­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 4 ­Դեկ­տեմ­բեր 2019ի ե­րե­կո­յեան, ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի նստա­վայ­րէն ներս, հան­դի­պում տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Յու­նա­հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի Ազ­գա­յին վար­չու­թեան կազ­մին ու Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի մի­ջեւ։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր կ­‘ըն­կե­րա­նար ­Յու­նաս­տա­նի Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ Հ­րայր Աւ. քհնյ. ­Նի­կո­լեան։
Ող­ջու­նե­լով ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դի եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան այ­ցե­լու­թիւ­նը, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեան շնոր­հա­ւո­րեց նո­րըն­տիր Ազ­գա­յին վար­չու­թեան կազ­մը, բե­ղուն ու ազ­գան­պաստ գոր­ծու­նէու­թիւն մաղ­թե­լով ի­րենց։ Ա­պա, հա­կիրճ ներ­կա­յա­ցու­մը կա­տա­րեց ­Յու­նաս­տա­նի մէջ գոր­ծող Հ.Յ.Դ. կա­ռոյ­ցին եւ իր ու­ղե­կից միու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց ա­ռողջ ու աշ­խուժ գոր­ծու­նէու­թեան ընդ­մէ­ջէն, կ­’ամ­րապն­դո­ւի գա­ղու­թա­յին հա­մախմ­բո­ւա­ծու­թեան կա­րե­ւոր գրա­ւա­կա­նը։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, յա­նուն Ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեան, ու­րա­խու­թեամբ ող­ջու­նեց այս այ­ցե­լու­թիւ­նը, իր գնա­հա­տանքն ու քա­ջա­լե­րան­քը յայտ­նե­լով, ազ­գա­յին ծա­ռա­յու­թեան կո­չո­ւած մար­մին­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­­ցու­թեան կա­րե­ւոր քայ­լե­րու որ­դեգ­րու­մին գծով։ ­Խօ­սե­լով գա­ղու­թը զար­գաց­նե­լու եւ ժո­ղո­վուր­դը հա­մախմ­բե­լու զոյգ նպա­տակ­նե­րուն շուրջ, ան նշեց նոր ժա­մա­նակ­նե­րուն եւ պայ­ման­նե­րուն ըն­դա­ռաջ աշ­խա­տե­լու հան­գա­մանք­նե­րու պատ­շա­ճեց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։
Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան ող­ջու­նեց հան­դիպ­ման մաս­նա­կից ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն, շեշ­տե­լով մեր գա­ղու­թի բազ­մաբ­նոյթ ու բազ­մա­շերտ գոր­ծու­նէու­թեան զար­գաց­ման ուղ­ղո­ւած քայ­լե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։
­Ծա­ւա­լած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ ե­ղաւ Ս­փիւռ­քի եւ յատ­կա­պէս ­Յու­նաս­տա­նի հայ գա­ղու­թի պար­զած ներ­կայ կա­ցու­թեան եւ դի­մագ­րա­ւո­ւած հար­ցե­րուն, իսկ յա­տուկ շեշտ դրո­ւե­ցաւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան թե­մե­րու վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման ու վե­րաշ­խու­ժաց­ման աշ­խա­տան­քի ուղ­ղու­թեամբ կա­տա­րո­ւե­լիք աշ­խա­տանք­նե­րուն, ո­րը հրա­մա­յա­կան պա­հանջք է, ի խնդիր ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի, մեր գա­ղու­թի եւ ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ա­ռա­ւել հզօ­րաց­ման: ­Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը շեշ­տե­ցին, մեր գա­ղու­թի մշա­կու­թա­յին ու հո­գեմ­տա­ւոր զար­գաց­ման կեն­սա­կան հիմ­նա­հար­ցե­րու լայն ու նպա­տա­կաուղ­ղո­ւած քննարկ­ման անհրա­ժեշ­տու­թիւ­նը, որ ­Յու­նաս­տա­նի հայ հա­ւա­քա­կան կեան­քի ա­ռանց­քա­յին բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծէ, մեր ազ­գա­յին ու­րոյն դի­մա­գի­ծի պահ­պան­ման ե­րաշ­խի­քը դառ­նա­լով։