­­Յու­նաս­տա­նի թե­մի Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան եւ յա­րա­կից մար­մին­նե­րու եր­կա­մեայ նստաշր­ջա­նը ա­ւար­տե­լէն ետք, ­­Շա­բաթ, 23 եւ ­­Կի­րա­կի, 24 ­­Սեպ­տեմ­բեր 2023-ին, ­­Գո­քի­նիոյ «­­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­­Զա­քա­րեան-­­Սա­րա­ճեան» զոյգ սրահ­նե­րուն մէջ գու­մա­րո­ւե­ցաւ թե­մի Ազ­գա­յին ե­րես­փո­խա­նա­կան 44-րդ ­ժո­ղո­վը, մաս­նակ­ցու­թեամբ ազ­գա­յին ու ե­կե­ղե­ցա­կան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու եւ նա­խա­գա­հու­թեամբ ­­Յու­նաս­տա­նի թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­­Գե­ղամ արք. ­­Խա­չե­րեա­նի, ո­րուն պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան վե­ցա­մեայ նստաշր­ջա­նի ա­ւար­տին կը զու­գա­դի­պէր։ ­­Ժո­ղո­վին ներ­կայ ե­ղան նաեւ Հ.Կ.­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան եւ «Ա­զատ Օր»-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։
­­Ժո­ղո­վի բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ դի­ւա­նին կող­մէ, ա­պա կար­դա­ցուե­ցաւ ­­Մե­ծի ­­Տանն ­­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­­Կա­թո­ղի­կո­սի նա­մա­կը ուղ­ղո­ւած ժո­ղո­վին, ո­րուն մէջ ­­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը կը կա­տա­րէր կարգ մը թե­լադ­րանք­ներ զա­նա­զան հար­ցե­րու մա­սին, ո­րոնք ան նկա­տեց իր հո­վուա­պե­տա­կան վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին։ ­­Յա­ջոր­դա­բար, իր հայ­րա­կան խօս­քը ուղ­ղեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, որ բա­րի յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց ժո­ղո­վին եւ յա­տուկ նշում կա­տա­րեց Ա­րամ Ա. ­­Վե­հա­փա­ռի նա­մա­կի պա­րու­նա­կու­թեան, ընդգ­ծե­լով ա­նոր մէջ տեղ գտած թե­լադ­րանք­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։
­­Յա­ջոր­դա­բար կար­դա­ցո­ւե­ցան շրջա­նա­ւարտ Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան զոյգ տե­ղե­կա­գիր­նե­րը։ Ի յայտ ե­կաւ եր­կա­մեայ բա­րո­յա­կան գոր­ծու­նէու­թեան պատ­կե­րը հո­գե­ւոր, ազ­գա­յին, վար­չա­կան, կրթա­կան եւ յա­րա­բե­րա­կան մար­զե­րէն ներս։ ­­Յա­տուկ բա­ժին տրո­ւած էր Ա­րամ Ա. ­­Վե­հա­փա­ռի հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեան եւ թե­մի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թեամբ ծրագ­րո­ւած քայ­լե­րուն։ ­­Մաս­նա­ւո­րա­պէս, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան տե­ղե­կա­գի­րին մէջ ման­րա­մասն տրո­ւե­ցան կրթա­կան, տնտե­սա­կան եւ կա­լո­ւա­ծոց հիմ­նա­կան հար­ցե­րը, ա­նոնց ուղ­ղու­թեամբ ի­րա­գոր­ծո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րը։ ­­Տե­ղե­կա­գիր­նե­րու բա­ժի­նը ամ­բող­ջա­ցաւ հա­շուէկշի­ռի ներ­կա­յա­ցու­մով, ուր յայտ­նի դար­ձան կա­րե­ւոր աշ­խա­տանք­նե­րը վար­չա­կան մա­տա­կա­րար­ման, վար­ժա­րան­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան, կա­լո­ւած­նե­րու խնամ­քին, պաշ­տօ­նէու­թեան եւ յա­րա­կից աշ­խա­տանք­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։ ­­Ժո­ղո­վը հան­գա­մա­նօ­րէն քննար­կեց բո­վան­դակ գոր­ծու­նէու­թի­նը եւ հա­մա­պա­տաս­խան գնա­հա­տա­կան կա­տա­րեց։
