«25 Մարտ 1821»ի Յունաստանի անկախութեան տօնը այս տարի նշուեցաւ բոլորովին սեղմ պայմաններու մէջ, «Քորոնա» ժահրի տարածումի կանխարգիլման միջոցառումներու լոյսին տակ։
Զինուորական փառաշուք տողանցքին փոխարէն, այս անգամ Հայրապետութեան նախագահ Էքաթերինի Սաքելարոփուլու, ընկերակցութեամբ վարչապետ Միցոթաքիսի եւ կուսակցութիւններու ղեկավարներուն, միայն դափնեպսակ զետեղեց Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին վրայ։ Յաջորդաբար, 4 ռազմական օդանաւ եւ 6 ռազմական ուղղաթիռ տպաւորիչ թռիչքներ կատարեցին Աթէնքի վրայ։ Էվրոսի սահմանագիծը գտնուող Քասթանիէս զինուորական անցքին վրայ տեղի ունեցաւ դրօշակի խորհրդանշական արարողութիւն, որու ընթացքին զինուորական պահակագունդը պատիւ ընծայեց Յունաստանի դրօշին, ապա զինուորական օդանաւեր թռիչք կատարեցին սահմանագիծին վրայ, յստակ ուղերձ ղրկելով դրացի երկիրին։ Նմանօրինակ թռիչքներ, փոխան տողանցքի, կատարուեցան Յունաստանի քաղաքներուն եւ կղզիներուն վրայ։
Անկախութեան օրուան առիթով, Յունաստանի քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարները ուղերձներ յղեցին օրուան խորհուրդին մասին։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԼՈՒՐԵՐ Յունաստան Յունաստանի անկախութեան տօնը նշուեցաւ «Քորոնա» ժահրի սեղմումներու մթնոլորտին մէջ