Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի 80րդ Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի՝ 4 Նոյեմբերին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» զոյգ սրահներէն ներս։
Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը, Ֆիքսի «Ռուբինա», Գոքինիոյ «Սօսէ», Ֆալիրոյի «Նայիրի», Գարէա-Կեսարիանիի «Աղթամար» եւ Աթէնքի «Ծովինար» մասնաճիւղները՝ շրջաններէն ընտրուած իրաւասու եւ խորհրդակցական ձայներ ներկայացնող պատգամաւորներով: Ներկայ էին նաեւ Միութեան կեդրոնական յանձնախումբերու անդամներ եւ Շրջանային Վարչութեան կողմէ հրաւիրեալներ:
Հրաւիրուած էին ու ներկայ եղան նաեւ գաղութի ազգային ու միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչներ՝ Առաջնորդ Սրբազան Գեղամ Արք. Խաչերեան, Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Լիզա Աւագեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Քերոբ Էքիզեան, յունահայոց Ազգային Վարչութեան եւ Ուսումնական Խորհուրդի ներկայացուցիչ Թագւոր Յովակիմեան, «Համազգային»ի Շրջանային Վարչութեան անդամ Վերժին Կարապետեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Արշա Մանուկեան, «Լ. եւ Ս. Յակոբեան», «Զաւարեան» եւ «Ճէնազեան» վարժարաններու տնօրէնները եւ «Ազատ Օր»ի տնօրէնը:
Նկատի առնելով՝ որ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Պատգամաւորական Ժողովի թուականը կը զուգադիպէր Հ.Կ.Խաչի Պատգամաւորական Ժողովին, Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը նամակով մը Հ.Կ. Խաչի 80րդ Պատգամաւորական Ժողովի դիւանին եւ Շրջանային Վարչութեան իր յաջողութեան մաղթանքները յղեց: 80րդ Պատգամաւորական Ժողովի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Լիզէթ Գիրազեանի կողմէ: Ընկերուհի ատենապետուհին՝ ժողովը բացուած յայտարարելով, հրաւիրեց ժողովականները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու մեզմէ առյաւետ բաժնուած Հ. Կ. Խաչի բարերարները, մեր վարժարաններու կրթական մշակները եւ վաստակաւոր ընկերուհիներու յիշատակը: Յաջորդաբար, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնաճիւղներու ընկերուհիներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անդամներուն իրենց գործունէութեան եւ գործակցութեան համար:
Ժողովի մասնակցողներու լիազօրագրերու քննութենէն ետք, ստուգուեցաւ ժողովի օրինաւորութիւնը: Ապա՝ տեղի ունեցաւ մնայուն դիւանի ընտրութիւնը: Նախագահի պաշտօնին համար ընտրուեցան ընկերուհիներ Մարի-Ռոզ Գէորգեան եւ Զարմինէ Քիւրտօղլեան: Քարտուղարներ՝ ընկերուհիներ Շողիկ Պապօղլեան եւ Էվա Պէրպէրեան:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ արխիւային, բանաձեւի, նախահաշիւի յանձնախումբերու կազմերու ընտրութիւնը:
Ողջոյնի խօսքեր
Սրբազան Հայրը, ուշադրութեամբ լսելէ ետք միութեան երկամեայ տեղեկագիրը, իր հայրական խօսքը ուղղեց ժողովականներուն՝ նշելով, թէ Հ.Օ.Մ.ը իր աշխարհատարած կառոյցով կը վայելէ բոլորին յարգանքը եւ գուրգուրանքը: Միութիւնը պատմութեան մէջ գործնականօրէն տեղ տուաւ հայ կնոջ, արժեւորեց անոր գոյութիւնը ու շարունակեց հայ կնոջ պատմական դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին: Հ. Կ. Խաչը՝ Յունաստանի շրջանի Հ.Օ.Մ.ի կառոյցը, կոչուած է կամաւոր, նուիրեալ եւ կարգապահական աշխատանքով նոր սերունդներ պատրաստելու, հին ու նոր սերունդները իրարու շաղախելով:
Անդրադառնալով Հ.Կ.Խաչի վարժարաններուն՝ նշեց, որ բոլոր ազգային եւ միութենական կառոյցներու յատուկ հոգատարութեան եւ գուրգուրանքի առարկան պէտք է դարձնել զանոնք, քանի հոն կը կերտուի գաղութի ապագան:
Իր կարգին Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը շեշտեց միութեան ուժեղացման եւ նոր անդամներու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը, ինպէս նաեւ՝ Հ. Կ. Խաչի ազգային վարժարաններու գոյատեւման եւ աշխուժացման կարեւորութիւնը:
Բոլոր հրաւիրեալներու ողջոյնի խօսքերուն մէջ նշմարելի էր շնորհաւորական ու գնահատանքի արտայայտութիւնները, միութեան տարած գործունէութեան համար, իսկ բոլոր ազգային ու միութենական ներկայացուցիչները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին՝ զօրավիգ կանգնելու Հ. Կ. Խաչին եւ միասնականութեամբ դերակատար հանդիսանալու, որ յաղթահարւին բոլոր այժմու դժուարութիւնները։
Օրակարգերու քննարկում
Ապա՝ ժողովը անցաւ իր օրակարգերու քննարկման: Կարդացուեցաւ Յունաստանի Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան երկամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը եւ նիւթական հաշուեկշիռը, որոնց յաջորդեցին լուսաբանական հարցումներ:
Ժողովը լսելէ ետք Շրջանային Վարչութեան երկամեայ նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, գնահատեց միութեան նպատակներուն ծառայելու եւ Հ. Կ. Խաչի կրթական-խնամատարական հիմնական առաքելութեան ու կոչումին համապատասխան աշխատանք ծաւալելու ճիգը։
Կազմակերպչականի գլուխին տակ կարեւորութեամբ նշուեցաւ, թէ մասնաճիւղները պէտք է ներգրաւեն երիտասարդ անդամուհիները, անոնց առիթը տալով գործնական մասնակցութիւն ունենալու միութեան ծրագրումներուն եւ իրագործումներուն: Այս օրակարգին մէջ՝ ընդհանուր նկատառումներ կատարուեցան նաեւ միութեան կազմակերպչական հարցերու շուրջ եւ քննարկուեցան տեղական միաւորներու վերաբերող հարցեր:
Գրաւոր եւ բանաւոր քարոզչութեան օրակարգին մէջ շեշտուեցաւ, թէ պէտք է զարկ տալ յոյն հասարակութեան տեղեկատուութեան աշխատանքին մեր միութեան նպատակներուն ու գործունէութեան ծալքերը ներկայացնելով, իսկ նոյն ուղղութեամբ ու շարունակական տեղեկատուութեամբ իրազեկ դարձնել մեր հայրենակիցները միութեան ծաւալած գործունէութեան մասին:
Կրթադաստիարակչական
Ժողովին ներկայ եղող «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» միջնակարգի տնօրէն ընկ. Բաբգէն Գասապեան, «Զաւարեան» նախակրթարանի տնօրէնուհի ընկ. Հայկանուշ Մինասեան եւ «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» նախակրթարանի տնօրէն ընկ. Ռիքարտօ Երկանեան, ամփոփ զեկոյցներով, լոյս սփռեցին վարժարաններու աշակերտութեան թիւին, վարժարաններու դիմագրաւած առօրեայ հարցերուն եւ գործադրուող ծրագիրներուն շուրջ։ Զեկոյցներու կարեւոր բաժին մը տրամադրուեցաւ նոր աշակերտութիւն ներագրաւելու կարեւոր աշխատանքի հեռանկարին:
Գոհունակութեամբ նշուեցաւ վարժարանային համակարգէն ներս Հ. Կ. Խաչի անսակարկ նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը այս նստաշրջանին եւս:
