Ինչ­պէս ար­դէն մեր ե­րէ­կո­ւան թի­ւով հա­ղոր­դած էինք, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 10 ­Յու­նո­ւար 2024-ին, ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Եոր­ղոս Ե­րա­փեթ­րի­թիս պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ գտնո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տան։

­Յար­գան­քի տուրք՝ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին

­Պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­պում­նե­րու մեկ­նար­կէն ա­ռաջ, ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Եոր­ղոս Ե­րա­փիթ­րի­թիս ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րին առ­ջեւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին։
­Յոյն նա­խա­րա­րը ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղեց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ եւ ծա­ղիկ­ներ դրաւ ան­մար կրա­կին մօտ։
­Յու­նաս­տա­նի Ա.Գ. նա­խա­րա­րին ու­ղեկ­ցե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ա­րա­րատ ­Միր­զո­յեան։ ­Յա­ջոր­դա­բար, տե­ղի ու­նե­ցաւ այ­ցե­լու­թիւն ­Ցե­ղասպա­նու­թեան թան­գա­րան, ուր յոյն նա­խա­րա­րը ծա­նօ­թա­ցաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան հետ կա­պո­ւած փաս­տա­թուղ­թե­րուն եւ ցու­ցան­մուշ­նե­րուն։

­Պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­պում եւ մամ­լոյ ա­սուլիս

­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մէջ մեկ­նար­կեց ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ա­րա­րատ ­Միր­զո­յեա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գո­րոց նա­խա­րար Եոր­ղոս Ե­րա­փիթ­րի­թի­սի ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցը։ Ան­կէ ետք, յա­ջոր­դեց ընդ­լայ­նո­ւած հան­դի­պում եր­կու նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ, ուր քննար­կուե­ցան երկ­կող­մա­նի գոր­ծակ­ցու­թեան հար­ցե­րը։
­Հան­դի­պում­նե­րէն ետք, եր­կու նա­խա­րար­նե­րը հան­դէս ե­կան մամ­լոյ ա­սու­լի­սով։ Իր խօս­քին մէջ ­Հա­յաս­տա­նի Ա.Գ. նա­խա­րա­րը մաս­նա­ւո­րա­պէս շեշ­տեց։
«Ինձ հա­մար մեծ պա­տիւ է այ­սօր Ե­րե­ւա­նում հիւ­րըն­կա­լել ­Ձեզ եւ ­Ձեր գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թեա­նը։ ­Սա մեզ հա­մար տա­րո­ւայ ա­ռա­ջին պաշ­տօ­նա­կան այցն է եւ այս ա­ռու­մով եւս բա­ւա­կա­նին խորհր­դանշա­կան է: ­Ձեր այ­ցը հա­մե­րաշ­խու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն դրսե­ւո­րում է մի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նում, երբ մենք իս­կա­պէս զգում ենք այդ հա­մե­րաշ­խու­թեան եւ ա­ջակ­ցու­թեան կա­րի­քը, պա­րոն նա­խա­րար:
­Յար­գե­լի՛ գոր­ծըն­կեր­ներ,
­Հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րի մի­ջեւ բա­րե­կա­մու­թիւնն, ի հար­կէ, գնում է դա­րե­րի եւ հա­զա­րա­մեակ­նե­րի խոր­քը, ե՛ւ հայ­կա­կան, ե՛ւ յու­նա­կան պե­տա­կա­նու­թիւն­ներն են սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն ու­նե­ցել պատ­մու­թեան տար­բեր դրո­ւագ­նե­րում, բայց անդ­րա­դառ­նա­լով մեր ժա­մա­նա­կա­կից պե­տու­թիւն­նե­րին՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տա­նի հետ ան­ցած 30 տա­րի­նե­րի ըն­թաց­քում յա­ջո­ղել է կա­ռու­ցել ա­մուր գոր­ծըն­կե­րա­յին, բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, մեր օ­րա­կար­գը բա­ւա­կա­նին հա­րուստ է բո­լոր ո­լորտ­նե­րում: Ինչ վե­րա­բե­րում է մեր այ­սօ­րուայ այ­ցին, ան­շուշտ, այս այ­ցը եւ հա­դի­պու­մը եւս շատ լաւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն էր անդ­րա­դառ­նալ այդ օ­րա­կար­գին, նոր լիցք հա­ղոր­դել յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րին, մի քայլ ա­ռաջ մղել մեր ու­ժեղ քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը, անդ­րա­դառ­նալ բազ­մա­թիւ թե­մա­նե­րի՝ տնտե­սու­թիւ­նից, անվտան­գու­թիւ­նից, պաշտ­պա­նու­թիւ­նից մին­չեւ մշա­կոյթ: ­Մենք նա­խան­շե­ցինք նաեւ այս տա­րո­ւայ հա­մար մեր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը՝ մի իւ­րօ­րի­նակ, կա­րե­լի է ա­սել, ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէզ՝ սկսած բարձրաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րից մին­չեւ տար­բեր ո­լորտ­նե­րում մի­ջո­ցա­ռում­ներ: Ի հար­կէ, շատ մեծ դեր այս­տեղ կա­րող է ու­նե­նալ տա­րո­ւայ ա­ռա­ջին կի­սա­մեա­կում նա­խա­տե­սուող միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նիս­տը:
Ես շնոր­հա­կա­լու­թիւն եմ յայտ­նել նաեւ իմ յոյն գոր­ծըն­կե­րո­ջը ­Հա­յաս­տան-Ե.Մ. յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րի խո­րաց­ման գոր­ծըն­թա­ցում ­Յու­նաս­տա­նի կող­մից ցու­ցա­բե­րո­ւող ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար: ­Մենք իս­կա­պէս տրա­մադ­րո­ւած ենք զար­գաց­նել այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը՝ հիմ­նո­ւած այն ար­ժէք­նե­րի վրայ, որ մենք կի­սում ենք ­Հա­յաս­տա­նում, ­Յու­նաս­տա­նում եւ Եւ­րո­պա­կան միու­թիւ­նում. խօս­քը, բնա­կա­նա­բար, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րի պաշտ­պա­նու­թեան եւ միւս ար­ժէք­նե­րի մա­սին է: Եւ ես ակն­կա­լում եմ ­Յու­նաս­տա­նի հե­տա­գայ ա­ջակ­ցու­թիւնն այս գոր­ծըն­թա­ցում եւս:
­Պետք է նշել, որ մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը բա­ւա­կա­նին ար­դիւ­նա­ւէտ եւ ու­ժեղ է նաեւ բազ­մա­կողմ հար­թակ­նե­րում, եւ սա վե­րա­բե­րում է նաեւ ա­ռան­ձին ե­ռա­կողմ ձե­ւա­չա­փե­րի, որ մենք ու­նենք ­Յու­նաս­տա­նի հետ: ­Մենք մտա­դիր ենք այս ձե­ւա­չա­փե­րով եւս շա­րու­նա­կել մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը:
Ի հար­կէ, յար­գե­լի՛ գոր­ծըն­կեր­ներ, իմ գոր­ծըն­կե­րո­ջը եւ նրա գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թեա­նը հան­գա­մա­նա­լից կեր­պով ներ­կա­յաց­րել եմ ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սում ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­յու­թեան բռնի տե­ղա­հա­նու­թիւ­նից յե­տոյ, ինչ­պես նաեւ խա­ղա­ղու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը: ­Ներ­կա­յաց­րել եմ խա­ղա­ղու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի ման­րա­մաս­նե­րը, խնդիր­նե­րը, ծրագ­րե­րը եւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոն­ցով ­Հա­յաս­տա­նի ­Հար­նա­պե­տու­թիւ­նը հան­դէս է ե­կել՝ որ­պես լու­ծում, օ­րի­նակ «­Խա­ղա­ղու­թեան խաչ­մե­րու­կը» տա­րա­ծաշր­ջա­նում տրանս­պոր­տա­յին եւ տնտե­սա­կան կա­պու­ղի­նե­րի ա­պաշր­ջա­փակ­ման հար­ցում եւ, ի հար­կէ, միւս ման­րա­մաս­նե­րը:  Ընդգծել եմ, որ չնա­յած բո­լոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րին եւ բար­դու­թիւն­նե­րին, չնա­յած դան­դա­ղե­ցում­նե­րին եւ ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կա­նու­թեա­նը, ո­րոնց մենք ա­կա­նա­տես ենք լի­նում ո­րոշ դեպ­քե­րում, Հ.Հ.-ն վճ­ռա­կան է եւ հաս­տա­տա­կամ կա­ռու­ցե­լու խա­ղա­ղու­թիւն ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սում, շա­րու­նա­կե­լու խա­ղա­ղու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, եւ մենք հա­ւա­տում ենք, որ եր­կուս­տեք կա­ռու­ցո­ղա­կան մո­տեց­ման ցու­ցա­բեր­ման դէպ­քում, քա­ղա­քա­կան կամ­քի դեպ­քում մենք շատ մօտ ա­պա­գա­յում կա­րող ենք շօ­շա­փե­լի հանգ­րո­ւա­նի հաս­նել խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման հար­ցում»:
­Նա­խա­րար ­Միր­զո­յեան նաեւ պա­տաս­խա­նեց լրագ­րող­նե­րու հար­ցում­նե­րուն, հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան խնդի­րի կար­գա­ւոր­ման շուրջ, ներ­կա­յաց­նե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջադ­րած սկզբունք­նե­րը՝ խնդիր­նե­րու կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։
­Յա­ջոր­դա­բար, խօսք ա­ռաւ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը, որ անդ­րա­դար­ձաւ բազ­մա­կող­մա­նի հար­ցե­րուն, ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի ի­րա­վի­ճա­կին եւ ­Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման։
(­Յոյն նա­խա­րա­րի ամ­բող­ջա­կան խօս­քը պի­տի հրա­տա­րա­կենք մեր վա­ղո­ւան թի­ւով)։

­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեան ըն­դու­նեց ­
Յու­նաս­տա­նի Ա.Գ. նա­խա­րա­րը

­Վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեան ըն­դու­նեց ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Եոր­ղոս Ե­րա­փիթ­րի­թի­սը:
Զ­րու­ցա­կից­նե­րը քննար­կե­ցին հայ-յու­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ զար­գաց­ման ու ամ­րապնդ­ման վե­րա­բե­րող շարք մը հար­ցեր: ­Մաս­նա­ւո­րա­պէս, քննար­կո­ւած են քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, մար­դա­սի­րա­կան եւ այլ ո­լորտ­նե­րու մէջ փոխ­գոր­ծակ­ցու­թեան, հա­մա­տեղ նոր ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն առն­չո­ւող հար­ցեր:
Մտ­քեր փո­խա­նա­կո­ւե­ցան ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող գոր­ծըն­թաց­նե­րուն, մաս­նա­ւո­րա­պէս ­Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­նա­գի­րին շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ Ատր­պէյ­ճա­նի ցե­ղա­յին զտման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով բռնի տե­ղա­հա­նո­ւած ան­ձե­րու խնդիր­նե­րուն: Այս ա­ռու­մով, կող­մե­րը կա­րե­ւո­րած են մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը:
Անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւած է նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ զար­գաց­ման:

Ա.Խ. քար­տու­ղա­րը ու ­Յու­նաս­տա­նի
Ա.Գ. նա­խա­րա­րը ան­դա­դար­ձած են
տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան ի­րա­վի­ճա­կին

­Հա­յաս­տա­նի անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի քար­տու­ղար Ար­մէն Գ­րի­գո­րեան ըն­դու­նած է ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Եոր­ղոս Ե­րա­փիթ­րի­թի­սի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը:
Զ­րու­ցա­կից­նե­րը բարձր գնա­հա­տած են պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ընդ­հան­րու­թիւն­նե­րուն վրայ հիմ­նո­ւած հայ-յու­նա­կան երկ­կող­մա­նի բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը: Անդ­րա­դարձ կա­տա­րած երկ­կող­մա­նի եւ բազ­մա­կող­մա­նի գոր­ծակ­ցու­թեան հետ առն­չո­ւող հար­ցե­րուն, Ե.Մ.-ի հետ ­Հա­յաս­տա­նի գոր­ծըն­կե­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ ի­րա­կա­նա­ցուող քայ­լե­րուն, ո­րուն հա­մար քար­տու­ղար Գ­րի­գո­րեան կա­րե­ւո­րած է ­Յու­նաս­տա­նի ցու­ցա­բե­րած ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նին:
­Հան­դի­պու­մին, կող­մե­րը ան­դա­դար­ձած են տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին եւ ար­տա­տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան ի­րա­վի­ճա­կին եւ ընդգծած, որ ո­րե­ւէ հա­կա­մար­տու­թիւն պէտք է լու­ծում ստա­նայ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի սկզբունք­նե­րը խստա­գոյնս պահ­պա­նե­լու մի­ջո­ցով: ­Վե­րոն­շեա­լի շրջա­գի­ծին մէջ, Ա.Խ. քար­տու­ղա­րը ներ­կա­յու­ցած է հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն կար­գա­ւոր­ման շուրջ վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը։