Ուրբաթ՝ 16 Հոկտեմբերին, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս աշխատանքային այցելութիւն կատարեց Հայաստան  եւ տեսակցեցաւ հայրենի ղեկավարութեան հետ։ Խօսակցութիւններու առանցքը կազմեցին տարածաշրջանին մէջ կատարուող իրադարձութիւնները եւ յատկապէս Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմը ու անոր հետեւանքները։
Յոյն նախարարը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Յունաստանի Ա.Գ. նախարարին կ՚ուղեկցէին Հայաստանի Ա.Գ. նախարարի տեղակալ Աւետ Ադոնց ու Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան եւ Հայաստանի մէջ Յունաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էվանկելոս Թուրնաքիս: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան նախարար Նիքոս Տենտիասին ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը։ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ շրջեցաւ թանգարանը եւ գրառում կատարեց յուշամատեանին մէջ:
Յաջորդաբար, կայացաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, որուն յաջորդեց նաեւ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու միջեւ խառն հանդիպումը։

Նիքոս Տենտիաս իր համերաշխութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին

Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարարը իր համերաշխութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին: Այս յայտարարութիւնը կատարեց նախարար Զօհրապ Մնացականեան՝ Հայաստանի եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարներու միասնական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
«Մենք այսօր ունեցել ենք արդիւնաւէտ ու կառուցողական քննարկում մեր ընդգրկուն օրակարգի շուրջ: Մեր հանդիպումը տեղի է ունենում մի իրավիճակում, երբ Արցախում մեր հայրենակիցները կանգնած են գոյութենական վտանգի առջեւ: Ցանկանում եմ շնորհակալութիւն յայտնել Յունաստանի իմ գործընկերոջը՝ այս իրավիճակում Հայաստան այցելելու եւ իր համերաշխութիւնը հայ ժողովրդին յայտնելու համար: Մեր տարածաշրջանները՝ Արեւելեան Միջերկրականն ու Կովկասը, այս պահին բախւում են նոյն սպառնալիքին, որի հիմքում Թուրքիայի ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնն է», ըսաւ Մնացականեան:

Հայ նախարարը նշեց, որ Հայաստանի եւ Յունաստանի յարաբերութիւնը աւանդաբար աչքի ինկած է ջերմութեամբ ու բարեկամական բնոյթով:

«Մեր երկու բարեկամական յարաբերութիւնները զարգանում են դինամիկ (զօրաւոր — Խմբ.) կերպով: Շատ կարեւոր է, որ մեր երկրները միջազգային օրակարգի բազմաթիւ հարցերի շուրջ ունեն համահունչ մօտեցում: Մեր երկկողմ յարաբերութիւնները նաեւ կարեւորւում են Հայաստան-Ե.Մ. գործընկերութեան համատեքստում», նշեց Մնացականեան։
Ան նաեւ աւելցուց.- «Հայաստանի համար հարցը եղել եւ մնում է առաւել քան պարզ` խօսքը գոյութենական անվտանգութեանն է վերաբերում: Մեր հայրենակիցների ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման ճանաչումն առաջնային, գերակայ խնդիրն է, այսօր նաեւ արտայայտւում է այն փաստով, որ սա ամէնից բացի նաեւ պաշտպանութեան միջոց է: Մենք շարունակելու ենք աշխատել միջազգային հանրութեան ու մեր գործընկերների հետ, հաւատարիմ ենք Հոկտեմբերի 10-ին Մոսկուայում հասած պայմանաւորուածութեանը, մենք շարունակում ենք պնդել, որ ուժի միջոցով այս խնդիրը հանգուցալուծում չի ունենալու: Այս հանգամանքն ի ցոյց են դնում մեր հայրենակիցները, խիզախները, որոնք Արցախում վճռականութիւն են ցուցաբերում` պաշտպանելու հողը, հայրենիքը, կեանքը, ընտանիքը: Նրանք բացառելու են թշնամուն ենթադրելու, որ երբեւէ այս խնդիրը կարող է ունենալ ռազմական լուծում: Հակառակորդն ունենալու է աւելի խորը ճգնաժամ»:
Անդրադառնալով միջազգային հանրութեան կոչերուն, որոնք կը նշեն, որ հակամարտութիւնը ունի միայն խաղաղ եւ բանակցային լուծում, Մնացականեան նշեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ այդ կոչերը, սակայն անոնք կ՚անտեսուին Ատրպէյճանին կողմէ:
«Մենք շատ բարձր ենք գնահատում այն ընդհանուր ընկալումը եւ գնահատականը, որ ձեւաւորուել է մեր գործընկերների եւ միջազգային հանրութեան մօտ, մեր հայրենակիցների նկատմամբ` Արցախի բնակչութեան նկատմամբ, որի թիրախ են մարդիկ, քաղաքացիական բնակչութեան վրայ ընտրուած է ուժի կիրառում, ագրեսիայի, պատերազմի ճանապարհը` հիմնախնդրին լուծում տալու: Հայաստանը` հանդիսանալով մեր հայրենակիցների անվտանգութեան միակ երաշխաւորը, եղել եւ մնում է նրանց պաշտպանը եւ աջակիցը: Ամենահիմնական խնդիրներից մէկն այն է, որ երկու նոր հանգամանքները` Թուրքիայի գործօնը եւ միջազգային ահաբեկիչների գործօնը, ստեղծել են ամենավտանգաւոր հաշուարկը Բաքւում, որ իրենք կարող են չլսել միջազգային հանրութեան մօտեցումն այս խնդրում: Դա, բնականաբար, վտանգաւոր է ու միեւնոյն ժամանակ, վստահաբար, ունի իր հետեւանքները», նշեց նախարարը:
Զօհրապ Մնացականեան աւելցուց, որ Հայաստանը պիտի շարունակէ աշխատիլ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջագիծէին մէջ, ինչպէս նաեւ իր բոլոր գործընկերներուն հետ, որպէսզի աւելի ուժեղացնէ քաղաքական եւ դիւանագիտական անհրաժեշտ գործիքներու կիրառումը՝ հասնելու խաղաղ յանգուցալուծման:

