­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի եւ ­Մա­կե­դո­նիոյ ու Թ­րա­կիոյ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի Ար­ցախ ու­ղար­կո­ւած մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան ա­ռա­ջին մա­սը, ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան ­Հա­յաս­տա­նի գրա­սե­նեա­կի մի­ջո­ցով, ան­ցեալ շա­բաթ հա­սաւ Ար­ցա­խի Հ.Օ.Մ.-ի պա­հես­տա­նո­ցը։
Ար­ցա­խի Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան եւ Հ.Օ.Մ.-ի ըն­կե­րու­հի­նե­րու օգ­նու­թեամբ, այս օ­րե­րուն պի­տի տրա­մադ­րո­ւի կա­րի­քա­ւոր, պա­տե­րազ­մէն տու­ժած ար­ցախ­ցի ըն­տա­նիք­նե­րուն։ ­Յի­շեց­նենք, որ ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի հրա­դա­դա­րէն ետք, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ գոր­ծող Հ.Օ.Մ.-ի եր­կու միա­ւոր­նե­րը ձեռ­նար­կե­ցին մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան հա­ւա­քու­մին, ո­րուն ըն­դա­ռա­ջե­ցին յու­նա­հայ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը եւ մեծ թի­ւով յու­նա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ։
­Չորս շա­բաթ­նե­րու վրայ եր­կա­րող ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին, Հ.Օ.Մ.-ի ըն­կե­րու­հի­նե­րուն կող­քին, Հ.Յ.Դ ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. ­Միու­թեան, ­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ան­դամ­նե­րը ժրա­ջա­նօ­րէն հա­ւա­քե­ցին եւ դա­սա­ւո­րե­ցին օգ­նու­թեան բո­լոր ի­րե­րը՝ բժշկա­կան սար­քեր, հա­գուս­տե­ղէն եւ այլ կա­րե­ւոր ի­րեր։
­Հա­ւա­քո­ւած հսկայ քա­նա­կը ­Հա­յաս­տան ու­ղար­կո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի պե­տու­թեան կող­մէ տրա­մադ­րո­ւած եր­կու օ­դա­նա­ւե­րով, իսկ վեր­ջին մա­սը ծո­վա­յին ճամ­բով։
­Վեր­ջին եր­կու ա­ռա­քում­նե­րուն հա­մար կը մնայ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ամ­բող­ջաց­նել մաք­սա­յին դի­ւա­նա­կա­լա­կան բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րը, որ­պէս­զի օգ­նու­թեան մնա­ցեալ մա­սը եւս հաս­նի Ար­ցախ եւ բաշ­խո­ւի պա­տե­րազ­մէն տու­ժած կա­րի­քա­ւոր բո­լոր ըն­տա­նիք­նե­րուն։