Տարիէ մը ի վեր, թագավարակի տարածումը Յունաստանի մէջ խորապէս ցնցեց մարդոց կեանքը եւ հիմնովին փոխեց յարաբերութիւններու ու ընկերային գործունէութեան ձեւաչափը։ Այս իրականութեան տակ, մեր գաղութի ազգային եւ հասարարական կեանքը մեծ մասով կանգ առաւ, իսկ մեր կառոյցներու եւ միութիւններու գործունէութեան թափը դանդաղեցաւ։
Բնականաբար, բոլոր կառոյցները փորձեցին իրենց սահմանափակ գործունէութիւնը պատշաճեցնել համացանցի ընձեռած իրականութեան ու միջոցներուն, իսկ կարելի եղած սահմաններուն մէջ յառաջ տարին նկատառելի աշխատանքներ, որոնց համառօտ պատկերը կը ներկայացնենք ներկայ յօդուածաշարքով։
Յաջորդական երկու շարունակութիւններով պիտի տանք յունահայ գաղութի միութիւններու եւ հաստատութիւններու կատարած միամեայ աշխատանքը, որպէսզի «Ազատ Օր»-ի ընթերցողները իրազեկ դառնան մեր կառոյցներու տքնաջան աշխատանքին եւ կատարուած իրագործումներուն։ Անշուշտ, բոլորին սպասումն է, որ օր առաջ պիտի վերանան արգիլումները եւ անցեալի նման յունահայ հասարակական կեանքը պիտի վերագտնէ իր աշխուժ աշխատանքի կշռոյթը։
ՅՈՒՆԱՀԱՅՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
Մեր զրուցակիցն է Յունաստանի Հայոց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որուն հետ զրուցեցինք ազգային եւ եկեղեցական կեանքի դիմագրաւած մարտահաւէրներուն մասին։ Սրբազան հօր գնահատումով, շուրջ տարիէ մը ի վեր գաղութային համայնքային մեր հաւաքական կեանքը հարկադրաբար ստացաւ տարբեր իրավիճակ եւ գործեց բոլորովին անսովոր եւ աննախընթաց պայմաններու մէջ։ Քորոնա ժահրի մահացու համաճարակը եւ անոր ստեղծած ահազանգային վիճակը կեանքի նոր ապրելակերպ եւ անհատական թէ՛ հաւաքական կեանքի նոր գործալակերպ պարտադրեց բոլորին։
Մեր հարցումին, թէ ինչպէս հոգեւոր կեանքը պատշաճեցաւ նոր իրականութեան, Սրբազան հայրը նշեց, որ անցնող Մարտ ամիսէն ետք շուրջ տարի մըն է, որ թեմի Կրօնական ժողովը իր աշխատանքները օրէցօր յարմարեցնելով համացանցի ընձեռած միջոցներուն, տրամադրուած համեստ հնարաւորութեանց ճամբով ծրագրեց եւ գործադրութեան դրաւ աշխատանքները։ Համացանցի համախումբ հաղորդակցութեան գործիքները հնարաւորութիւն ընծայեցին, որպէսզի շաբաթական դրութեամբ մէկէ աւելի անգամներ ժողովական նիստերը հեռակայ դրութեամբ կատարուին՝ հարկ եղած աշխատանքները ծրագրելու եւ կատարելու համար։ Գործունէութիւնը համակարգելու հիմնական միջոցը հանդիսացաւ Դիմատետրի (facebook) կամ «youtube»-ի ճամբով սուրբ պատարագի արարողութիւններ եւ հոգեւոր բնոյթի խօսքեր կամ քարոզներ սփռելը։ Աւելի մանրամասնելով կրօնական արարողութիւններուն մասին, ան յայտնեց. «Ամէն Կիրակի օր թեմի եկեղեցիներէն ներս սուրբ պատարագի արարողութիւնները կատարուեցան անխափան, երբեմն դռնփակ եւ երբեմն ալ հաւատացեալներու սահմանափակ թիւի ներկայութեան՝ համաձայն իւրաքանչիւր հանգրուանին պետական սպասարկութեանց սահմանած տնօրինումներուն։