«Թուրքիան պէտք է դատապարտել՝ նկատի առնելով իր գործողութիւնները, ոչ թէ յայտարարութիւնները». Յունաստանի Ա.Գ. նախարար

Կարեւոր է, որ միջազգային հանրութիւնը յստակ զանազանէ անոնց, որոնք իւղ կը լեցնեն լարման կրակին վրայ եւ անոնց, որոնք կ՚որդեգրեն կառուցողական մօտեցում եւ կը մնան վէճերու լուծման խաղաղ տարբերակին հաւատարիմ: Այս տեսակէտը յայտնեց Յունաստանի Ա.Գ. նախարար Նիքոս Տենտիաս մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին:
Տենտիաս նշեց, որ Աթէնքէն ուշադիր կը հետեւին զարգացումներուն, կ՚ողջունեն հրադադարի բանակցութիւնները Մոսկուայի մէջ։ «Մեզ շատ կը մտահոգեն այդ պայմանաւորուածութիւններու խախտումները: Հրադադարը պէտք է խստիւ յարգուի: Մենք կը համարենք, որ տեւական լուծումներուն կարելի է հասնիլ միայն դիւանագիտական միջոցներով՝ վերադառնալով բանակցութիւններու սեղանին Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիին տակ, միջազգային իրաւունքի կուռ հիմքերու վրայ: Մենք անվտանգութեան շատ լուրջ մարտահրաւէրներու վրայ կը բախինք, որոնք կապ ունին մեր անմիջական հարեւանութեան հետ, բայց կը փորձենք գտնել դիւանագիտական լուծումներ՝ յանուն խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարեկեցութեան տարածաշրջանին մէջ: Երկու դէպքերուն համար ալ կարեւոր է, որ միջազգային հանրութիւնը յստակ տարբերութիւն դնէ անոնց միջեւ, որոնք իւղ կը լեցնեն կրակին վրայ եւ անոնց միջեւ, որոնք կ՚որդեգրեն կառուցողական մօտեցում եւ կը մնան վէճերու լուծման խաղաղ տարբերակին հաւատարիմ», ըսաւ յոյն նախարարը:
Յունաստանի Ա.Գ. նախարարը շեշտեց՝ բացարձակապէս յստակ է, որ պէտք է վերջ դրուի օտար միջամտութեան: «Անգարայի միջամտութիւնը առաւել այս մէկ հակամարտութեան մէջ շատ մտահոգիչ է: Այն յառաջ բերած է լուրջ մտահոգութիւններ միջազգային գետնի վրայ», ըսաւ ան:
Տենտիաս յիշեցուց, որ Յունաստանը այս խնդիրին համար սկիզբէն բարձրացուցած է իր ձայնը: «Մենք առաջինն էինք, որ պահանջեցինք Ե.Մ.-ի արձագանքը՝ տեւական հրադադարի եւ խաղաղ լուծման կոչ ընելով՝ Մինսքի խումբի հովանաւորութեան տակ: Մենք նաեւ առաջարկեցինք, որ Ե.Մ. կոչ ընէ դադրեցնել արտաքին կողմերու ներգրաւումը», ըսաւ ան:
Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի ոչ հիմնաւոր պնդումներուն ու մեղադրանքներուն, ու յիշեցուց որ Յունաստանը ետ կանչած իր դեսպանը Պաքուէն:
Յունաստանի Ա.Գ. նախարարը յայտնեց, որ Հայաստանի իր գործընկերոջ տեղեկացուցած է Սուրիոյ, Իրաքի , Կիպրոսի, Լիպիոյ եւ Միջերկրական Ծովու արեւելեան մասին յառաջ եկած լարուածութեան ու ապօրինի գործողութիւններուն մասին: «Բոլորն ալ ունին քաջ յայտնի ընդհանուր յայտարար: Ընդհանուր յայտարարը Թուրքիան է, միջազգային օրինաւորութիւնը յարգելու Եւրոպական Միութեան կոչերու անտեսումը Թուրքիոյ կողմէ», ըսաւ ան ու աւելցուց, որ Թուրքիան պէտք է դատապարտել՝ նկատի ունենալով իր գործողութիւնները եւ ոչ թէ յայտարարութիւնները:

