Երէկ՝ Կիրակի, 21 Մայիսին, Յունաստանի մէջ տեղի ունեցան երեսփոխանական ընտրութիւններ։ Արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ հինգ կուսակցութիւններ մուտք կը գործեն յաջորդ խորհրդարանէն ներս։ Նկատի ունենալով քուէարկութեան կեդրոններու 99,56% հաշուարկումը մինչեւ այսօր կանուխ առաւօտ, ընտրութիւններու արդիւնքները կու տան հետեւեալ պատկերը։
Նէա Տիմոքրաթիա՝ 40,79%, 146 աթոռ
Սիրիզա՝ 20,07%, 71 աթոռ
Փասօք՝ 11,46%, 41 աթոռ
Յունաստանի Համայնավար կուսակցութիւն՝ 7,23%, 26 աթոռ
Էլինիքի Լիսի՝ 4,45%, 16 աթոռ
Երէկուան ընտրութիւններէն յայտնի կը դառնայ, թէ իշխող կուսակցութիւնը զօրացուց իր դիրքը, իսկ ընդդիմադիր գլխաւոր կուսակցութիւնը կորսնցուց իր ուժի զգալի մասը։ Երրորդ հանդիսացող կուսակցութիւնը ուժի կարեւոր նուաճում ունեցաւ, չորրորդ եւ հինգերորդ կուսակցութիւնները եւս տեսան իրենց համեմամատութիւնները աւելի բարձր նիշերու վրայ։
Վարչապետը իր ուղերձին մէջ խօսք ըրաւ իշխող կուսակցութեան յստակ յաղթանակին մասին, սակայն ան շեշտը դրաւ իր կուսակցութեան աւելի ուժեղ ըլլալու նախադրեալին վրայ, կտրելով բոլոր հաւանականութիւնները գործակցական կառավարութեան մը կազմութեան համար։ Գործակցութեան նպատակ ցոյց չտուին նաեւ մնացեալ կուսակցութիւններու ղեկավարները իրենց յայտարարութիւններուն ընթացքին։ Այս իրականութեան լոյսին տակ, հաւանական կը նկատուի, թէ ընտրութիւնները պիտի անցնին երկրորդ փուլին՝ Կիրակի, 25 Յունիսին, ուր առաջին կուսակցութիւնը պիտի հետապնդէ թիւերու եւ աթոռներու բացառձակ մեծամասնութիւնը, կազմելու համար մեծամասնական կառավարութիւն։
Նշենք, որ երէկուան ընտրութիւնները տեղի ունեցան պարզ համեմատական ձեւով, իսկ 25 Յունիսի երկրորդ փուլը պիտի կատարուի օժանդակող համեմատական դրութեամբ, ուր առաջին հանդիսացող կուսակցութիւնը պիտի ստանայ յաւելեալ 40 աթոռ։ Այս անգամ, երեսփոխաններու ընտրութիւնը պիտի ըլլայ կուսակցութիւններու պատրաստած ցանկերու հիման վրայ, առանց խաչ դնելու իւրաքանչիւր անունին կից։