Համացանցով սփռում կատարելու եկեղեցիներու հնարաւորութեան շնորհիւ, անոնց ծխական շրջանի հաւատացեալները կը շարունակեն հետեւիլ արարողութեանց»։
Հարցումին, թէ որքանով առցանց սփռումները կարողացան ներգրաւել հաւատացեալներու թիւ մը, Առաջնորդ Սրբազան հայրը հաստատեց, որ համացանցային սփռումը առիթ ընծայեց մեր հայրենակիցներուն, որ ոչ միայն Յունաստանի՝ այլեւ արտասահմանի շատ մը երկիրներու եկեղեցիներու, յատկապէս նուիրապետական Աթոռներու Մայր տաճարներէն ներս կատարուած արարողութիւններուն հետեւելու։ Մասնաւորաբար, իւրաքանչիւր շրջանի եկեղեցւոյ Դիմատետրի էջէն արարողութիւնը սփռելը կրօնական ժողովի մտածումն էր, որ ամէն ծխական՝ եթէ ոչ ֆիզիքապէս, գէթ հոգեպէս կառչած մնայ իր շրջանի եկեղեցւոյն։
Սրբազան հայրը ընդգծեց. «Այս անսովոր պարագաներուն մէջ, այն ինչ որ եկեղեցաբանական սկզբունքը կը թելադրէ, որ հաւատացեալներ եկեղեցիէն ներս միատեղ, միասիրտ եւ համախումբ մասնակցին արարողութեան, հակառակ այս սկզբունքին, երբ հաւատացեալներ համացանցի ճամբով իրենց գտնուած տեղերէն կը հետեւին, արարողութեանց հետեւող նկատառելի թիւ մը կայ, որ հետզհետէ կը մեծնայ։ Արտասանուած հոգեւոր քարոզներուն աւելի մեծ թիւով հետեւողներ կան, որոնց կատարած նշումներէն ի յայտ կու գայ թէ կը քննարկեն, ինչպէս նաեւ իրենց գոհունակութիւնը կը յայտնեն, որ այս սահմանափակման պայմաններուն մէջ եկեղեցին իր հոգեւոր ապրումի եւ խորհրդածութեան մթնոլոտով բացակայ չեղաւ իրենց կեանքէն»։ Սրբազան հայրը ըսաւ, որ իր առաջնորդական պատասխանատուութեամբ թեմի բոլոր շրջաններու եւ եկեղեցիներու այցելելութիւնները այս ժամանակամիջոցին հասկնալի եւ բանաւոր պատճառներով առաւելաբար սահմանափակուեցան Աթէնքի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» Մայր եկեղեցիէն եւ Նէոս Գոզմոսի «Ս. Յովհաննու Կարապետ» եկեղեցիէն ներս՝ որոնք նաեւ համացանցով սուրբ պատարագի արարողութիւնները ուղղակի սփռում կատարելու կարելիութիւն ունին եւ այդ միջոցով կարելի դարձաւ հոգեւոր խօսք եւ պատգամ փոխանցել հաւատացեալ ժողովուրդին։
Եկեղեցական արարողութեանց կարգին, նաեւ Կրօնական ժողովի աշխատանքներէն եղաւ տօնական օրերու առթիւ առցանց տօնակատարութիւն կատարել, ինչպէս օրինակ՝ Վարդանանց հերոսամարտի տօնը, որ սփռուեցաւ Աթէնքի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցիէն՝ հոգեւոր բովանդակութեամբ եւ համացանցէն քաղուած ու համադրուած վարդանանաշունչ երգերու մատուցումով։ Հիւսիսային Յունաստանի երկու հոգեւոր հովիւները եւս հեռակայ կարգով մասնակցեցան յայտագիրին։
