Այս Կիրակի՝ 26 Մայիս 2019ին, Յունաստանի տարածքին կազմակերպուող մարզային-քաղաքապետական եւ Եւրոպական Խորհրդարանի զոյգ ընտրութիւններուն առիթով, բոլոր յոյն քաղաքացիները կոչուած են քուէատուփ առաջնորդուելու, իրենց քաղաքացիական գերագոյն իրաւունքը պարտաճանաչօրէն գործադրելու համար։ Մեր բոլորի քուէները այս պարագային ուղղուած կ’ըլլան հելլէն քաղաքական դաշտէն ներս առաջադրուող կուսակցութեանց լաւագոյն թեկնածուներու ընտրութեան, ըստ մեր հայեցողութեան եւ անձնական համոզումներուն։
Ընտրութիւնը կը կատարենք, մեր նախընտրութիւնը ցոյց տալով այն ներկայացուցիչներուն, որոնց նախկին գործունէութիւնը, կամ ապագայի խոստմնալից ընթացքը մեզ կը համոզեն, թէ յաջորդող քառամեայ ժամանաշրջանին մէջ, անոնք իրենց ուժերը պիտի լարեն՝ գոհացնելու համար մեր ակնկալութիւնները։
Յունահայութիւնը այս պարագային անհատապէս, թեկնածուի մը կամ անոր ետեւը կանգնող կուսակցութեան մը նկատմամբ քաղաքացիի իր բնական նախասիրութիւններէն անկախ, միշտ պէտք է ի մտի ունենայ ազգային մեր իւրայատուկ իրավիճակէն բխող մեր գաղութային կարիքներն ու ազգային հեռանկարները, ինչպէս նաեւ այս ուղղութեամբ իսկական ջանքերը տարուած բոլոր այն թեկնածուներուն, որոնք անցեալին կամ ներկայիս սատարած են մեր գաղութի աշխատանքներուն՝ գործնական ու շօշափելի փաստերով։
Մեր համայնքին ծանօթ անձնաւորութիւններ են անոնք, որոնց գործունէութեան ու նախաձեռնութիւններուն մասին օրին անդրադարձած ենք մեր օրաթերթով կամ համացանցային հարթակներով, լուսաբանելով մեր ժողովուրդը անոնց գործնական զօրակցութեան մասին, որ պարզ խօսքերէն ու տրուած խոստումներէն անդին պէտք է ըլլայ։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը, քաղաքապետական-մարզպետական եւ Եւրոպական Խորհրդարանի ընտրութեանց նախօրեակին, կ’ուզէ մեր հայրենակիցներուն յիշեցնել, թէ այս մօտեցումով պէտք է ընկալել իւրաքանչիւր անհատ թեկնածուի մասին ցոյց տրուած նախասիրութիւնը, մեր գաղութի կարիքներուն հասնելու փաստուած գործերը նկատի ունենալով։ Նոյնպէս՝ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը զօրավիգ կը կանգնի հայկական ծագումով բոլոր մեր ազգակիցներուն, որոնք իրենց թեկնածութիւնը կ’առաջադրեն այս ընտրութիւններուն։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի
Հայ Դատի Յանձնախումբ