Չորեքշաբթի՝ 1 Յուլիս 2020ի երեկոյեան, հելլէն խորհրդարանի Ծերակոյտի սրահէն ներս, Յունաստանի խորհրդարանի Ազգային Պաշտպանութեան եւ Արտաքին Հարցերու մնայուն յանձնաժողովը յատուկ նիստի մը ընթացքին վաւերացուց Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան երկիրներու միջեւ մշակուած՝ «Համապարփակ եւ Ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը»։
Յիշեցնենք, թէ 2015էն նախապատրաստուող այս պայմանագիրը Եւրոպական Միութեան երկիրներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ համագործակցութեան տարբեր բնագաւառներու վերաբերող եւ կառավարութիւններու ու նախարարութիւններու միջեւ բարձր մակարդակի գործակցութիւն ապահովող համաձայնագիր մըն է, որը կնքուեցաւ 24 Նոյեմբեր 2017ին Պրիւքսելի մէջ։
Յանձնաժողովի նիստին ատենապետեցին երեսփոխաններ Քոնսթանտինոս Կիուլեքաս եւ Անասթասիոս Տիմոսխաքիս։ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ ներկայ եղան Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Միլթիատիս Վարվիցիոթիս եւ նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնակատարներ։
Նիստի սկիզբին, ներածականներ կատարեցին պատգամաւորներ Անասթասիոս Քավատաս եւ Նասոս Աթանասիու, ներկայացնելով խորհրդարանի մեծամասնութեան եւ փոքրամասնութեան կարծիքները։ Ապա, մնացեալ կուսակցութիւններու անունով խօսք առին երեսփոխաններ Եորղոս Ֆրակիտիս, Տիամանտօ Մանոլաքու, Անտոնիոս Միլոնաքիս եւ Սոֆիա Սաքորաֆա։ Յատուկ խօսք տրուեցաւ Յունաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Եորղոս Քաթրուկալոսին եւ երեսփոխան Նիքոլաոս Մանոլաքոսին։
Խօսողները մասնաւոր շեշտ դրին Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործընկերութեան ամրապնդման, իսկ անոնց խօսքերուն մէջ եղան զանազան նշումներ հայ-յունական յարաբերութիւններու պատմական եւ ներկայ ոլորտներուն մասին։
Աւարտին, դրական զեկուցումներու լսումէն ետք, օրինագիծը վաւերացուեցաւ եւ այժմ այն պիտի ներկայացուի Յունաստանի խորհրդարանի լիագումար նիստին, որպէսզի վերջնական վաւերացումը ստանայ Յունաստանի կողմէ։
Արդէն, ինչպէս որ մեր թերթին մէջ լոյս տեսած է, Եւրոպական Միութեան մեծ թիւով երկիրներու խորհրդարանները քուէարկած եւ վաւերացուցած են Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան երկիրներու միջեւ մշակուած՝ «Համապարփակ եւ Ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը»։ Յունաստանի պարագային, օրինագիծը, որ կը բաղկանայ մօտ 900 էջերէ, հելլէն կառավարութեան կողմէ խորհրդարանի յանձնաժողովին ներկայացուեցաւ 26 Ապրիլին ու անկէ ետք, յանձնաժողովին կողմէ քննութեան ենթարկուելէ յետոյ վաւերացուեցաւ եւ պիտի ներկայացուի խորհրդարանի լիագումար նիստին վերջնական քուէարկութեան համար։
Պէտք է նշել, թէ մեր հայրենի պետութեան եւ Եւրոպական Միութեան ու անոր անդամ պետութիւններու միջեւ գործընկերութեան զարգացումը կարեւորագոյն ուղղութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ մեր երկրին համար, գործակցութեան լայն հնարաւորութիւններ տալով Հայաստանին՝ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն հետ։
Հոս հարկ է մատնանշել, թէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մնայուն սեւեռակէտը եղած է Եւրոպական Միութեան հետ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան հաստատումը, որ իր յատուկ նշանակութիւնը կը ստանայ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու իրերայաջորդ վաւերացումներու լոյսին տակ։
Բազմաթիւ յօդուածներէ կազմուած համաձայնագիրի մէկ կարեւոր մասը պարտաւորիչ բաժիններէ կը բաղկանայ, որոնք նոյնչափ ի զօրու են բոլորին համար, ապա նկատի առնուած են նաեւ բաժիններ, որ կը գտնուին Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու իրաւասութեան ծիրին մէջ։ Համաձայնագիրի վաւերացումը ինքնին մեծ նշանակութիւն ունեցող հանգրուան մըն է, որմէ ետք ի զօրու կը դառնան երկիրներու պարտաւորութիւններն ու իրաւունքները։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԼՈՒՐԵՐ Յունաստանի խորհրդարանի Պաշտպանութեան եւ Արտաքին հարցերու մնայուն յանձնաժողովը վաւերացուց Հայաստանի եւ Եւրոպական...