Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­բու­լոս. «­Մենք կը ճանչ­նանք եւ նե­ցուկ կը
կանգ­նինք ­Հա­յաս­տա­նի ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րուն ­Լեռ­նա­յին
­Ղա­րա­բա­ղի մէջ, հիմ­նո­ւած մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քին վրայ»

Ե­րեք­շաբ­թի՝ 5 ­Նո­յեմ­բեր 2019ի ա­ռա­ւօ­տուն, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ար­մէն ­Սարգ­սեա­նի պաշ­տօ­նա­կան հրա­ւէ­րով, Ե­րե­ւան ժա­մա­նե­ցին ­Յու­նաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­բու­լոս եւ իր տի­կի­նը, պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ու­ղեկ­ցու­թեամբ։ Օ­դա­կա­յա­նին մէջ յոյն նա­խա­գա­հը դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ Շր­ջա­կայ մի­ջա­վայ­րի նա­խա­գահ Է­րիկ Գ­րի­գո­րեա­նի կող­մէ։
­Ժա­մա­նու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գա­հը եւ իր պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ՝ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­լու հա­մար ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին։ ­Նա­խա­գա­հին կ­՚ու­ղեկ­ցէին նա­խա­րար Է­րիկ Գ­րի­գո­րեան եւ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տի տե­ղա­կալ ­Հայկ ­Սարգ­սեան։
­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­հա­մա­լի­րին առ­ջեւ, նա­խա­գահ ­Փաւ­լո­բու­լոս դի­մա­ւորուե­ցաւ զի­նո­ւո­րա­կան ջո­կա­տի եւ նո­ւա­գա­խում­բին կող­մէ, ա­պա ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղեց եւ խո­նար­հե­ցաւ մէկ ու կէս մի­լիոն նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին։ ­Յա­ջոր­դա­բար, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նի տնօ­րէն ­Յա­րու­թիւն ­Մա­րու­թեան նա­խա­գա­հին ներ­կա­յա­ցուց յու­շա­հա­մա­լի­րի ստեղծ­ման պատ­մու­թիւ­նը։ ­Նա­խա­գա­հը շրջե­ցաւ թան­գա­րա­նէն ներս եւ գրա­ռում կա­տա­րեց յու­շա­մա­տեա­նին մէջ։ Այ­նու­հե­տեւ, յոյն նա­խա­գա­հը խորհր­դան­շա­կան ե­ղեւ­ին մը տնկեց։ https://www.youtube.com/watch?v=hng2KnJy930

­Պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւն
նա­խա­գահ Ար­մէն ­Սարգ­սեա­նի կող­մէ