Արմէն Սարգսեան ընդունեց Յունաստանի Ա.Գ. նախարարը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 16 Հոկտեմբերին հիւրընկալեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին անդրադարձ եղաւ Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական յարձակումներուն եւ անոր կողմէն Հայաստանի տարածքին նկատմամբ կատարուած ոտնձգութիւններուն, հրադադարի վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութեան եւ զայն պահպանելու կարեւորութեան, ինչպես նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ զայն շարունակաբար խախտելուն:
Քննարկուած են նաեւ երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան հետագայ խորացման վերաբերող հարցեր:

Վարչապետ Փաշինեան եւ Նիքոս Տենտիաս ընդգծած են Թուրքիոյ քաղաքականութեան անընդունելիութիւնը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Յունաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասը ու անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Վարչապետը բարձր արժեւորելով հայ-յունական երկկողմանի կապերը, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց նախարարին, Յունաստանի ցուցաբերած ջերմ աջակցութեան համար։ Ան անդրադարձաւ 27 Սեպտեմբերէն Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ սանձազերծուած պատերազմին՝ խօսելով Թուրքիոյ բացահայտ դերակատարութեան եւ տարածաշրջանը ապակայունացնող քայլերու մասին:
Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը Նիկոլ Փաշինեանին փոխանցեց Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի ջերմ ողջոյնները եւ աջակցութեան խօսքերը: Նիքոս Տենտիաս ըսաւ, որ երկու ժողովուրդները եւ երկիրները կը կապէ դարաւոր ամուր բարեկամութիւնը, եւ այս բարդ իրավիճակին Յունաստանը, յոյն ժողովուրդը հայ ժողովուրդի կողքին են: Ան նշեց, որ Յունաստանը Լեռնային Ղարաբաղի վրայ ռազմական գործողութիւններու անհապաղ դադրեցման կողմնակից է, քանի որ բռնութիւնը հարցի լուծման ճանապարհ չէ: Նաեւ ընդգծեց, որ Յունաստան կը դատապարտէ ռազմական գործողութիւնները հրահրող արտաքին միջամտութիւնները եւ կը սատարէ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի խումբի համանախագահներու՝ հրադադարը պահպանելու եւ բանակցային գործընթացը վերսկսելու կոչին:
Վարչապետը եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձ կատարեցին Թուրքիոյ ապակայունացնող ծաւալապաշտական քաղաքականութեան, որ կը դրսեւորուի տարբեր տարածաշրջաններու մէջ: Նիկոլ Փաշինեանը եւ Նիքոս Տենտիաս ընդգծեցին նման քաղաքականութեան անընդունելիութիւնը եւ միտքեր փոխանակել անոր հակազդելու ուղղութեամբ համատեղ քայլերուն մասին:
Վարչապետը խնդրած է իր ջերմ բարեմաղթանքները փոխանցել Յունաստանի վարչապետին: Նիքոս Տենտիասը, Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի անունով, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին փոխանցեց Յունաստան այցելութիւն կատարելու հրաւէրը: