Երկուշաբթի՝ 6 Ապրիլին, լրագրողներուն հետ զեկուցական հանդիպումին ընթացքին, կառավարութեան բանբեր Սթելիոս Փեցաս ներկայացուց «Քորոնա» ժահրին հետ առնչուած վիճակագրական տուեալներ եւ տախտակներ։
Անոնց վրայ կ՚արտացոլայ Յունաստանի ներկայ իրականութիւնը եւ բախդատութիւն կ՚ըլլայ եւրոպական այլ երկիրներու հետ, որոնք նոյն բնակչութեան թիւը ունին։
Տախտակներուն մէջ, համեմատութիւնը կ՚ըլլայ Հոլանտայի, Պելճիքայի եւ Փորթուկալի հետ, հաշուի առնելով 26 Փետրուար – 5 Ապրիլ ժամանակաշրջանը։
Յունաստանի մէջ, 11 միլիոն բնակչութեամբ, արձանագրուած էին 1735 դէպքեր եւ 76 մահեր։
Հոլանտայի մէջ, 17 միլիոն բնակչութեամբ, արձանագրուած էին 17851 դէպքեր եւ 1776 մահեր։
Պելճիքայի մէջ, 11 միլիոն բնակչութեամբ, արձանագրուած էին 19691 դէպքեր եւ 1447 մահեր։
Փորթուկալի մէջ, 10 միլիոն բնակչութեամբ, արձանագրուած էին 11278 դէպքեր եւ 295 մահեր։
Պաշտօնական աղբիւրներէն անգամ մը եւս նշուեցաւ Յունաստանի մէջ կանխօրօք առնուած միջոցառումներու արդիւնաւետութիւնը, քաղաքացիներու կարգապահութիւնը եւ զգուշութեան խիստ պայմաններուն արագ համակերպելու իրականութիւնը։
Շեշտը դրուեցաւ Ապրիլին մէջ նոյն կարգապահ կեցուածքը պահելու անհրաժեշտութեան վրայ, որպէսզի վարակումներու կորը նուազի եւ շրջագայութեան սեղմումները աստիճանաբար մեղմանան, բնականոն կեանքին վերադարձի հեռանկարով։