Յունահայ տաղանդաւոր պատանի դաշնակահար Դանիէլ Գոլանեան համերգային ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբին հետ։ Ելոյթը տեղի պիտի ունենայ 21 Յունիս 2024-ին, Կոմիտասի անուան համերգասրահին մէջ։ Տաղանդաշատ արուեստագէտը պիտի ներկայացնէ Հայտընի՝ դաշնամուրի եւ նուագախումբի համար յօրինուած ստեղծագործութիւն մը, ինչպէս նաեւ Մոցարթի «Երաժշտական կատակ» անունով կտորը։ Նշենք, որ Դանիէլ Գոլանեան միջազգային համբաւ ունեցող յունահայ կիթարիստ Յակոբ Գոլանեանի զաւակն է։ Փոքր տարիքէն ան ցոյց տուաւ բացառիկ տաղանդ դաշնամուրային կատարողութեան մարզէն ներս եւ մինչեւ իր պատանեկութեան հասակը արդէն տիրացած է յունական եւ միջազգային մրցոյթներու առաջնութեան։
Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր գաղութի երիտասարդ դաշնակահարին: