Յունաստանի ամէն մակարդակի վարժարաններու եւ կրթարաններու փակումէն ետք, կառավարութիւնը որոշեց հանրային բոլոր հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ սրճարաններու, ճաշարաններու եւ զուարճութեան կեդրոններու փակումը։
Հակառակ եղած զգուշացումներուն եւ շարունակական յորդորներուն, շատեր էին անոնք, որոնք անտեսեցին կանոնները եւ խուռներամ դիմեցին հանրային փակ եւ բացօդեայ մեծ շուկաները՝ ուտելիքի մեծ քանակներ ապահովելու համար, առանց որեւէ զգուշութեան։
Կիրակի օր, կառավարութիւնը յաւելեալ սեղմումներ յայտարարեց, շուկաներուն մէջ բազմամարդ հաւաքներու առաջքը առնելու համար։ Այսպէս, փակ մեծ խանութներուն մէջ (σούπερ μάρκετ), մուտքը պիտի արտօնուի ըստ խանութի տարածութեան, որպէսզի ամէն 10 քառ. մեթր հեռաւորութեան վրայ ապահովուի անհրաժեշտ միջանցք մարդոց միջեւ։
Նաեւ, խանութներու մուտքին, իւրաքանչիւր անձ իր ձեռքերը պիտի լուայ ախտահանիչ յատուկ հեղուկներով։ Խիստ միջոցներ պիտի կիրարկուին խանութներու մէջ աշխատողներուն համար, իսկ հաւանական է, որ մեծ խանութներու ժամանակացոյցը ընդլայնուի, որպէսզի խճողումներու առաջքը առնուի։
Նաեւ, որոշուեցաւ դադրեցնել Իտալիոյ, Սպանիոյ, Ալպանիոյ եւ Հարաւային Մակեդոնիոյ հետ ցամաքային, օթային եւ նաւային կապերը, իսկ արգիլուեցաւ զբօսաշրջական նաւերու մերձեցումը յունական նաւահանգիստները։
Յայտնուեցաւ, թէ վարչապետ Ք. Միցոթաքիս կապի մէջ մտաւ Յունաստանի եկեղեցւոյ պետ Իէրոնիմոս արքեպիսկոպոսին հետ եւ խնդրեց, որ եկեղեցիները բաց մնան միայն անձնական աղօթքներու, կամ անհրաժեշտ խորհրդակատարութիւններու համար, խուսափելով բազմամարդ հաւաքներէ։
Միաժամանակ, վարչապետ Միցոթաքիս խստիւ արգիլեց կազմակերպուած ծովեզերեայ հանգիստի վայրերու աշխատանքը։
Անցնող շաբաթավերջին, օդի նպաստաւոր պայմաններէն օգտուելով, հազարաւոր անձեր գտնուեցան ծովեզերեայ շրջանները, առանց զգուշաւոր միջոցներ կիրարկած ըլլալու։ Միայն Վուլիաղմենիի կազմակերպուած ծովեզերքը այցելեցին մօտ 3000 հոգի։
Կիրակի օր, Յունաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրէն մահացածներու թիւը հասաւ 4ի։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԼՈՒՐԵՐ Յունաստան Յունաստանի կառավարութիւնը յաւելեալ միջոցներու կը դիմէ «Քորոնա» ժահրին դէմ