«Տօներու հետ կապուած ժողովրդային բարեպաշտական սովորութիւնները պահելու մտադրութեամբ, Տեառնընդառաջի տօնին առթիւ, նախատօնակի արարողութեան ընթացքին եկեղեցւոյ խորանէն վառուած Քրիստոսի Լոյսը մեր տուները տանելու աւանդութիւնը պահելու համար, նախաձեռնեցինք, որ Կիրակի օրը ս. պատարագի աւարտին, տօնին յատուկ շարականներու երգեցողութեամբ մեր եկեղեցիներուն մէջ յատուկ տեղադրուած մոմը սուրբ խորանէն վառելու պահուն, հայկական ամէն տուն նոյն պահուն վառէ իր տան մոմը, այդպիսով Քրիստոսի Լոյսին հետ նաեւ իր օճախը լուսաւորէ հայկական դարաւոր աւանդութեամբ վառ մնացած ԵՌԱԳՈՅՆ ճրագով, քանի որ հայկական դրօշին եռագոյնը մարմնացումն է հայկական ոգիին եւ ինքնութեան», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը։
Նաեւ աւելցուց, որ ժողովուրդին հետ կապ պահելու եւ անոնց մտահոգութիւնները փառատելու նախանձախնդրութեամբ, համավարակի այս ժամանակաշրջանին ծխատէր հոգեւոր հովիւները շարունակեցին հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ հետաքրքրուիլ ծխականներով, յատկապէս տարեց կամ կարիքաւոր պարագաներով։
Բնականաբար, մեր խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ նաեւ վարչական գործունէութեան եւ Ազգային Առաջնորդարանի աշխատանքներուն վրայ։
Սրբազան հօր հաւաստիացումով, Ազգային Առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը կը շարունակէ ամէնօրեայ ներկայութեամբ գրասենեակէն ներս, հեռաձայնային ու համացանցի ճամբով, հետեւիլ բոլոր աշխատանքներուն։ Հակառակ անոր, որ ընդհանրապէս գրասենեակները այցելու չեն ընդունիր, սակայն անհրաժեշտութեան պարագային, ազգայիններ յատուկ ժամադրութեամբ կը ներկայանան Ազգային Առաջնորդարան եւ գոհացում կը տրուի անոնց կարիքներուն։
«Ազգային վարչութիւնը կը շարունակէ իր աշխատանքները կատարել եւ օրակարգային հարցերը քննել ժողովական հեռակայ հաղորդակցութեամբ։ Կարեւոր է նշել, որ յառակից Խորհուրդները կանոնաւոր կը գործեն եւ հնարաւորութեան չափով աշխատանքներ կը կատարեն։
Նկատելով, թէ ազգային վարժարանները կը շարունակեն գործել առցանց դրութեամբ, Ուսումնական խորհուրդը կը հետեւի մեր դպրոցներու գործունէութեան եւ պետական հրահանգներուն համաձայն ամէն ինչ կը կատարուի ըստ պատշաճի։ Ուսումնական խորհուրդը մնայուն կապի մէջ կը գտնուի վարժարաններու տնօրէնութիւններուն հետ։ Նոյնպէս, Կալուածոց յաձնախումբի ազգապատկան կալուածներու խնամատարութիւնը կը կատարուի՝ հակառակ շրջագայութեանց սահմանափակումներուն։ Ազգային վարչութիւնը, հարկ եղած պարագաներուն, կը շարունակէ մնայուն կապի մէջ ըլլալ Թաղային խորհուրդներուն հետ։ Արդէն, թեմական կարգ մը հարցերով, համացանցի վրայ երկու հանգրուաններով, Ատտիկէ եւ Հիւսիսային Յունաստանի բոլոր թաղային խորհուրդներուն հետ առանձնաբար ժողովական աշխատանքներ կատարուեցան», մանրամասնեց Սրբազան հայրը։
