­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան փոխ­նա­խա­րար ­Կա­րէն Բ­րու­տեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ կը գտնո­ւի ­Յու­նաս­տան։ Այս ծի­րէն ներս, Ե­րեք­շաբ­թի, 22 ­Մարտ 2022-ին, ան հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան փոխ­նա­խա­րար ­Նի­քո­լաոս ­Խար­տա­լիա­սի հետ։ ­Հան­դի­պու­մին ներ­կայ էին ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան պաշտ­պա­նա­կան ներդ­րում­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նի տե­ղա­կալ նախ­կին զօ­րա­վար ­Մի­սա­յիլ ­Փա­փա­տա­քիս, մինչ հայ­կա­կան կող­մէն մաս­նակ­ցե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան սար­քա­ւո­րում­նե­րու տնօ­րէ­նու­թեան տե­ղա­կալ ­Սեր­գէյ Աբ­րա­հա­մեան, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան ռազ­մա­կան կցորդ գնդա­պետ Ար­թիւր ­Դա­լի­բալ­տեան, ինչ­պէս նաեւ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան քա­ղա­քա­կան եւ ռազ­մա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան բա­ժան­մուն­քի պա­տաս­խա­նա­տու փոխգն­դա­պետ Էյ­լին ­Քո­չա­րեան։ ­Հան­դի­պու­մը կա­յա­ցած է ջերմ մթնո­լոր­տի մէջ, եր­կու կող­մե­րը անդ­րա­դարձ կա­տա­րած են հա­սա­րա­կաց հար­ցե­րուն, յա­տուկ շեշտ դնե­լով ռազ­մա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման ու ամ­րապնդ­ման վրայ։ ­Սոյն հան­դի­պու­մը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ քննար­կե­լու ըն­թա­ցիկ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րը, տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին հար­ցե­րը։