­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 20 ­Հոկ­տեմ­բե­րին Եւ­րո­պա­յի խոր­հուր­դի խորհրդա­րան­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րու հա­մա­ժո­ղո­վին ըն­դա­ռաջ, ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­լէն ­Սի­մո­նեան հիւ­րըն­կա­լո­ւած է ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ ­Քոնս­տան­թի­նոս ­Թա­սու­լա­սին կող­մէ: ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը, ող­ջու­նե­լով իր գոր­ծըն­կե­րոջ, շեշ­տած է եր­կու եր­կիր­նե­րու խորհրդա­րան­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: Իր խօս­քի սկիզ­բին, Ք. ­Թա­սու­լաս յա­տուկ նշում կա­տա­րեց ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման մա­սին, միա­ժա­մա­նակ իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նեց՝ ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ­Պոն­տոս­ցի յոյ­նե­րու եւ Ա­սո­րի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մին առն­չու­թեամբ։ ­Խօ­սե­լով միա­ցեալ ծրա­գիր­նե­րուն մա­սին՝ ան ա­ռանձ­նա­ցուց Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան շրջա­նա­կէն ներս ի­րա­կա­նա­ցո­ւող եղ­բայ­րա­ցում­նե­րու «­Թո­ւի­նինկ» ծրա­գի­րը: Ա­նոր գնա­հա­տու­մով՝ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րան­նե­րը այս ծրագ­րի ի­րա­կա­նաց­ման յա­ջող եւ օ­րի­նա­կե­լի փոր­ձա­ռու­թիւն կու­տա­կած են:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ըն­դու­նե­լու­թեան եւ հա­մա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցու­թեան հրա­ւէ­րին հա­մար՝ ­Հա­յաս­տա­նի Ա.Ժ. նա­խա­գա­հը յոյն գոր­ծըն­կե­րոջ ան­ձին՝ շնոր­հա­ւո­րած է բա­րե­կամ յոյն ժո­ղո­վուր­դին Օս­մա­նեան կայս­րու­թե­նէն ­Յու­նաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան ազ­գա­յին յե­ղա­փո­խու­թեան 200-ա­մեա­կին ա­ռի­թով:
­Կող­մե­րը հաս­տա­տած են, որ հայ-յու­նա­կան միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բարձր մա­կար­դա­կի վրայ կը գտնո­ւին՝ ընդգ­ծե­լով երկ­կող­մա­նի բազ­մո­լորտ օ­րա­կար­գի առ­կա­յու­թիւ­նը: ­Սի­մո­նեան կա­րե­ւո­րած է ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րան­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ ընդգ­ծե­լով բա­րե­կա­մա­կան խում­բե­րու գոր­ծու­նէու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը: Ան հա­ւաս­տիա­ցու­ցած է, որ ­Հա­յաս­տա­նը շա­հագրգ­ռո­ւած է խթա­նե­լու միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը երկ­կող­մա­նի եւ բազ­մա­կող­մա­նի հար­թակ­նե­րուն վրայ: ­Հան­դի­պու­մին քննար­կո­ւած են նաեւ ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան-­Կիպ­րոս խորհր­դա­րա­նա­կան ձե­ւա­չա­փով ե­ռա­կողմ գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րը: ­Կող­մե­րը անդ­րա­դար­ձած են 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մէն յե­տոյ առ­կայ ի­րադրու­թեան: Ա­լէն ­Սի­մո­նեան կա­րե­ւո­րած է ­Յու­նաս­տա­նի հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած դիր­քո­րո­շու­մը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի խում­բի հա­մա­նա­խա­գա­հու­թեան ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ կար­գա­ւո­րե­լու հար­ցին մէջ: ­Հան­դի­պու­մի ա­ւար­տին եր­կու կող­մե­րը հան­դէս ե­կած են մամ­լոյ ա­սու­լի­սով: