Օգոստոսի վերջաւորութեան, Հունգարիոյ Կիոր քաղաքին մէջ տեղի ունեցած 18 տարեկանէն վար եղող մարզիկներու Համաեւրոպական կռփամարտի եւ ոտնամարտի (kickboxing) մրցաշարքին, յունահայ պատանի Էտուարտ Քուրդեան, որ կը մասնակցէր Յունաստանի ֆետերասիոնի պատուիրակութեան կազմին, իր դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ եւ շահեցաւ համաեւրոպական տիտղոսը։ Նոյն տիտղոսին արժանացաւ նաեւ յոյն մարզիկ Նիքոլաոս Փանու։ Նշենք, թէ Յունաստանի պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ Միքայէլ Քուրդեան, որ ան եւս հետաքրքրական մրցումներ ունեցաւ մրցաշարքի ընթացքին։
Յունահայ մարզիկ Էտուարտ Քուրդեան Եւրոպայի ախոյեան
Յունահայ մարզիկ Էտուարտ Քուրդեան Եւրոպայի ախոյեան