Հ.Յ.Դ. կեդ­րո­նա­կան կայ­քէ­ջը (www.arfd.am) հեր­թա­բար կը տե­ղադ­րէ տե­սա­նիւ­թեր սփիւռ­քի գա­ղութ­նե­րու մէջ Հ.Յ.Դ. կազ­մա­կեր­պա­կան կա­ռոյց­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ, ստա­նա­լով ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ՝ իւ­րա­քան­չիւր գա­ղու­թի մէջ տի­րող կա­ցու­թեան, կա­տա­րո­ւած գա­ղու­թա­յին մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն եւ անհ­րա­ժեշտ նա­խազ­գու­շա­կան քայ­լե­րուն մա­սին։ Այս ա­ռի­թով, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ա­նու­նով խօ­սե­ցաւ ա­նոր գոր­ծա­վար ընկ. ­Յո­վիկ ­Պա­պօղ­լեան, որ սպա­ռիչ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց յու­նա­հայ գա­ղու­թէն ներս տի­րող պայ­ման­նե­րուն մա­սին եւ ցարդ կա­տա­րո­ւած ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն մա­սին։
­Տե­սա­նիւ­թը կա­րե­լի է դի­տել՝ https://www.arfd.am/news/25424/ հաս­ցէին վրայ։