Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Յունաստանի 24րդ Ներկայացուցչական ժողովը տեղի ունեցաւ Կիրակի 26 Սեպտեմբեր 2021ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան անդամներու, Ատիկէի եւ Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղերու եւ պարի միաւորի կողմէ ընտրուած ու լիազօրուած պատգամաւորներու։ Ժողովին ներկայ եղան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեանը, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը եւ «Ազատ Օր»ը։ Ներկայ էին նաեւ Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբի խմբավար ընկ. Մկրտիչ Գրիգորեանը եւ պարուսոյց ընկ. Էտկար Էկեանը։ Հրաւիրեալներու թիւը այս տարի պահուած էր խիստ սահմանափակ, թագավարակի պարտադրած պայմաններուն պատշաճեցնելով ժողովը, իսկ Թեսաղոնիկէի պատգամաւորներու մասնակցութիւնը կը կատարուէր առցանց։
Ժողովականներուն համար պատրաստուած էր յատուկ թղթածրար, որ կը ներառէր նստաշրջանի տեղեկագիրը, Ներկայացուցչական Ժողովի օրակարգը եւ աշխատանքի ժամանակացոյցը:
Ժողովը բացուած յայտարարեց Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Յուլիանա Մանուկեան, որ յայտնեց թէ անցնող նստաշրջանի ընթացքին Համազգայինի մեծ ընտանիքը դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու իր բազմավաստակ ատենապետ Յովսէփ Պարազեանը եւ միութեան հաւատարմօրէն ծառայած անդամներ՝ Օննիկ Շանկայեանը, Բիւզանդ Ունճեանը, Յովսէփ Ղեւոնդեանը, Էլիզ Մարտիկեանը, ինչպէս նաեւ երկար տարիներ Համազգայինի պարախումբերու ղեկավարութիւնը ստանձնած, պարուսոյց Յովհաննէս Խաչիկեանը։ Ատենապետուհին խնդրեց յոտնկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը Համազգայնական մահացած անդամներուն եւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին իրենց կեանքը զոհած հայ հերոսներուն։ Յաջորդաբար, իր խօսքը ուղղեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը, որ անրադարձաւ այն բոլոր մարտահրաւէրներուն, որոնք Համազգայինը դէմ յանդիման գտնուեցաւ վերջին տարիներուն։ Գոհունակութեամբ շեշտեց Ռուսիոյ տարածքին երկու նոր մասնաճիւղերու հիմնումին, իսկ թուեց նաեւ կրթական, հրատարակչական եւ մշակութային մարզերէն ներս միութեան նուաճումները։ Իր կարգին եւս, յաջողութիւն մաղթեց ժողովին եւ պատգամաւորներուն։
Ժողովը անցաւ իր աշխատանքներուն, ընտրելով իր դիւանը, ատենապետներ՝ ընկ. Անդրանիկ Շահպազեան եւ ընկ. Ազարիկ Եորղանճեան, քարտուղարուհի՝ ընկ. Ծովիկ Մինասեան, ինչպէս նաեւ բանաձեւերու, արխիւային եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբերու անդամները։
Օրակարգերու քննարկման ժամանակ, ժողովը կեդրոնացաւ շարքերու խտացման, երիտասարդ անդամներու ներգրաւման կարեւորութեան ու անոնց աշխուժացման հարցին, հայախօսութեան զարգացման առաջարկներու, ինչպէս նաեւ միութեան կառոյցը ընդլայնելու եւ հայ մշակոյթն ու կրթութիւնը յաւելեալ եւս տարածելու նախաձեռնութիւններու մասին։
Նշուեցաւ, թէ Շրջանային Վարչութիւնը գործեց կատարելով իրեն վստահուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ նոր գործեր իրագործելով՝ ազգային — մշակութային – գեղարուեստական հասարակական նպատակներով։ Այս գործունէութիւնը կը ցոլանար թղթակցութիւններով կամ հաղորդագրութիւններով «Ազատ Օր»ի եւ Դիմատետրի էջերէն։
Իր ծաւալած ընդհանուր գործունէութեամբ, Շրջանային Վարչութիւնը հաստատ մնաց մշակութային աշխատանքները պահպանելու իր առաքելութեան, զարգացնելով համագործակցութիւնը միութիւններու եւ մշակութային-հասարակական դաշտէն ներս գործող հայ անհատներու եւ գործօններու հետ։ Համավարակի պարտադրուած սահմանափակումներու ժամանակաշրջանը միայն բացասական ազդեցութիւններ չունեցաւ, այլ առիթ ալ հանդիսացաւ, որպէսզի այս նստաշրջանին ընթացքին կարելի ըլլայ իրագործել երկար ատեն հետապնդուած նպատակ մը, որն էր արխիւներու թուայնացման գործը, որ սկսած է ու ընթացքի մէջ։ Շատ մեծ եւ հարուստ արխիւի պատրաստութիւն մըն է, ուր կը ցոլանայ միութեան աւելի քան 70 տարուան ճոխ ու բազմամարզ գործունէութիւնը։ Ապահով կերպով կը դասաւորուին ու կը կանոնաւորուին նաեւ միութեան արխիւները ու թանգարանային իրերը, որ մեծաւ մասամբ պահուած են «Ազատ Օր»ի խմբագրատունէն ներս Համազգայինի գրասենեակը ։
Ճաշի դադարին ընթացքին, ժողովականները առիթը ունեցան դիտելու աւելի հին տարիներէ երիզագրուած պարախումբի ելոյթներէն շարք մը, ապա շարունակուեցան ժողովի աշխատանքները, Յունաստանի ներքին կանոնագրի մշակման եւ վաւերացման օրակարգով։
Ներկայացուցչական Ժողովի վերջին օրակարգը կը հանդիսանար յաջորդ երկամեայ նստաշրջանի՝ 2021-2023 համար նոր Շրջանային վարչութեան ընտրութիւնը:
Ժողովը որոշեց, որ նոր կազմը բաղկանայ 7 հոգիէ: Այսպէս, ընտրուեցան հետեւեալ ընկեր-ընկերուհիները.-
Յուլիանա Մանուկեան, Վերժին Կարապետեան, Կիւլա Քարապաճաքեան, Էտկար Էկեան, Սիմոն Ասիպեան, Լիանա Թեհերեան, Ճուլի Մանոյեան։
«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ԹՂԹԱԿԻՑ