Ան­դուլ թա­փով յու­նա­հա­յու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ իր հայ­րե­նա­սի­րա­կան պարտ­քը կա­տա­րել Ար­ցա­խի մարտն­չող բա­նա­կին ու ժո­ղո­վուր­դին հա­մար հաս­տա­տո­ւած ­Հա­յաս­տան հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի ֆոն­տին։
Ինչ­պէս որ կը տե­ղե­կացնէ ­Հիմ­նադ­րա­մի ­Յու­նաս­տա­նի տե­ղա­կան վար­չու­թիւ­նը, յա­ւե­լեալ 50.000 եւ­րո­յի գու­մար փո­խան­ցո­ւե­ցաւ ­Հիմ­նադ­րա­մի մայր հա­շի­ւին, այս­պէս յու­նա­հա­յու­թեան կող­մէ մին­չեւ օրս հա­ւա­քո­ւած գու­մա­րը հասց­նե­լով 300.000 եւ­րո­յի։
­Հա­կա­ռակ հա­մա­ձայ­նուած հրա­դա­դա­րին, հա­յոց բա­նա­կի ու Ար­ցա­խի կա­րիք­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն մեծ ըլ­լալ, ո­րուն հա­մար՝ մեր ջան­քե­րու ա­ռա­ւե­լա­գոյն լա­րու­մով պար­տինք շա­րու­նա­կել նո­ւի­րա­հա­ւա­քի աշ­խա­տան­քը։
Այ­սօր, ա­ւե­լի քան եր­բեք, Ար­ցա­խի մէջ ապ­րող խա­ղաղ բնակ­չու­թիւ­նը, որ Ատր­պէյ­ճա­նի ռմբա­կո­ծում­նե­րուն պատ­ճա­ռով հսկայ վնաս­նե­րու են­թար­կո­ւած է, պէտք ու­նի մեր օգ­նու­թեան, մեր սրտէն բխած ա­ռա­ւե­լա­գոյն զօ­րակ­ցու­թեան, շա­րու­նա­կե­լու հա­մար իր խա­ղաղ կեան­քը մեր հայ­րե­նի հո­ղին վրայ։
Վս­տահ ենք, որ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը ոչ մէկ ճիք պի­տի խնա­յեն, շա­րու­նա­կե­լու օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րել հե­րոս Ար­ցախ­ցիին։