­­Ժո­ղո­վի երկ­րորդ օ­րը կա­տա­րո­ւե­ցան յա­ջորդ եր­կա­մեա­կին հա­մար նոր բա­նա­ձե­ւում­նե­րու մշա­կում­ներ։ Քն­նու­թեան հիմ­նա­կան օ­րա­կար­գե­րէն մէ­կը ե­ղաւ նոր թե­մա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ ըստ կա­նո­նագ­րու­թեան յօ­դո­ւած­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան. այս­պէս՝ պարտք դրուե­ցաւ նո­րըն­տիր Ազ­գա­յին վար­չու­թեան վրայ ան­յա­պաղ ձեռ­նար­կել ընտ­րու­թեանց ըն­թաց­քը եւ ա­նոնք յա­ջողց­նել ե­կող ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին մէջ։
Քն­նար­կում­նե­րու շար­քին կա­րե­ւո­րու­թեամբ անդ­րա­դարձ ե­ղաւ կազ­մա­կերպ­չա­կան խնդիր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ թե­մի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման խո­րա­պատ­կե­րին մէջ քննար­կո­ւե­ցան ազ­գա­յին­նե­րու ներգ­րաւ­ման, հո­գե­ւոր կեան­քի ա­ռա­ւել թափ տա­լու հրա­մա­յա­կա­նը, ժո­ղո­վուր­դին հետ կա­պե­րու խո­րա­ցու­մը, ազ­գա­յին տուր­քի բա­րո­յա­կան ար­ժէ­քը, ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ազ­գա­յին կեան­քին մօ­տեց­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նը, գա­ղու­թա­յին կա­ռոյնց­նե­րուն հետ հա­մա­տեղ ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­գոր­ծու­մը, ըն­կե­րա­յին եւ գա­ղու­թա­յին յա­րա­փո­փոխ պայ­ման­նե­րուն տակ ար­դի­նա­ւէտ ծրագ­րու­մի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։
­­Ժո­ղո­վը յա­տուկ քննար­կեց Հ.Կ.­­Խա­չի ազգ. վար­ժա­րան­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, հա­յե­ցի կրթու­թեան ընդ­լայն­ման եւ ամ­րապնդ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, թե­մի ըն­տա­նիք­նե­րուն մէջ հա­յա­շունչ կրթու­թիւն ջամ­բե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։
­­Ժո­ղո­վի ա­ւար­տին կա­տա­րո­ւե­ցան նոր մար­մին­նե­րու ընտ­րու­թիւն­ներ։ Ընտ­րո­ւե­ցան Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան նոր կազ­մե­րը։ ­­Յա­ջոր­դա­բար, ­­Թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դի նստաշր­ջա­նի ա­ւար­տին ու նոր ընտ­րու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ, ժո­ղո­վը լսեց Ա­րամ Ա. ­­Վե­հա­փա­ռի նա­մա­կը, ո­րով իր գնա­հա­տան­քը կը յայտ­նէր ­­Գե­ղամ արք. ­­Խա­չե­րեա­նի վե­ցա­մեայ ա­ռաջ­նոր­դու­թեան ըն­թաց­քին մա­սին, ա­պա կը ներ­կա­յաց­նէր նոր ընտ­րու­թեան հա­մար թեկ­նա­ծու­նեըու ե­ռա­նուն ցանկ մը։ ­­Ժո­ղո­վը միա­ձայ­նու­թեամբ վե­րընտ­րեց ­­Գե­ղամ Սր­բա­զա­նը որ­պէս ­­Յու­նաս­տա­նի թե­մի Ա­ռաջ­նորդ՝ յա­ջորդ վեց տա­րի­նե­րուն հա­մար։ Սր­բա­զան հայ­րը խօսք առ­նե­լով իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց ժո­ղո­վին կողմէ ար­տա­յայ­տո­ւած վստա­հու­թեան հա­մար իր ան­ձին հան­դէպ, ու շեշ­տեց ա­ռա­ւել կամ­քով ու ամ­բող­ջա­կան յանձ­նա­ռու­թեամբ գոր­ծե­լու իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը մար­մին­նե­րուն հետ, ի խնդիր թե­մի ծաղ­կաց­ման։ ­­Ժո­ղո­վը ա­ւար­տե­ցաւ «­­Կի­լի­կիա» մաղ­թեր­գով։