Յունական «Real.gr» կայքէջը, իր երէկուան լրատուութեան մէջ տեղեկութիւն կը փոխանցէ, թէ Ատրպէյճանի յարձակումը Արցախի վրայ նոր զարգացումներ յառաջացուցած է յունական խորհրդարանի աշխատանքմներուն, յատկապէս Յունաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ «Գործակցութեան համաձայնագիր»ի վաւերացման ծիրէն ներս, որ առնչուած է մարմնամարզի եւ բարեկամական ծրագիրներու հետ։ Անոնց կողքին, ծրագրուած էր ներկայացնել երեք նոր նախագիծեր՝ կրթական գործակցութեան ոլորտէն ներս։
Կայքը կը յայտնէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններուն վրայ ծաւալած պատերազմական գործողութիւնները ծանր մթնոլորտ մը ստեղծած են խորհրդարանին մէջ, պատճառ դառնալով կառավարութեան համար մտածել, որ ներկայիս ժամանակը անյարմար է հետամուտ ըլլալ Ատրպէյճանի հետ գործակցութեան ոլորտներու վաւերացման համար։ Երկուշաբթի օր, խորհրդարանը մշտական կապի մէջ վարչապետարանի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ լուծում մը որոնելու համար, մինչ համաձայնագիրերու սառեցումը ամէնէն հաւանական լուծումը կը նկատուի այս պահուն։
Խորհրդարանի երէկուան նիստի ընթացքին, «Յունական լուծում» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Քոսթաս Խիթաս խօսք ըրաւ Ատրպէյճանի յարձակումին մասին «մեր հայ եղբայրներուն վրայ», կոչ ուղղելով կառավարութեան ետ քաշելու համաձայնագիրի օրինագիծը։
Պատասխանելով երեսփոխանի կոչին, խորհրդարանի փոխ նախագահ եւ նիստին ատենապետող երեսփոխան Նիքիթաս Քաքլամանիս յայտնեց, որ այս պահուն ինք կարելի չէ պատասխան տալ տուեալ հարցին համար։ Պէտք է խորհրդակցիլ կառավարութեան հետ եւ ունենալ յստակ դիրքորոշում։
«Որպէս նիստի ատենապետող, չեմ կրնար դիրք որոշել այս հարցին նկատմամբ։ Սակայն, որպէս Նիքիթաս Քաքլամանիս կրնամ յստակօրէն դիրք ճշդել եւ ձեզ յայտնել, որ ես անվերապահօրէն հայերու կողքին կը կանգնիմ», յայտնեց Նիքիթաս Քաքլամանիս։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԼՈՒՐԵՐ Յունաստան Յունաստանի խորհրդարանը կը քննէ Ատրպէյճանի հետ գործակցութեան ծրագիրներու սառեցումը