­Յու­նաս­տա­նի հան­րա­ծա­նօթ հա­յազ­գի մար­զու­հի. Ա­նի ­Գոնս­թա­տի­նի­տու

0
152

­Ժագ ­Տա­մա­տեան

Յու­նաս­տա­նի ­կո­ղո­վագնդա­կի դաշ­նու­թեան վեր­ջին ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, յաղ­թա­կան ­Վա­կե­լիս ­Լիո­լիո­սի գլխա­ւո­րած վար­չա­կազ­մին մէջ տեղ կը գրա­ւէ մօր կող­մէ հայ՝ Ա­նի ­Գոնս­թա­տի­նի­տու, նախ­կին խաղ­ցող։ Այս­պի­սի կո­չում վա­յե­լող «ի­գա­կան ­Կա­լիս» եւ «մա­ճիկ Ա­նի» ե­ղաւ ­Յու­նաս­տա­նի պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին կի­նը, որ մաս կը կազ­մէ այս դաշ­նու­թեան վար­չու­թեան։
Ծ­նաւ 1962-ին, ­Գա­հի­րէ. հայ­րը՝ ­Տի­միթ­րիս, ծա­գու­մով ­Կիպ­րա­ցի եւ մայ­րը՝ հա­յազ­գի ­Տո­րա ­Բագ­րա­տու­նի։ Ու­նի քոյր մը՝ ­Սո­ֆիա ա­նու­նով, նոյն­պէս մար­զու­հի։ ­Կը տի­րա­պե­տէ յու­նա­րէն, հա­յե­րէն, ա­րա­բե­րէն, անգ­լե­րէն եւ սպա­նե­րէն լե­զու­նե­րուն։
1968-ին, ըն­տա­նի­քը կը տե­ղա­փո­խո­ւի Ա­թէնք։ 1973-ին, Ա­նին կը նե­րառ­նո­ւի Ղ­լի­ֆա­տա­յի կո­ղո­վագն­դա­կի խում­բի կազ­մին, իբ­րեւ «փլէյ մէյ­քեր», ուր կ­’ըն­կե­րա­նայ փաթ­րա­ցի Ան­նա ­Քա­ֆու­րու մար­զու­հիին, նոյն­պէս մօր կող­մէն հայ՝ մեծ հօր մա­կա­նու­նը ­Փիր­ւա­զեան, ա­պա ­Փա­փա­տո­բու­լոս։
Ա­նին, թէեւ շատ ե­րի­տա­սարդ, ան­մի­ջա­պէս կը մաս­նակ­ցի յու­նա­կան ա­ռաջ­նու­թեան մրցում­նե­րուն, ներ­կա­յաց­նե­լով իր տա­ղան­դը։ ­Յա­ջորդ տա­րի­նե­րուն մաս կը կազ­մէ ­Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին խում­բին, նա­խա­պէս ե­րի­տա­սար­դա­կան Ազ­գա­յին խում­բին։
1976-ին, ա­ռա­ջին ան­գամ իր ներ­կա­յու­թիւ­նը կը ցու­ցա­բե­րէ ու­րիշ աս­պա­րէ­զի մը մէջ՝ «­Մա­րա­թոն»ի վազ­քին։ ­Շա­րու­նա­կե­լով իր ու­սու­մը ­Գա­նա­տա, «­Մագ ­Կիլ» հա­մալ­սա­րա­նին, այս մար­զա­ձե­ւին ալ նոյն­պէս կ’ար­ձա­նագ­րէ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ու յաղ­թա­նակ­ներ։
2-րդ ­տա­րին, կը ո­րո­շէ ձքել թարգ­ման­չու­թեան բա­ժի­նը եւ ու­սա­նիլ մար­զանք։ ­Մաս­նակ­ցե­լով հա­մալ­սա­րա­նի կո­ղո­վագն­դա­կի ա­ռաջ­նու­թեան, կը դառ­նայ իր հա­մալ­սա­րա­նի խում­բին պատ­մու­թեան մէջ ա­մե­նա­բարձր ար­դիւնք ար­ձա­նագ­րո­ղը։ 1983-1985, Ա.Մ.Ն.-ին մէջ կը շա­րու­նա­կէ ու­սու­մը «էր­կօ­ֆի­սիո­լո­կիա»ի վրայ, «­Մաս­թեր» մա­կար­դա­կով։ ­Վե­րա­դառ­նա­լով ­Յու­նաս­տան, կ’աշ­խա­տի իբ­րեւ մար­զիչ։
