Միջազգային առաջնութիւններու տէր, յունահայ տաղանդաւոր եւ ծանօթ երաժիշտ-յօրինող Միհրան Չալըքեանի «Exceptional people» դասական ստեղծագործութիւնը ներկայացուեցաւ Թեսաղոնիկէի մէջ, քաղաքապետութեան սիմֆոնիք նուագախումբի կատարողութեամբ։
Չորեքշաբթի՝ 4 Դեկտեմբեր 2019 երեկոյեան, Թեսաղոնիկէի «Արիստոտելեան» համալսարանի դահլիճին մէջ, տեղի ունեցաւ յատուկ համերգ՝ նուիրուած հաշմանդամ անձերուն։ Քաղաքապետութեան սիմֆոնիք նուագախումբը ներկայացուց երիտասարդ յօրինողներու դասական երաժշտութեան կտորներ, որոնք յատուկ կարգով ընտրուած էին եւ ներառնուած՝ յայտագիրին մէջ։
Յատկանշական էր, որ Միհրան Չալըքեանի ստեղծագործութիւնը ներկայացուեցաւ յայտագիրի եզրափակիչ մասին։ Անիկա համերգի ամէնէն տպաւորիչ բաժինն էր, որ արժանացաւ նաեւ ներկայ երաժշտասէր հասարակութեան բարձր գնահատանքին։ Նշենք, որ ելոյթին ներկայ եղան համալսարանի դասախօսներ եւ ուսանողութիւնը, ծանօթ յօրինողներ ու երաժիշտներ եւ մեծ թիւով հասարակութիւն մը, որոնք եկած էին ունկնդրելու այս յատուկ համերգը, որ նուիրուած էր սահմանափակ ֆիզիքական կարողութիւններու տէր անձերուն։
Միհրան Չալըքեան, որ իր երիտասարդական տարիներէն ցուցաբերած է երաժշտական հմտութիւն եւ բացառիկ տաղանդ, անգամ մը եւս հմայեց իր յօրինած ստեղծագործութեամբ։ Ան ցոյց կու տայ ապագայ խոստացող երաժշտական մեծ տաղանդ մը, որ արդէն յունական եւ միջազգային բեմերէն իր անունը լսելի կը դարձնէ։
Միհրան Չալըքեան, արտայայտուելով իր յօրինած կտորին մասին, կը յայտնէ.- «Exceptional people» (խմբ. բացառիկ մարդիկ) կտորը նուիրուած է հաշմանդամներու, որոնք սակայն՝ ցոյց կու տան բացառիկ յատկութիւններ։ Երաժշտական տառերուն ընդմէջէն, փորձեցի ներկայացնել առօրեայի դժուարութիւնները, բայց նաեւ՝ ուժը, հոգիի զօրութիւնը, որոնց կարիքը ունին այս կարգի մարդիկ՝ վայելելու համար կեանքի էութիւնը։ Կտորը կը սկսի բուռն մեղեդիներով, որոնք ցոյց կու տան սաստիկ զգացումներու ժայթքումը, երբ հաշմանդամ մը խոցուած կը զգայ «կանոնաւոր» ընկերութեան կողմէ։
Յաջորդաբար, երաժշտական բաժինները կը դառնան աւելի յստակ, աւելի վստահ, աւելի ուժական՝ գովքը հիւսելու համար «տարբեր ըլլալու» մեծութեան, ինչպէս նաեւ զարգացնելու համար այդ «տարբերութեան» ազնիւ ընկալումը բոլորիս կողմէ, որ կը պահանջէ յանդգնութիւն, կրթութիւն եւ հոգիի քաջութիւն։ Մեղեդիները իրենց գագաթնակէտին կը հասնին նուագախումբի բոլոր գործիքներու մասնակցութեամբ եւ կը ստեղծեն փառաւոր տօնախմբութեան մը զգացումը, նուիրուած «մարդկային տարբերութեան»։
Համերգի աւարտին, Միհրան Չալըքեան ստացաւ շարունակական ծափահարութիւններ ներկաներուն կողմէ եւ արժանացաւ ժողովուրդի բարձր գնահատանքին։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Յունահայ տաղանդաւոր երաժիշտ Միհրան Չալըքեանի նոր ստեղծագործութիւնը ներկայացուեցաւ Թեսաղոնիկէի մէջ
Յունահայ տաղանդաւոր երաժիշտ Միհրան Չալըքեանի նոր ստեղծագործութիւնը ներկայացուեցաւ Թեսաղոնիկէի մէջ
Յունահայ տաղանդաւոր երաժիշտ Միհրան Չալըքեանի նոր ստեղծագործութիւնը ներկայացուեցաւ Թեսաղոնիկէի մէջ