Մեր զրոյցի աւարտին, Սրբազան հայրը անգամ մը եւս ընդգծեց, որ ներկայ պայմաններուն մէջ աշխատանքները իրենց ընթացքով կը շարունակուին։ Ան համոզում յայտնեց մեզի, որ մարդկութիւնը մտած է համաշխարհային նոր համակարգի ձեւաւորման փուլին մէջ։ Թէ գալիք օրերուն երբ եւ ինչքանով բնականոն կեանքի պայմաններուն կը վերադառնանք, տակաւին շատ ալ յստակ չէ։ Այսուհանդերձ, շեշտեց ան, որ Ազգային իշխանութեանց աշխատանքներուն հիմնական նպատակն է, ամէն տեսակ կարելիութիւններով հաղորդակցութեան մէջ մնալ մեր ժողովուրդին հետ՝ հոգեւոր եւ ազգային պատգամները առկայ պահելով իրենց կեանքէն ներս։ Գեղամ արքեպիսկոպոս եզրափակեց, որ կեանքը կը շարունակուի միշտ այն յոյսով, որ այս մղձաւանջը օր մը պիտի փարատի, կամ ալ՝ անոր հետ հաշտ ապրելու վարժութիւնը ձեռք պէտք է բերել։
«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ» ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Կապ հաստատելով «Համազգային»ի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Յուլիանա Մանուկեանին հետ, զրուցեցինք յունահայ գաղութի մշակութային գործունէութեան մասին, որ նոյնպէս ընդհատուեցաւ եւ մեծ մասամբ տուժեց թագավարակին հետեւանքով։
Մեր զրուցակիցը կը շեշտէ, թէ գործունէութեան կասեցումը իր ծանր ազդեցութիւնը ունեցաւ միութեան «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբի, ինչպէս նաեւ «Նայիրի», «Նանօր» եւ «Մարալօ» պարախումբերուն վրայ։ Մեր ակումբներուն մէջ գրեթէ ամէնօրեայ ներկայութիւն ունեցող փոքրիկները եւ երիտասարդները տարիէ մը ի վեր զրկուած են հայկական ժողովրդային պարերու ուսուցումէն, իսկ երգչախումբի անդամներն ալ ստիպողաբար հեռու կը մնան երգերու ուսուցումէն։ Բնականաբար, այնքան փնտռուած երգի ու պարի համոյթները իրագործելու ծրագիրները կանգ առած են, յուսալով, թէ դարձեալ «Համազգային»ի այս կարեւոր ոլորտները պիտի վերագտնեն իրենց աշխուժութիւնը։
Շրջագիծի մէջ առնելով կատարուած գործունէութիւնը, ընկերուհին յայտնեց. «Թագավարակի արգելափակումը առիթը ընծայեց վարչական միաւորներուն եւ յատկապէս Շրջ. վարչութեան, համադրելով ու կանոնաւորելով, օգտագործելու միութեան հսկայ արխիւը, որ աւելի քան 70 տարուայ շատ աշխուժ, ընդարձակ ու բազմամարզ գործունէութեան մը պատկերը կը ներառնէ։ Այս աշխատանքը դեռ ընթացքի մէջ է եւ շատ մեծ խանդավառութեամբ կը կատարուի՝ վայելելով նաեւ մեր գաղութի անդամներու օժանդակութիւնը։ Թատերական, երգչախմբային, պարային եւ մշակութային այնպիսի հարուստ արխիւ մը կազմուած է, ուր կ՚անմահանան մեր գաղութի նուիրեալներու մշակութային գործերը։ Տակաւ առ տակաւ, այս արխիւի մէկ մասը «Համազգային»ը սկսած է հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել համացանցի միջոցով։ Նոյնպէս, աշխուժօրէն կը գործէ Միութեան դիմատետրի էջը, որ մեծապէս կը սատարէ ժողովուրդի եւ համազգայնական անդամներուն հետ կապը պահպանելու ջանքերուն»։
