­Չո­րեք­շաբ­թի 18 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, նա­խա­պէս դա­սա­ւո­րո­ւած ժա­մադ­րու­թեամբ, ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Եոր­ղոս Ե­րա­բեթ­րի­թիս, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան շէն­քէն ներս ըն­դու­նեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մա­պոն­տա­կան միու­թիւն­նե­րու պա­տո­ւոյ նա­խա­գահ Ս­թե­ֆա­նոս ­Թա­նի­մա­նի­տի­սի, ինչ­պէս նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի Ա­սո­րի­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ ­Քի­րիա­քոս ­Պա­ցա­րա­սի կող­մէ բաղ­կա­ցած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը։
­Հան­դիպ­ման նպա­տակն էր նա­խա­րա­րին ի­րա­զե­կել հայ, յոյն եւ ա­սո­րի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դի­մագ­րա­ւած ներ­կայ ի­րա­վի­ճակ­նե­րուն մա­սին, շեշ­տը դնե­լով յու­նա­կան պե­տու­թեան եւ ­Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ առ­նո­ւե­լիք կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն շուրջ։
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը պար­զեց Ար­ցա­խի դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճիր­նե­րու հե­տե­ւանք­նե­րով ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կը, շեշ­տե­լով մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ան­գոյ ու ան­բա­ւա­րար հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը էթ­նիք զտու­մը կան­խե­լու հար­ցին մէջ։ Զ­րոյց ծա­ւա­լե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի շա­րու­նա­կա­կան յար­ձա­կո­ղա­կան քայ­լե­րուն շուրջ, նշե­լով ա­տոնց հա­կա­դար­ձե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ ­Դի­տել տրո­ւե­ցաւ նաեւ յու­նա­կան պե­տու­թեան ներ­գոր­ծու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ յստակ քայ­լե­րու եւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու որ­դեգ­րու­մով։
­Նա­խա­րար Եոր­ղոս Ե­րա­բեթ­րի­թիս հա­ւաս­տիա­ցուց ­Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան զօ­րակ­ցա­կան կե­ցո­ւած­քին մա­սին, շեշ­տե­լով հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ հա­սա­րա­կաց բար­քե­րու եւ ար­ժէք­նե­րու առ­կա­յու­թիւ­նը, որ ու­ղե­ցոյց կը կազ­մեն պե­տա­կան մա­կար­դա­կի, այ­լեւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման գծով։
­Մէկ ժամ տե­ւած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին զրոյց ծա­ւա­լե­ցաւ հայ­կա­կան, յոյն պոն­տա­կան եւ ա­սո­րա­կան հա­մայնք­նե­րու ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նը գտնո­ւող տար­բեր հար­ցե­րու շուրջ։