Հ.Կ.Խաչի սահմանած մրցանակները կը շարունակեն բերել իրենց դրական բարոյական ներդրումը: Այս նստաշրջանին եւս միութիւնը յատկացուց յատուկ կրթաթօշակներ երեք վարժարաններու վերջին դասարաններու հայերէնի յատուկ ճիգ ընող եւ ազգային գիտակցութիւն ցուցաբերող աշակերտներուն:
Իր մասնաճիւղներու վարչութիւններուն կամ անդամուհիներու միջոցաւ Հ.Կ.Խ.ը հովանաւորած է ու ստանձնած կարիքաւոր աշակերտներու ուսման սակերը:
Հ. Կ. Խաչի գրասենեակ
Հ. Կ. Խաչի գրասենեակը ունի իր քարտուղարը: Անջատ քարտուղարութեան պաշտօնեայէն, Հ. Կ. Խաչը կը գործակցի փորձառու հաշուապահի եւ փաստաբանուհիի մը հետ:
Գործունէութիւն
Միութեան գործունէութիւնը կը ծաւալի հետեւեալ ենթաբաժիններուն.-
Միութեան եւ անոր մասնաճիւղներու կազմակերպչական աշխատանքով, խնամատարական ու բարեսիրական նախաձեռնութիւններով, Հայաստան -Արցախի ծրագիրներու մասնակցութեամբ, գրաւոր եւ բանաւոր քարոզչութեամբ, յարաբերական (ներքին եւ արտաքին) աշխատանքով ու հայակրթութեամբ:
Միութիւնը որդեգրեց յանձնախմբային դրութիւնը եւ անոնց գործունէութիւնը առաւելապէս արդիւնաւորուեցաւ:
Խնամատարական բաժնէն ներս կը շարունակուին նպաստները կարիքաւոր մեր հայրենակիցներուն համար: Մասնաճիւղները ստանձնեցին Արցախի ազատամարտիկներու ծնողազուրկ փոքրերու հոգատարութիւնը: Առողջական կարիքներով հայրենակիցներուն օգնութիւն տրուած է, ինչպէս նաեւ Ապրիլ 24ի ընթացքին իրագործուած արիւնատուութեան արշաւէն գոյացած արեան պահեստէն՝ բազմապատիկ քանակութեամբ օգտուած են արեան կարիքը ունեցող հայրենակիցներ:
Իր պատրաստակամութիւնը ցուցաբերած է օգնութեան ձեռք երկարելու քոյր միութիւններուն՝ ըլլայ ան նիւթական թէ բարոյական։
Դիմատետրի միջոցաւ բազմապատկած է իր համակիրները։
Հրատարակած է Հ. Կ. Խաչի Էջը «Ազատ Օր»ին մէջ, ներառելով կնոջական, այժմէական ու այլ նիւթեր։
«Մայրերու Օր»ուան առիթով կազմակերպած է հրապարակային երեկոյ՝ հրաւիրելով հայկական ծագում ունեցող իրաւաբան Ֆեթիյհէ Չեթինը:
Հ. Կ. Խաչը իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Հ.Օ.Մ.ի Հայաստանեան եւ Արցախեան ծրագիրներուն:
Երեւանի վիրաւոր եւ հաշմանդամ զինուորներու վերականգնողական հիւանդանոցին անկողիններ գնելու Հ.Օ.Մ.ի ծրագրին մասնակցեցաւ 3 անկողիններու գումարը ապահովելով մեր հայրենակիցներու աջակցութեամբ:
Ամէն տարի իր յարգանքի տուրքը կը մատուցէ Հ. Կ. Խաչի բարերարներուն, վարժարաններու կրթական մշակներուն եւ վեթերան ընկերուհիներուն հոգեհանգստեան արարողութեամբ:
Այս նստաշրջանին երկու մեծագումար նուիրատուութիւններուն առիթով՝ Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը «Հ. Կ. Խաչի Բարերար»ի տիտղոսը տուաւ Արթին Գալուստեանին եւ Վահան եւ Տիրուհի Տէր-Յովսէփեաններուն:
Նոր կազմի ընտրութիւն
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ 2018-2020 նստաշրջանի 9 անդամ Շրջանային Վարչութեան ընտրութիւնը:
Այսպէս, ընտրուեցան հետեւեալ ընկերուհիները.-
Աճէմեան Ազնիւ
Գէորգեան Մարի-Ռոզ
Գիրազեան Լիզէթ
Խտրեան Մերի
Միքայէլեան Կարինէ
Չերչեան Ֆլորա
Պարազեան Մայտա
Սիմոնեան Արմենուհի
Փափազեան Ալիս
Փոխ անդամ ընտրուեցաւ
Պապօղլեան Շողիկ
Ժողովը՝ շնորհաւորական եւ յաջողութեան մաղթանքներ փոխանցելով նորընտիր Շրջանային Վարչութեան, փակեց իր աշխատանքները Հ. Կ. Խաչի քայլերգով: