Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի Պատանեկան հարցերու յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, անցնող շաբաթներուն ընթացքին տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. աշխարհասփիւռ Պատանեկան Միութիւններու առցանց մրցոյթ։ Մասնակցութեամբ 53 դաշնակցական պատանիներու Հայաստանէն, Արցախէն, Իրանէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Յունաստանէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Գանատայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն, բոլոր մասնակիցները ծաւալեցին իրենց ձիրքերը զանազան բնագաւառներու մէջ։ Մասնակցողներուն առիթ տրուեցաւ ներկայացնելու զանազան նիւթեր ճառախօսութեան, դրուագներու ներկայացման կամ ասմունքի մէջ։ Յաջորդական մրցոյթները նպատակ ունէին մէջտեղ բերել պատանիներու կարողութիւնները գրութիւններ կամ բանաստեղծական կտորներ գրելու, արտասանելու կամ ճառախօսութիւն ընելու մարզերէն ներս։ Բոլոր մասնակցիները սահուն հայերէնով եւ գիտելիքներու լայն պաշարով տպաւորեցին դատական կազմը եւ ցոյց տուին այն կարեւոր եւ լայն աշխատանքը, որ կը տարուի Պատանեկան Միութիւններու ժողովական եւ դաստիարակչական կեանքէն ներս՝ պատրաստելով վաղուան գիտակից եւ ծառայասէր դաշնակցական տիպարը։
Հանդիպումները տեղի ունեցան առցանց, յատուկ դատական կազմի առջեւ, որ կը բաղկանար Երիտասարդականի ու Պատանեկանի մէջ գործող վարիչներէ, ուսուցիչներէ եւ գործիչներէ։
Պատանիներու ընտրած նիւթերը ընդգրկեցին հայ ազատագրական պայքարի դրուագներու, յեղափոխական դէմքերու, հայ բանաստեղծութեան գոհարներու եւ ժամանակակից դրուագներու ընդգրկուն բնագաւառները. մասնակիցները սահուն առոգանութեամբ, համարձակ ոճով եւ ճարտար արտայայտութիւններով ներկայացուցին իրենց նիւթերը։ Իւրաքանչիւր մարզին մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին տասնեակ պատանիներ, իսկ նիւթերու ճոխութիւնը եւ ներկայացման այլազանութիւնը տպաւորիչ պատկեր մը ներկայացնէր։ Իւրաքանչիւր խումբին համար հանդիպումները եղան առցանց, դատական կազմին առջեւ ու մնացեալ մասնակցող պատանիներու ներկայութեամբ։ Յաջորդաբար, անցնող շաբաթներուն ընթացքին, դատական կազմը քննութենէ անցուց բոլոր ներկայացումները եւ անոնց մէջէն ընտրեց լաւագոյն ելոյթները, որոնք արժանացան մրցանակներու։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան Միութեան անունով, իրենց մասնակցութիւնը բերին պատանիներ Ռոզինա Տամատեան եւ Նաթալի Էքիզեան։ Երկու պատանիները մասնակից դարձան «Պատանիին տիպարը» ճառախօսութեան նիւթին, որ ի զօրու էր բոլոր մասնակցողներուն համար։ Յաջորդաբար, Ռոզինա Տամատեան ներկայացուց երկու ազատ նիւթ՝ «Հրանդ Տինք» եւ «Զապէլ Եսայեան», իսկ Նաթալի Էքիզեան ներկայացուց «Լիզպոնի Հինգ Տղոց» դրուագը։ Մրցոյթի արդիւնքներու աւարտական ներկայացումը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 11 Մայիս 2023-ին առցանց, մասնակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական գրասենեակի ներկայացուցիչին, դատական կազմին, վարիչներուն եւ մասնակցող պատանիներուն։ «Զում» հարթակին վրայ տեղի ունեցած հանդիպումը սփռուեցաւ նաեւ Դիմատետրի էջերէն, առիթ տալով փափաքողներուն հետեւելու մեր պատանիներու յաջողութիւններուն։
Դատական կազմը, իւրաքանչիւր մարզին մէջ առաջին եւ երկրորդ մրցանակներուն կողքին, նկատի առած էր նաեւ գնահատանքի արժանի այն պատանիները, որոնց ընտրած նիւթը եւ ներկայացման ոճը առանձնայատուկ գնահատուեցան պատասխանատուներուն կողմէ։
Այսպէս, Յունաստանէն մասնակցած պատանի Ռոզինա Տամատեան գնահատանքի արժանացաւ «Պատանիի տիպարը» նիւթի ներկայացման համար, իսկ Նաթալի Էքիզեան գնահատանքի արժանի նկատուեցաւ «Լիզպոնի Հինգ Տղոց» նիւթին ներկայացման համար։
Կը մնայ շնորհաւորել բոլոր պատանիները եւ մասնաւորապէս Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան միութեան երկու մասնակցողները իրենց յաջող ներկայացման համար, խթան ու առիթ դառնալու ապագային՝ նման եւ այլ դաստիարակչական միջոցառումներու մէջ նորանոր յաջողութիւններ ձեռքբերելու մաղթանքով։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Յունահայ պատանիներու յաջողութիւնները Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութիւններու մրցոյթին