­Յա­ջոր­դա­բար, նա­խա­գահ Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­բու­լո­սին պաշ­տօ­նա­պէս դի­մա­ւո­րեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ար­մէն ­Սարգ­սեան նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քին մէջ։ ­Զի­նո­ւո­րա­կան ջո­կա­տի կա­տա­րած պա­տի­ւով եւ եր­կու եր­կիր­նե­րու ազ­գա­յին ո­գերգ­նե­րու հնչու­մէն ետք, եր­կու նա­խա­գահ­նե­րուն առ­ջեւ կա­տա­րո­ւե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր տո­ղանցք։ Ա­պա, տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­խա­գահ­ներ ­Փաւ­լո­բու­լո­սի եւ ­Սարգ­սեա­նի պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­պու­մը, ո­րուն ըն­թաց­քին քննո­ւե­ցան եր­կու եր­կիր­նե­րու սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ ­Հան­դի­պու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք, եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը մամ­լոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն առ­ջեւ կա­տա­րե­ցին պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ։
­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը ող­ջու­նե­լով իր յոյն պաշ­տօ­նա­կի­ցը յայտ­նեց.- «Ու­րախ եմ ձեզ տես­նել Ե­րե­ւա­նում, եւ յոյս ու­նեմ, որ կը տես­նեմ ա­պա­գա­յում կրկին, ոչ միայն պաշ­տօ­նա­կան, այ­լեւ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­րով: ­Մեր հան­դի­պումն այ­սօր ան­ցաւ շատ ջերմ, բա­րե­կա­մա­կան մթնո­լոր­տում, եր­կու բազ­մա­դա­րեայ բա­րե­կամ ժո­ղո­վուրդ­նե­րի եւ նաեւ եր­կու շատ գործ­նա­կան եւ ի­րենց պե­տու­թեա­նը ծա­ռա­յող մարդ­կանց աշ­խա­տան­քա­յին մթնո­լոր­տում: ­Շատ բո­վան­դա­կա­լից քննար­կում­ներ ու­նե­ցանք լայն շրջա­նա­կով խնդիր­նե­րի վե­րա­բե­րեալ: ­Պայ­մա­նա­ւորուե­ցինք, որ պէտք է ջան­քեր ներդ­նենք, որ հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան մեծ սփիւռք­նե­րը, ո­րոնք տա­րա­ծո­ւած են ամ­բողջ աշ­խար­հով, հա­մա­գոր­ծակ­ցեն եւ ծա­ռա­յեն մեր եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րի եւ ազ­գե­րի շա­հե­րին»։
­Նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան նշեց, որ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ ե­ղաւ նաեւ եր­կու եր­կիր­նե­րու պատ­մու­թեան.- «­Չէինք կա­րող չխօ­սել մեր պատ­մու­թեան մա­սին: Եր­կու ժո­ղո­վուրդ­ներ, ո­րոնք ոչ միայն ընդ­հա­նուր պատ­մու­թիւն, ընդ­հա­նուր մշա­կոյթ ու­նեն, նաեւ ընդ­հա­նուր մօ­տե­ցում­ներ ու­նեն: ­Մեր բա­րե­կա­մու­թիւ­նը հա­զա­րա­մեակ­նե­րի պատ­մութ­իւն ու­նի: ­Մօտ 100 տա­րի ա­ռաջ հա­յերն ան­ցել են ­Մեծ Ե­ղեռ­նի օր­հա­սա­կան ճա­նա­պար­հով, ­Պոն­տո­սի յոյ­նե­րը եւս նմա­նա­տիպ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­պարհ են ան­ցել, եւ եր­կու ազ­գե­րը վե­րա­կանգ­նել են ի­րենց, որ­պէս փոքր, բայց գլո­բալ պե­տու­թիւն­ներ», նշեց Ար­մէն ­Սարգ­սեան:
­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գա­հը իր խօս­քը ուղ­ղե­լով Հ.Հ. նա­խա­գահ Ար­մէն ­Սարգ­սեա­նին յայտ­նեց.- «­Սի­րե­լի բա­րե­կամ Ար­մէն, ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի երկ­կող­մա­նի կա­պե­րը կը գտնո­ւին բա­ցա­ռիկ մա­կար­դա­կի մը վրայ, կը հաս­նին ժա­մա­նա­կի խո­րե­րը եւ խարս­խո­ւած են հաս­տատ բա­րե­կա­մու­թեան, ի­րար հաս­կա­ցո­ղու­թեան եւ շի­նիչ գոր­ծակ­ցու­թեան վրայ։ ­Չեմ զլա­նար յայտ­նել, որ այս ուղ­ղու­թեամբ ի­րենց կա­րե­ւո­րա­գոյն դե­րը ու­նե­ցած են մեր եր­կու հա­մայնք­նե­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ հայ­կա­կան հա­մայն­քը ­Յու­նաս­տա­նի մէջ եւ յու­նա­կան հա­մայն­քը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ»։
Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­բու­լոս անդ­րա­դառ­նա­լով ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան անժխ­տե­լի ի­րո­ղու­թեան յայտ­նեց։ «­Մենք, 1996ին խորհր­դա­րա­նի մա­կար­դա­կով ճանչ­ցանք ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, սահ­մա­նե­ցինք Ապ­րի­լի 24ը հա­յե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կի օր եւ 2014ին քրէա­կա­նա­ցու­ցինք ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը: Իր կար­գին, Հ.Հ. Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը ճանչ­ցաւ ­Պոն­տո­սի յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: ­Մենք կ­՚ող­ջու­նենք օ­րեր ա­ռաջ ­Հա­յոց ցե­ղա­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան կող­մէ։ Ու­ղերձ կ­՚ուղ­ղենք ­Թուր­քիոյ՝ նե­րո­ղու­թիւն խնդրե­լու հա­յե­րուն եւ յոյ­նե­րուն դէմ իր գոր­ծած ո­ճիռ­նե­րուն հա­մար»։ Ն­շենք, որ պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին, նա­խա­գահ ­Փաւ­լո­փու­լոս յայտ­նեց ­Յու­նաս­տա­նի զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հար­ցի կար­գա­ւոր­ման հա­մար, իսկ յոյն նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջին վրայ ե­րեւ­ցող «Ար­մենփ­րես»ին կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կը նշո­ւի՝ «­Մենք կը ճանչ­նանք եւ նե­ցուկ կը կանգ­նինք ­Հա­յաս­տա­նի ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րուն ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի մէջ, հիմ­նո­ւած մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քին վրայ։ Այս­պէս, ­Յու­նաս­տան նե­ցուկ կը կանգ­նի Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­քի խում­բի ջան­քե­րուն՝ հիմ­նա­հար­ցի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման հա­մար»։
­Նոյն գի­շեր, նա­խա­գահ Ար­մէն ­Սարգ­սեան պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րիք սար­քեց ի պա­տիւ նա­խա­գահ ­Փաւ­լո­բու­լո­սին եւ իր գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թեան, ո­րուն ըն­թաց­քին եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը պաշ­տօ­նա­կան բա­ժա­կա­ճա­ռե­րով հան­դէս ե­կան, ընդգ­ծե­լով եր­կու եր­կիր­նե­րու ա­մուր բա­րե­կա­մու­թեան եւ գոր­ծակ­ցու­թեան կա­պե­րը։