Խնդրեցինք մեր զրուցակիցէն աւելի մանրամասնել կատարուած աշխատանքներուն մասին։
Ընկ. Յ. Մանուկեան գոհունակութեամբ հաստատեց, որ «Համազգային»ի վարչութիւնները եւ յանձնախումբերը վերսկսած են ծրագրել իրենց յառաջիկայ գործունէութիւնն ու ելոյթները՝ սպասելով համաճարակի պատճառով թելադրուած սահմանափակումներու աւարտին։ Տարբեր նախաձեռնութիւններ իրականացան «Hamazkayin Greece» դիմատետրի էջի միջոցով. ներկայացուեցան նկարչութեան, ձեռային աշխատանքներու ծրագիրներ, ապա ասմունքի, երգի, նուագի կատարումներ, ուր անհատ կատարողներ իրենց գործերը ներկայացուցին։ Կ’արժէ նշել, թէ յունահայ մեծատաղանդ երաժիշտ Յակոբ Փափազեանի արխիւները վերջին տարուան ընթացքին իր ընտանիքին կողմէ նուիրուեցան «Համազգային»ի Շրջ. վարչութեան։ Անոնք կը պարունակեն երաժշտահանի գործերն ու նօթագրութիւնները, որոնք պատմական եւ մշակութային մեծ արժէք կը ներկայացնեն։ Վարչութեան ծրագիրներէն մէկն է հետագային ձեռնարկ մը կազմակերպել՝ օգտագործելով արխիւները եւ հանրութեան մատչելի դարձնելով այդ հարուստ հաւաքածոն։
Արցախի վրայ շղթայազերծուած պատերազմէն ետք եւ ազերիներու կողմէ հայկական մշակութային կոթողներու վրայ կատարուած պղծումները դատապարտելով, «Համազգային»ի Շրջանային վարչութիւնը եւ Գոմոթինիի մշակութային միութիւնը նամակ ղրկեցին UNESCO-ի Աթէնքի գրասենեակին եւ Ռուսիոյ դեսպանատան՝ պահանջելով Արցախի յուշարձաններու մշակութային ժառանգութեան պահպանումը։
Գեղարուեստական միաւորներու գործունէութեան մասին խօսելով, մեր խօսակիցը յայտնեց, որ միութիւնը մասնակցեցաւ Պարի միջազգային խորհուրդի (CID) առցանց խորհրդաժողովին՝ ներկայացնելով «Համազգային»ի գործունէութիւնը։
Նաեւ, պարախումբի վարչութիւնը փոխադրած է տարազները «Ս.Յակոբ» եկեղեցւոյ թաղականութեան կողմէ տրամադրուած սենեակը. այն նախապէս նորոգուեցաւ, մաքրուեցաւ ու ներկուեցաւ, ապա տարազները զետեղուեցան պահարաներու մէջ։ Այժմ, ապահով տեղ ըլլալով, կարելի է անոնք օգտագործել ապագայ ելոյթներուն համար։ Թատերականի յանձնախումբը կը սերտէ թատերգութիւններ՝ ընտրելու համար մէկ արարնոց ներկայացում մը, համաճարակէն վերջ աշխատանքները անմիջականօրէն սկսելու նպատակով։
Նկատելով, թէ «Համազգային»ի գործունէութեան բնոյթը եղած է հանրային, ընկ. ատենապետուհին յոյս յայտնեց, որ համաճարակի վտանգի վերացումէն ետք, միութիւնը ի վիճակի պիտի ըլլայ աւելի մեծ թափով ծաւալելու իր ծրագիրները եւ ժողովուրդին հրամցնելու մշակութային որակաւոր ելոյթներ։
ՀԱՅ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ (Հ.Մ.Ը.Մ.)
Թագավարակի պատճառով ստիպողական սեղմումներու հետեւանքը մեծապէս ազդեց Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գործունէութեան վրայ։ Մեր զրուցակիցն է Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ եղբ. Հայկազ Տէօքմէճեան, որ ցաւով մատնանշեց, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզական գործունէութիւնը կանգ առած է պետական որոշումներու հիման վրայ, խումբերու մարզիկները հեռու պահելով հաւաքական փորձերու եւ մրցումներու գործունէութենէն, ինչպէս նաեւ՝ հայկական ակումբներուն մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական կեանքի աշխուժութենէն։
Այսուհանդերձ, եղբայրը կը նշէ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին համար մեծ մարտահրաւէր մը եղաւ վարչական եւ սկաուտական կեանքի շարունակութիւնը, թէկուզ համացանցի ընձեռած կարելիութիւններով։ Անպակաս էին ներքին եւ համահայկական ժողովներու կամ ծրագիրներու առցանց մասնակցութիւնները, որոնք միութեան անդամներուն առիթը ընծայեցին կենդանի պահել աշխատանքի եւ նուիրումի ոգին։
Եղբ. Հ. Տէօքմէճեան մէկ առ մէկ թուեց այն աշխատանքները, որոնք վերջին մէկ տարուան ընթացքին իրագործուեցան՝ յատկապէս վարչական եւ սկաուտական մարզերուն մէջ։
Անցեալ տարուան Մարտին, տեղի ունեցաւ առցանց հանդիպում Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան հետ, տեղեկացնելու համար Յունաստանի շրջանի՝ թագավարակին պատճառով դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:
10 Ապրիլ 2020-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան հրաւերով մասնակցութիւն եղաւ միութեան Եւրոպայի վարչութիւններու ատենապետներու հետ առցանց տեսաժողովին:
Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեայ տարելիցին առիթով, Շրջ. Վարչութիւնը եւ վարչական բոլոր միաւորները կատարեցին քարոզչական առցանց աշխատանք միութեան Դիմատետրի էջին վրայ։
Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն կազմակերպուեցաւ առցանց միջվարչական ժողով մասնաճիւղերուն հետ, ինչպէս նաեւ՝ առցանց հանդիպում Շրջանային սկաուտական խորհուրդին հետ:
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական 8րդ համագումարը, որը տեղի պիտի ունենար Գիւմրիի մէջ՝ 26-31 Յուլիսի 2020-ին, թագավարակի պատճառով իրագործուեցաւ առցանց կերպով 25 Յուլիսէն մինչեւ 15 Օգոստոս 2020։ Անոր մասնակցութիւն բերաւ մասնաճիւղի խմբապետ եղբ. Վիգէն Մինասեան:
Նկատի առնելով թագավարակի արտակարգ պայմանները, Սեպտեմբեր 2020-էն մինչեւ այսօր գայլիկական եւ սկաուտական շաբաթական հանդիպումները տեղի կ՚ունենան հեռավար կերպով։ Բոլոր հանդիպումները պատշաճեցուած են համացանցի մթնոլորտին եւ ընձեռած կարելիութիւններուն։
Կազմակերպական, դաստիարակչական ուղեցոյցի եւ սկաուտական նիւթերու ներկայացումով իրագործուեցան առցանց հանդիպումներ, որոնց մանակցեցան մեծ թիւով սկաուտ խմբապետներ։ Դասախօսեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան եւ եղբ. Յարութիւն Մանուկեան։
Միութիւնը ընդառաջելով Հ.Կ.Խ.ի եւ Հ.Գ.Խաչի Արցախի համար մարդասիրական օգնութեան կոչին, մասնակցեցաւ Արցախի ժողովուրդին ի նպաստ բժշկական իրերու եւ հագուստեղէնի հաւաքումին։ Զանազան ծանօթութիւններու շնորհիւ, բացի հագուստեղէնէ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը կարողացաւ ապահովել հաշմանդամ զինուորներուն համար յատուկ կառքեր: Կարելի եղաւ կապեր հաստատել Պուլկարիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական միաւորին հետ։ Այս կապերուն շնորհիւ, քանի մը առցանց հանդիպումներ կազմակերպելու կարելիութիւնը ստեղծուեցաւ՝ միտքերու փոխանակումով եւ փոխադարձ գործակցութեան հնարաւորութիւններու առիթները քննելով։
Շրջ. Վարչութեան փոխատենապետը անգամ մը եւս շեշտեց, որ Շրջ. Վարչութիւնը եւ բոլոր միաւորները ամէն ջանք կը թափենք, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.-ական կեանքը շարունակուի այս դժուար պայմաններուն տակ, գէթ հեռավար ձեւով։ Միութեան սպասումն է, որ բոլոր դժուարութիւններու վերացումէն ետք, մարզական եւ սկաուտական գործունէութիւնը պիտի վերադառնայ իր անցեալի պայմաններուն, ակումբներու եւ մարզադաշտերուն մէջ համախմբելով բոլոր մարզիկները եւ սկաուտները՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական ջերմ մթնոլորտի ներգործութեամբ։
(Շարունակելի)