1983-էն Ա­նին մաս կը կազ­մէ Ա­թէն­քի «Ս­բոր­թինկ» խում­բին, ա­ռա­ջին եր­կու տա­րի­նե­րը մաս­նակ­ցե­լով միայն խա­ղե­րուն։ 1983-1991, իր գլխա­ւո­րու­թեամբ «Ս­բոր­թինկ»ը կը գրա­ւէ ա­ռաջ­նու­թեան 1-ին դիր­քը։
Այն տա­րի­նե­րուն յոյ­նե­րու կող­մէ կը ստա­նայ «ի­գա­կան ­Կա­լիս» եւ «մա­ճիկ Ա­նի» կո­չում­նե­րը։ ­Հիա­ցած իր տա­ղան­դէն՝ ի­րեն կը նմանց­նեն ա­մե­րի­կա­յոյն աշ­խա­րահռ­չակ խաղ­ցո­ղին եւ NBA-ի «­Մա­ճիկ» (կա­խար­դա­կան) ­Ճոն­սոն աստ­ղին։ ­Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին խում­բին հետ կը մաս­նակ­ցի մի­ջազ­գա­յին ա­ռաջ­նու­թիւն­նե­րու, 8 տա­րի իբ­րեւ խմբա­պետ, ար­ժա­նա­նա­լով մէյ մէկ պրոն­զէ մե­տա­լի՝ 1985-ի ­Պալ­քա­նեան խա­ղե­րուն եւ 1991-ին ­Մի­ջերկ­րա­կան ծո­վի մրցում­նե­րուն։
­Նոյն տա­րին «Ս­բոր­թինկ»ը կ­’ըլ­լայ ա­ռա­ջին յու­նա­կան խում­բը, որ կը հաս­նի Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յան­նե­րու բա­ժա­կի «ֆայ­նալ ֆոր», ­Պար­ցե­լո­նա քա­ղա­քին մէջ, գրա­ւե­լով 3-րդ ­տե­ղը։ ­Յա­ջորդ տա­րին կը զի­ջէ ­Յու­նաս­տա­նի ա­ռաջ­նու­թիւ­նը, սա­կայն դար­ձեալ կը մաս­նակ­ցի «ֆայ­նալ ֆոր», այս ան­գամ ­Պա­րի՝ Ի­տա­լիա, ուր Ա­նին կ­’ընտ­րո­ւի ա­մե­նա­լաւ «հին­գեակ»-ին մէջ։ Այս­պէս՝ ե­ղաւ ա­ռա­ջին եւ­րո­պա­կան խում­բը, որ յա­ջո­ղե­ցաւ հաս­նիլ եր­կու շա­րու­նա­կա­կան ան­գամ «ֆայ­նալ ֆոր»։ 1993-ին Ա­նին կը ձգէ կո­ղո­վագն­դա­կը, իբ­րեւ ­Յու­նաս­տա­նի ա­խո­յեան։ ­Զու­գա­հեռ կը զբա­ղո­ւի պա­տագն­դակ (սքո­ւոշ) մար­զա­ձե­ւով։ 1985-էն մին­չեւ 1989 եւ 1994-95 թո­ւա­կան­նե­րուն կը դառ­նայ ­Յու­նաս­տա­նի ա­խո­յեան։ 1994-ին ազ­գա­յին խում­բով կը մաս­նակ­ցի Եւ­րո­պա­յի ա­ռաջ­նու­թեան՝ ­Հել­սին­քիի մէջ։
­Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Ա­նին չմոռ­ցաւ իր հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րը։ ­Յա­ճախ մաս կը կազ­մէր ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խում­բին, խա­ղա­լով նաեւ ­Ֆիք­սի ա­կում­բի մար­զա­դաշ­տին մէջ ու մաս­նակ­ցե­լով միու­թեան ­Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րուն, ճամ­բոր­դե­լով մին­չեւ ­Նիւ Եորք։
Ար­ժա­նա­ցած է բազ­մա­թիւ մրցա­նակ­նե­րու։ Իր մար­զա­կան փոր­ձա­ռու­թեամբ եւ իբ­րեւ բազ­մաշ­նորհ անձ­նա­ւո­րու­թիւն, ան­կաս­կած՝ նոր շունչ ու ո­րակ կրնայ փո­խան­ցել նո­րըն­տիր վար­չու­թեան։