­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 107-րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Քաթերինա Սաքելարոփուլու հե­տե­ւեալ ու­ղեր­ձը յղեց։
«Այ­սօր մենք յու­զու­մով եւ յար­գան­քով կ­՚ո­գե­կո­չենք ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը, ո­րոնք 107 տա­րի ա­ռաջ ան­մարդ­կա­յին կեր­պով բնաջն­ջո­ւե­ցան Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան օ­րե­րուն։ Այդ ող­բեր­գու­թիւ­նը կը հան­դի­սա­նայ պատ­մու­թեան մութ էջ եւ կը յի­շեց­նէ մեզ, թէ որ­քան կա­րե­ւոր են կեան­քի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը, մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րուն նկատ­մամբ յար­գան­քը, ինչ­պէս նաեւ ազ­գա­յին, կրօ­նա­կան ու ինք­նու­թեան բազ­մա­զա­նու­թեան ըն­կալ­ման ու ըմբռն­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ ­Մեր եղ­բայր­նե­րուն նկատ­մամբ ի­րա­գոր­ծո­ւող խտրա­կա­նու­թեան, բռնու­թեան ու ա­տե­լու­թեան նկատ­մամբ մշտա­կան զգօ­նու­թիւնն ու ար­ձա­գան­քը բո­լո­րիս պարտքն է՝ ազ­գե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու խա­ղաղ գո­յակ­ցու­թեան հիմ­նա­կան պայ­մա­նը։
­Նոյն­պէս, ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քիս կա­տա­րեց հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը։
«­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն եւ 1,5 մի­լիոն մար­դոց հե­տե­ւո­ղա­կան բնաջնջու­մէն ետք, կը յար­գենք զո­հե­րու յի­շա­տա­կը։ Ան­ցեա­լի պատ­մու­թեան սեւ է­ջե­րու յի­շո­ղու­թիւ­նը, նմա­նօ­րի­նակ ո­ճիր­նե­րու կանխ­ման ու­ղե­ցոյ­ցը կը հան­դի­սա­նայ։ ­Մեր ա­ռաջ­նա­հերթ հե­տապնդու­մը պէտք է ըլ­լայ խա­ղա­ղու­թեան եւ փո­խա­դարձ յար­գան­քով յատ­կան­շո­ւող ա­պա­գա­յի մը կեր­տու­մը»։ Ն­շենք, որ 24 Ապ­րի­լի օ­րը նմա­նօ­րի­նակ ու­ղերձ­նե­րով հան­դէս ե­կան ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­ներ, պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան բազ­մա­թիւ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ։