Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի 82-րդ Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի՝ 3 Հոկտեմբեր 2021-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» զոյգ սրահներէն ներս։
Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը, Ֆիքսի «Ռուբինա», Գոքինիոյ «Սօսէ», Ֆալիրոյի «Նայիրի», Գարէա-Կեսարիանիի «Աղթամար» եւ Աթէնքի «Ծովինար» մասնաճիւղները՝ շրջաններէն ընտրուած իրաւասու եւ խորհրդակցական ձայներ ներկայացնող պատգամաւորներով:
Պատգամաւորական ժողովին ներկայ եղան Յունաստանի հայոց Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Յարութ Սերոբեան, որոնք իրենց ողջոյնի խօսքը ուղղեցին Պատգամաւորական ժողովին: Ներկայ եղան նաեւ՝ «Զաւարեան», «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» եւ «Ճէնազեան» վարժարաններու տնօրէնները, Հ.Կ.Խաչի վաստակաւոր ընկերուհիները, «Արմենիքա» պարբերաթերթի ներկայացուցիչ Վերժին Կարապետեան եւ «Ազատ Օր»ի խմբագիրը:
Covid-19 համավարակի պարտադրուած սահմանափակումներու պատճառով գաղութի միութենական կառոյցներու կողմէ գրաւոր ողջոյնի խօսքեր ուղղեցին Հ.Գթ. Խաչի Մակետոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային վարչութիւնը, «Համազգային»ի ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութիւնները, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութիւնը:
82-րդ Պատգամաւորական Ժողովի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Լիզէթ Գիրազեանի կողմէ:
Ընկերուհին անդրադառնալով անցած նստաշրջանին նշեց, որ սովորական նստաշրջան մը չէր: Սուրիոյ պատերազմը ընթացքի մէջ էր, որուն արդէն իբրեւ միութիւն կը փորձէր օգտակար ըլլալ: Անոր յաջորդեց լիբանահայութեան ճգնաժամը ու Covid-19 համաճարակը, ապա՝ Արցախի 44-օրեայ ահաւոր պատերազմը:
Շարունակելով ըսաւ, որ համաճարակի սահմանափակումներու պատճառով այս տարեշրջանին առիթը չունեցաւ միութիւնը հոգեհանգստեան պաշտոնով յարգել յիշատակը իր բարերարներուն ու կրթական մշակներուն: Այդպէս, ընկերուհին հրաւիրեց ժողովականները մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Հ. Կ. Խաչի բարերարներու, վարժարաններու կրթական մշակներու եւ վաստակաւոր ընկերուհիներու, ինչպէս նաեւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին զոհուածներուն յիշատակը: Ապա, հրաւիրեց Սրբազան հայրը աղօթքով մը յարգել անոնց յիշատակը:
Վերջացնելով իր խօսքը, ընկերուհին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնաճիւղներու ընկերուհիներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անդամներուն իրենց գործունէութեան եւ գործակցութեան համար:
Ժողովի մասնակցողներու լիազօրագրերու քննութենէն ետք, ստուգուեցաւ ժողովի օրինաւորութիւնը: Ապա՝ տեղի ունեցաւ մնայուն դիւանի ընտրութիւնը:
Նախագահի պաշտօնին համար ընտրուեցան ընկերուհիներ Նորա Քիւրտօղլեան եւ Լիզա Աւագեան: Քարտուղարներ՝ ընկերուհիներ Շողիկ Պապօղլեան եւ Աննա Գազանճեան:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ արխիւային, բանաձեւի, նախահաշիւի յանձնախումբերու կազմերու ընտրութիւնը:
Ողջոյնի խօսքեր
Սրբազան հայրը իր հայրական խօսքը ուղղեց ժողովականներուն՝ նշելով, թէ Հ.Օ.Մ.ը իր աշխարհատարած կառոյցով կը վայելէ բոլորին յարգանքը եւ գուրգուրանքը: Սրբազանը շեշտեց կարեւորութիւնը Հ.Կ.Խաչի բազմատեսակ գործունէութեան եւ զայն համեմատեց որպէս գաղութի կարեւոր երակը եւ մաղթեց, որ միութեան վարկը եւ վաստակը միշտ բարձր պահել, ինչպէս եղած է մինչեւ օրս նախորդ սերունդներուն կողմէ: «Հ. Կ. Խաչը կոչուած է կամաւոր, նուիրեալ եւ կարգապահական աշխատանքով նոր սերունդներ պատրաստելու, հին ու նոր սերունդները իրարու շաղախելով», աւելցուց Առաջնորդ Սրբազան հայրը:
Յաջորդաբար, բոլոր հրաւիրեալներու ողջոյնի խօսքերուն մէջ նշմարելի էր շնորհաւորական ու գնահատանքի արտայայտութիւնները, միութեան տարած գործունէութեան համար, իսկ բոլոր ազգային ու միութենական ներկայացուցիչները նշեցին, թէ համաճարակի պատճառով ստեղծուած կացութիւնը եւ մեր հայրենիքի ապրած պատերազմն ու անոր տխուր աւարտը, նոր մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնեն բոլորս սփիւռքի մէջ: Այս դժուար իրականութեան առջեւ, մեր միութիւնները պարտին եւ պատրաստ են առաւել կազմակերպուածութեամբ, բարձր տրամադրութեամբ եւ նոր ծրագրումներով համախմբուելու եւ գործի լծուելու:
Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան ողջոյնի խօսք
Նաեւ Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ ընկերուհիներ Թալին Մկրտիչեան եւ Նայիրի Տէրտէրեան, առցանց կապ հաստատելով, իրենց ողջոյնի խօսքը ուղղեցին ժողովականներուն:
Ընկ. Թալին Մկրտիչեան յայտնեց, որ վերջին տարիներուն Հ.Օ.Մ.ը պարտաւորուեցաւ յատուկ պայմաններու տակ գործել: Անդրադարձաւ մասնաւորապէս թագաժահրի համաճարակին ու անոր հետեւանքներուն, Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումին եւ վերջապէս Արցախի 44-օրեայ պատերազմին՝ միութեան գործունէութեան մասին: Կեդր. վարչութեան ներկայացուցիչը զեկուցեց Հ.Օ.Մ.ի Կեդր. վարչութեան մարդասիրական-խնամատարական երկամեայ ծրագիրներու մասին, որոնք կը գործադրուին Հայաստանի ու Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ սփիւռքի տարբեր գաղութներու տարածքին: Ընկերուհին յաջողութիւն մաղթեց Պատգամաւորական ժողովի աշխատանքներուն եւ ըսաւ որ շինիչ որոշումները պիտի ձեւաւորեն յառաջիկայ նստաշրջանի նպաստաւոր գործունէութիւնը: Առցանց կապի ընթացքին նաեւ Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Նայիրի Տէրտէրեան իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց Պատգամաւորական ժողովին եւ յաջողութիւն մաղթեց միութեան աշխատանքներուն:
Հ.Կ.Խաչի վարժարաններու տնօրէններու զեկոյցներ
Ժողովին ներկայ եղող «Զաւարեան» նախակրթարանի տնօրէնուհի ընկ. Հայկանուշ Մինասեան, «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» նախակրթարանի տնօրէն ընկ. Բաբգէն Գասապեան եւ «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» միջնակարգի տնօրէնուհի ընկ. Արշալոյս Սափրիչեան ամփոփ զեկոյցներով լոյս սփռեցին վարժարաններու աշակերտութեան թիւին, վարժարաններու դիմագրաւած առօրեայ հարցերուն եւ գործադրուող ծրագիրներուն շուրջ։
Օրակարգերու քննարկում
Ապա՝ ժողովը անցաւ իր օրակարգերու քննարկման: Կարդացուեցաւ Յունաստանի Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան գործունէութեան տեղեկագիրը եւ նիւթական հաշուեկշիռը, որոնց յաջորդեցին լուսաբանական հարցումներ:
Ժողովը լսելէ ետք Շրջանային Վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը երկարաձգուած նստաշրջանին ընթացքին համաճարակի պատճառած դժուարութիւններուն հանդերձ՝ գնահատեց միութեան նպատակներուն ծառայելու եւ Հ. Կ. Խաչի կրթական-խնամատարական հիմնական առաքելութեան ու կոչումին համապատասխան աշխատանք ծաւալելու ճիգը։
Քննելով կազմակերպչական օրակարգը՝ կարեւորութեամբ նշուեցաւ, թէ անյետաձգելի է երիտասարդ անդամուհիներ ներգրաւելու անհրաժեշտութիւնը, անոնց առիթը տալով յանձնախումբերու մէջ անդամակցելով, գործնական մասնակցութիւն ունենալու միութեան ծրագրումներուն եւ իրագործումներուն:
Նշուեցաւ, որ միութեան գործունէութիւնը պէտք է շարունակէ ըլլալ աշխուժ՝ խնամատարական ու բարեսիրական նախաձեռնութիւններով, Լիբանանի, Սուրիոյ, Հայաստան-Արցախի ծրագիրներու մասնակցութեամբ, քարոզչական-յարաբերական (ներքին եւ արտաքին) աշխատանքով ու հայակրթութեամբ:
Օրակարգի նիւթ դարձաւ նաեւ Հ.Կ.Խաչի կանոնագիրը: Նախորդ Պատգամաւորական ժողովը պարտք դրած էր 82-րդ Պատգամաւորական ժողովին վերանայելու եւ բարեփոխումներ կատարելու միութեան կանոնագրին: Եղան որոշ բարեփոխումներ, որոնք քուէարկուեցան եւ վաւերածուեցան:
Յաջորդեց՝ նախահաշիւի եւ պիւտճէի քուէարկումը ու բանաձեւերու քուէարկումը:
Նոր կազմի ընտրութիւն
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ 2021-2023 նստաշրջանի 9 անդամ Շրջանային վարչութեան ընտրութիւնը:
Այսպէս, ընտրուեցան հետեւեալ ընկերուհիները.-
Աւագեան Լիզա, Աճէմեան Ազնիւ, Գէորգեան Մարի-Ռոզ, Խտրեան Մերի, Մանկոյեան Զարուհի, Միքայէլեան Կարինէ, Յարութիւնեան Ալիս, Փափազեան Ալիս, Քիւրտօղլեան Նորա։
Փոխ անդամ ընտրուեցան ընկերուհիներ Գազանճեան Աննա եւ Պապօղլեան Շողիկ։
Ժողովը շնորհաւորական եւ յաջողութեան մաղթանքներ փոխանցելով նորընտիր Շրջանային Վարչութեան, փակեց իր աշխատանքները Հ. Կ. Խաչի քայլերգով: