Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Յունաստանի վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի ճակատին վրայ մարտնչող հայ զինուորի օգտին կատարուող համահայկական հանգանակութեան ծիրէն ներս, Յունաստանի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու կողմէ ցարդ եղած նուիրատուութիւններէն՝ 200.000 եւրոյի գումարը փոխանցուած է յատուկ ֆոնտին։
Հիմնադրամի Յունաստանի վարչութիւնը իր շնորհակալութիւնները կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն եւ կը շարունակէ աւելի մեծ թափով ու ժողովուրդի լիաբուռն մասնակցութեամբ ընդունիլ իւրաքանչիւր հայու սրտի պարտքը հայ զինուորին հանդէպ։
Իր երախտագիտութեան խօսքը ուղղելով յունահայութեան, 200.000 եւրոյի ստացումէն անմիջապէս ետք, Հայաստան համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեան, Հիմնադրամի Յունաստանի մասնաճիւղին ղրկեց յատուկ շնորհակալական նամակ, որուն մէջ կը նշուի, թէ գումարը պիտի գործածուի Արցախի ժողովուրդի շտապ կարիքներուն համար, որ այսօր կը գտնուի մարդասիրական աղէտի մը առջեւ, ազերի բանակի ռմբակոծումներուն հետեւանքով։
Յունաստանէն ցարդ 200.000 եւրօ ուղարկուեցաւ Արցախին համար
Յունաստանէն ցարդ 200.000 եւրօ ուղարկուեցաւ Արցախին համար