալս­տեան խօս­քէն ետք, ող­ջու­նե­լով Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին սկաու­տա­կան խոր­հուր­դի եւ խմբա­պե­տա­կան կազ­մի ջան­քե­րով պատ­րաս­տո­ւած ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի նմա­նա­կին ան­շէջ կրա­կին ա­ռաջ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­լու եւ ծա­ղիկ զե­տե­ղե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը ա­ռա­ջին հեր­թին անդ­րա­դար­ձաւ ընդ­հան­րա­պէս Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կա­նի նա­խա­ձեռ­նող, կազ­մա­կեր­պող, կա­ռու­ցող յատ­կու­թիւն­նե­րուն, ա­պա նշեց, թէ այս ձեռ­նար­կը ցոյց կու­տայ, որ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը ո՛չ միայն հայ­րե­նի­քի մէջ, ուր կը գտնո­ւի ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րը, հայ­րե­նի մեր ժո­ղո­վուր­դին կեան­քին, հո­գիին ու խղճին մէջ մնա­յուն ներ­կա­յու­թիւն է, այ­լեւ աշ­խար­հաս­փիւռ պայ­ման­նե­րուն մէջ հա­յու­թեան վե­րապ­րող սե­րունդ­նե­րը եւս ի­րենց կեան­քին, հո­գիին ու խղճին մէջ ար­ծարծ կը պա­հեն նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը եւ հա­ւա­տա­րիմ կը մնան ա­նոնց կտա­կին։
Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կա­նը ըլ­լա­լով հան­դերձ հա­մաշ­խա­րա­հա­յին սկաու­տա­կան եւ մար­զա­կան միու­թիւնն­նե­րու մէկ միա­ւո­րը, մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ իւ­րա­յա­տուկ ա­ռա­քե­լու­թիւն ու­նի։ Ե­թէ սկաու­տա­կան մի­ջազ­գա­յին շար­ժու­մին կար­գա­խօս­նե­րէն է՝ ա­ռողջ մար­մին ա­ռողջ միտք, Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կա­նի պա­րա­գա­յին կ­՚ա­ւել­նայ նաեւ ազ­նիւ հո­գի։ Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան կը նշա­նա­կէ նկա­րա­գիր, ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւն եւ միշտ պատ­րաստ ան­սա­կարկ եւ բա­րի ծա­ռա­յու­թեան։ Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան ըլ­լա­լը ե՛ւ պա­տիւ է ե՛ւ պար­տա­կա­նու­թիւն է։
Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կա­նը կը սկսի տա­րա­զա­ւոր, սա­կայն, տա­րա­զի շրջա­նը անց­նե­լէ ետք, ան­տա­րազ կը շա­րու­նա­կէ իր հա­յա­նո­ւէր եւ ամ­բող­ջա­նո­ւէր ծա­ռա­յու­թիւ­նը, եզ­րա­փա­կեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը։

Առ­ցանց դա­սա­խօ­սա­կան ե­լոյթ

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ապ­րի­լեան յի­շա­տա­կի ե­լոյթ­նե­րու շար­քը ամ­բող­ջա­ցաւ առ­ցանց դա­սա­խօ­սու­թեամբ, որ կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան կող­մէ եւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Կի­րա­կի՝ 25 Ապ­րիլ 2021-ի ե­րե­կո­յեան։ ­Ներ­կայ ե­ղան ­Միու­թեան ա­ւե­լի քան 30 ան­դամ­ներ, Շրջ. վար­չու­թեան եւ տե­ղա­կան վար­չու­թիւն­նե­րու ան­դամ­ներ, ե­րէց Հ.Մ.Ը.Մ.-ա­կան­ներ եւ մա­նա­ւանդ՝ սկաուտ աս­տի­ճա­նա­ւոր­ներ, ո­րոնց ա­ռա­ւե­լա­բար ուղ­ղո­ւած էր օ­րո­ւան նիւ­թը։
Շրջ. վար­չու­թեան փո­խա­տե­նա­պետ եղբ. ­Հայ­կազ ­Տէօք­մէ­ճեան բա­ցու­մը կա­տա­րեց առ­ցանց ե­լոյ­թին ու բա­ցատ­րեց ա­նոր ի­մաս­տը եւ նպա­տա­կը։
­Յա­ջոր­դա­բար, եղբ. ­Քե­րոբ Է­քի­զեան ներ­կա­յա­ցուց «­Հայ մարմ­նա­մար­զի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ճա­կա­տագ­րա­կան տա­րի­նե­րը 1915-1922 ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին» նիւ­թը։ Այն յատ­կա­պէս ընտ­րո­ւած էր օ­րուան խոր­հուր­դին հա­մա­ձայն, ծա­ւա­լե­լու հա­մար պատ­մա­կան այն ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք պա­տա­հե­ցան հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­մէ­նէն ճա­կա­տագ­րա­կան տա­րի­նե­րուն։
­Դա­սա­խօ­սը ներ­կա­յա­ցուց Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան ու յատ­կա­պէս ­Պոլ­սոյ մէջ հայ սկաու­տու­թեան եւ մարմ­նակր­թու­թեան փայ­լուն զար­գա­ցու­մը, որ 1915-ին խո­ցո­ւե­ցաւ՝ նախ հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու եւ ե­րե­ւե­լի ան­ձե­րու ձեր­բա­կա­լու­թեամբ, ա­պա հա­յու­թեան վրայ գոր­ծո­ւած ա­հա­ւոր ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեամբ։
­Յա­տուկ կեր­պով ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմ­նադ­րու­թեան ե­ղե­լու­թիւ­նը 1918-ին, մար­զա­կան եւ սկաու­տա­կան վե­րած­նուն­դը, որ յան­գե­ցաւ նաեւ ­Միու­թեան ծա­ւա­լու­մին ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ։ ­Պատ­մա­կան ներ­կա­յա­ցու­մը հա­սաւ մին­չեւ 1922 թո­ւա­կա­նը, երբ քե­մա­լա­կան շար­ժու­մի ու ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ դար­ձաւ տա­րաս­փիւռ կազ­մա­կեր­պու­թիւն, սա­կայն վեր­ջին ե­րե­սուն տա­րի­նե­րուն այն փա­ռա­ւո­րա­պէս վե­րա­դար­ձաւ վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ, իր 100-ա­մեայ վաս­տա­կը վե­րա­հաս­տա­տե­լով հայ­րե­նի սուրբ հո­ղին վրայ։
­Դա­սա­խօ­սու­թեան ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան մեծ թի­ւով նկար­ներ, ո­րոնք յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն ցոյց կու տա­յին մար­զա­կան եւ սկաու­տա­կան ծաղ­կուն կեանք մը, որ ընդ­միշտ վե­րա­ցաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ող­բեր­գու­թեան պատ­ճա­ռով իր պատ­մա­կան հո­ղե­րուն վրայ։
­Հար­ցում­նե­րու եւ զրոյ­ցի մի­ջո­ցով, մաս­նա­կից­նե­րը ի­րենց մտա­ծում­նե­րը ար­տա­յայ­տե­ցին հե­տաքրք­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­մի ա­ւար­տին։

ԹՂԹԱԿԻՑ