Երէկ, Կիրակի՝ 7 Յուլիս 2019ին, Յունաստանի մէջ տեղի ունեցան յունական խորհրդարանի երեսփոխանական ընտրութիւնները։
26 Մայիսի եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններու արդիւնքներու ստեղծած քաղաքական իրավիճակէն ետք, երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպումը յայտարարուեցաւ Յուլիս 7ին համար, նախընտրական շատ կարճ ժամանակաշրջան մը տալով մասնակցող կուսակցութիւններուն՝ համոզելու համար ընտրական զանգուածները։
Նախընտրական պայքարը ընթացաւ Յունաստանի տնտեսական ճգնաժամի լոյսին տակ։ Գլխաւոր երկու կուսակցութիւններու կիզակէտն էր տասնամեայ տնտեսական ճգնաժամէն դուրս ելլելու խոստումները եւ անոնց համապատասխան ծրագիրներու ներկայացումը։
Մինչեւ առաւօտ յայտարարուած արդիւնքները կու տան հետեւեալ պատկերը՝
Նոր Հանրապետութիւն (Ν.Δ) ՝ 39,85%
Սիրիզա (ΣΥΡΙΖΑ)` 31,53%
Քինալ (ΚΙΝΑΛ)՝ 8,10%
Համայնավարներ (ΚΚΕ)՝ 5,30%
Յունական Լուծում (ΕΛΛΗΝΙΚΗ ΛΥΣΗ)՝ 3,70%
Օր25 (ΜΕΡΑ25)՝ 3,44%
Այսօր կէսօրին, նորընտիր վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս պիտի կատարէ իր երդումը՝ հանրապետութեան նախագահին առջեւ եւ նոյն օրը կը սպասուի, որ ան պիտի յայտարարէ նոր կառավարութեան կազմը։
Ընտրութիւններէն առաջ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտարարութիւն հրապարակեց, որուն մէջ կը նշուէր թէ, անձնական նախասիրութիւններու կողքին, յունահայութեան քուէները ուղղուած պէտք է ըլլան լաւագոյն թեկնածուներու ընտրութեան, որոնք իրենց անցեալի գործունէութեամբ կամ ապագայի խոստմնալից ընթացքով, զօրավիգ կը կանգնին մեր ազգին ու մեր համայնքին եւ փաստած են հայութեան իրական բարեկամներ ըլլալու իրողութիւնը։