­Պէյ­րու­թի մէջ ա­հա­ւոր եւ մա­հա­ցու պայ­թումէն ետք, ­Յու­նաս­տա­նի ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ պետ Իէ­րո­նի­մոս ար­քե­պիս­կո­պո­սը, յա­նուն յոյն ե­կե­ղեց­ւոյ Ս. ­Սի­նո­տին, 11 Օ­գոս­տո­սին մխի­թա­րա­կան եւ զօ­րակ­ցա­կան նա­մակ մը ղրկեց ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սին։ ­Նա­մա­կին մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս նշո­ւած է.
«­Խոր կսկի­ծով եւ հո­գե­կան ցա­ւով տե­ղե­կա­ցանք ­Պէյ­րու­թի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­ւե­րիչ պայ­թումի անս­պա­սե­լի լու­րե­րուն ու ա­նոր յա­ջոր­դող մու­թին եւ մա­հո­ւան ստո­ւե­րին մա­սին, որ պա­տեց ­Լի­բա­նա­նի եր­կի­րը:
­Բազ­մա­թիւ մա­հե­րու, տու­ժած­նե­րու ա­նո­րոշ թի­ւի, անբնա­կե­լի դար­ձած շէն­քե­րու, ե­կե­ղե­ցի­նե­րու, հի­ւան­դա­նոց­նե­րու եւ այլ կա­ռոյց­նե­րու ոչն­չաց­ման, մարդ­կա­յին ցա­ւի ու ար­ցուն­քի ող­բա­լի լու­րե­րը, ո­րոնք հա­սան մեր սի­րե­լի ­Լի­բա­նա­նի երկ­րէն, մղե­ցին մեզ՝ ան­ձամբ, ինչ­պէս նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի Ս. Ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րը եւ աս­տո­ւա­ծա­սէր յոյն ժո­ղո­վուր­դը ար­տա­յայ­տե­լու ի Ք­րիս­տոս մեր սրտա­գին եւ ան­կեղծ զգա­ցում­ներն ու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ­Ձերդ Սր­բու­թեան։ Այս ա­ռի­թով, ­Վե­հա­փառ ­Տէր, կը ցան­կանք յայտ­նել, որ մեր Ս. Ե­կե­ղե­ցին, ա­նոր հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը, վա­նա­կան­ներն ու հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը ջեր­մե­ռան­դօ­րէն կ­՚ա­ղօ­թեն՝ ո­ղոր­մու­թիւն եւ բա­րե­խօ­սու­թիւն հայ­ցե­լով Աս­տուծ­մէ, որ­պէս­զի Ան ­Պէյ­րու­թի մէջ տա­ռա­պող իւ­րա­քան­չիւր մար­դու պար­գե­ւէ մխի­թա­րու­թիւն, համ­բե­րու­թիւն, ուժ, վստահ յոյս, տո­կու­նու­թիւն եւ ան­սա­սան քա­ջու­թիւն, ար­դիւ­նա­ւէտ կեր­պով յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար այս անս­պա­սե­լի ա­ղէ­տը»: