Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Յունաստանի 26-րդ Ներկայացուցչական ժողովը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 3 Դեկտեմբեր 2023-ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեան» սրահէն ներս։
Իրաւասու եւ խորհրդակցական ձայնով ժողովին մասնակից էին Շրջանային վարչութեան, Թեսաղոնիկէի, Սերեսի եւ Ատիկէի մասնաճիւղերու, Պարի միաւորի եւ Թատերական յանձնախումբի անդամները։ Ներկայ էին նաեւ Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբի խմբավար ընկ. Մկրտիչ Գրիգորեան, պարուսոյցներ ընկ. Էտկար Էկեան ու ընկ. Աննա Պօղոսեան, ինչպէս նաեւ «Արշաւիր Գազանճեան» թատերախումբի բեմադրիչ ընկ. Յակոբ Պարսամեան։
Բացումը կատարեց շրջանաւարտ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Յուլիանա Մանուկեան։ Յաջորդեց մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութիւն ի յիշատակ Համազգայինի անդարձ մեկնողներու, որ շրջանս վերջերս գուժեց՝ վաստակաւոր անդամներուն՝ Սթաւրոս Ապարեանի, Յակոբ Սէֆէրեանի, Միքայէլ Տիլսիզեանի, մշակութասէր Յակոբ Ճէլալեանի, վաղեմի երգչախումբի խմբավար Տէր Հրայր քհնյ. Նիկոլեանի եւ օփերայի հռչակաւոր սոփրանօ Ծաղիկ Գազանճեանի։
Ապա, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Եւրոպայի ներկայացուցիչ ընկ. Յասմիկ Շահինեան։
Ժողովականներուն համար պատրաստուած էր յատուկ թղթածրար, որ կը ներառէր տարեշրջանի տեղեկագիրը, Ներկայացուցչական ժողովի օրակարգը եւ աշխատանքներու ընթացքի ժամանակացոյցը:
Օրակարգերու քննարկման բաժինին, ժողովը զբաղեցաւ միութեան շարքերու ծաւալման ու արդիականացման հարցով, ներգրաւելու համար երիտասարդ անդամներ։ Յաջողութեան հասցնելու համար այդպիսի ծրագիր մը, առաջարկուեցաւ կազմել նոր խումբեր՝ տարբեր մշակութային ասպարէզներու վրայ։
Նշուեցաւ, որ Շրջանային վարչութիւնը իրագործեց ամէն տեսակի անհրաժեշտ աշխատանքները ազգային, միութենական ու մշակութային գետնի վրայ։
Գործունէութիւնը լոյս կը տեսնէ թղթակցութիւններով եւ հաղորդագրութիւններով «Ազատ Օր»ի եւ Դիմատետրի էջերու միջոցով։
Ժողովին անակնկալը` Համազգայինի 95-ամեակի նուիրուած ու յատուկ պատրաստուած կարկանդակը եղաւ։ Ճաշի ընդմիջումի ջերմ մթնոլորտը ճոխացաւ նաեւ տեսաերիզով, ուր կը ցուցադրուէր պարախումբի «Անիծուած նուռ» ելոյթը։ Ապա ժողովի աշխատանքները շարունակուեցան նոր թափով եւ տարբեր տեսակէտներու արտայայտութեամբ ժողովականներու կողմէն։
Իբրեւ Ներկայացուցչական ժողովի վերջին օրակարգ, նախատեսուած էր յաջորդ երկամեայ 2023-2025 տարեշրջանի համար նոր Շրջանային վարչութեան ընտրութիւնը: Ժողովը որոշեց` նոր վարչութիւնը շարունակէ գործել 7-անդամ կազմով:
Այսպէս, ընտրուեցան հետեւեալ ընկեր-ընկերուհիները.- Յուլիանա Մանուկեան, Կիւլա Քարապաճաքեան, Էտկար Էկեան, Ժագ Տամատեան, Լիանա Թէհէրեան, Ճուլի Մանոյեան եւ Մարի Տանկուրեան։
ԹՂԹԱԿԻՑ