Ինչպէս ծանօթ է, արցախեան պատերազմի պատճառած մարդասիրական աղէտին հասնելու նպատակով, Հ.Օ.Մ.-ը ձեռնարկեց «Թիկունք կանգնինք արցախահայ ընտանիքին» համահայկական ծրագիրը:
Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչը, ընդառաջելով Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան կոչին, առաջին հերթին 10.000 եւրօ փոխանձած է սոյն ծրագիրին համար։
Գումարը գոյացած է Հ.Կ.Խ.-ի անդամուհիներու եւ միութեան դիմատետրի կոչին ընդառաջող` հայ եւ յոյն համակիր ժողովուրդի նուիրատուութիւններով:
Վերոնշեալ ծրագիրը, ծանօթ է արդէն, թէ կը միտի օգնել պատերազմին պատճառով տեղահան եղած Արցախի ընտանիքները, հոգալով իրենց սննդեղէնը, հագուստեղէնը եւ կենցաղային ծախսերը, իւրաքանչիւր ընտանիքին տրամադրելով ամսական 250 տոլար, չորս ամսուայ ժամանակաշրջանի համար:
Ծրագիրը արդէն ի գործ դրուած է Հ.Օ.Մ.-ի աշխարհասփիւռ միաւորներու ջանքերուն շնորհիւ: Այսպէս, 17 Դեկտեմբերէն սկսեալ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը տրամադրէ այս նիւթական օժանդակութիւնը կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Հայ Կապոյտ Խաչը երախտապարտ է իր նուիրատուներուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղած է յոյս ներշնչել օգնութեան կարիքը ունեցող մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Միութիւն կը շարունակէ թիկունք կանգնիլ արցախահայութեան՝ սոյն ծրագիրի շարունակութեամբ։
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին նուիրաբերել այս ծրագիրին, կրնան որեւէ գումար ներմուծել Հայ Կապոյտ Խաչի դրամատնային հաշիւին՝
Τράπεζα Πειραιώς, IBAN GR2801720420005042068319229,
արձանագրելով անուն-մականուն եւ «Artsakh» կամ «Αρτσάχ» բառը:
Կարելի է նաեւ դիմել Հ.Կ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան կամ Հ.Կ.Խ.-ի գրասենեակին, հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերուն.- 2109574973 ή 6937147293: