Յունահայ գաղութի իրականութեան մէջ, Հ.Օ.Մ.-ի երկու միաւորները՝ Յունաստանի Հ.Կ.խաչը եւ Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ Հ.Գ.Խաչը կը հանդիսանան մեր հաւաքական կեանքի բաբախուն սիրտը։ Երկու միաւորներու գործունէութիւնը յատկանշուեցաւ Արցախի պատերազմէն ետք մարդասիրական հսկայ օգնութեան հաւաքումով եւ դէպի Արցախ առաքումով, իսկ վերջին տարուան ընթացքին բարեսիրական երկու կառոյցները, համակերպելով թագավարակի պայմաններուն, ցուցաբերեցին կարեւոր գործունէութիւն, որուն պատկերը կը ներկայացնենք ստորեւ։
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅ ԿԱՊՈՅՏ ԽԱՉ
Առիթը ունեցանք ծաւալուն զրոյց մը ունենալու Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Լիզէթ Գիրազեանին հետ։ Ան յայտնեց, որ թագավարակի երեւումը միութեան համար անակնկալ եւ ցնցիչ երեւոյթ մըն էր, նամանաւանդ՝ երբ երկրի մէջ, պետութեան որոշումով, պարտադրուեցան համընդհանուր արգիլումներ՝ փոխադրութեան, վարժարաններու, ակումբներու փակում, եւ այլն։ Սկզբնական ցնցումի շրջանէն ետք, Հ.Կ.Խաչը սկսաւ իր աշխատանքները համակերպել նոր ստեղծուած իրավիճակին համաձայն։ Անմիջապէս, Շրջ. վարչութիւնը սկսաւ համացանցի միջոցաւ գումարել իր շաբաթական ժողովները։
«Անցեալ տարուան Մարտ ամսուն, արդէն Հ.Կ.Խաչը կը պատրաստուէր միութեան ամենէն կարեւոր աշխատանքներէն մէկուն՝ Սիրոյ Պազարի կազմակերպման, որ սակայն Քորոնա ժահրի պատճառով եւ անոր հետեւեանքով ստեղծուած արգիլումները պարտադրեցին Շրջանային վարչութեան յետաձգելու Պազարը, որ նախապէս ծրագրուած էր կազմակերպել 5 Ապրիլ 2020-ին։
Հետեւաբար, ստեղծուած կացութեան պատճառով եւ նկատի ունենալով, թէ մեծ քանակութեամբ ապրանքներ պատրաստուած էին արդէն, որոշուեցաւ Ֆիքսի եւ Գոքինիոյ ակումբներէն ներս կատարել ապրանքներու վաճառում։
Առաւել, թէ՛ Դիմատետրի վրայ տեղեկացնելով, թէ՛ հեռաձայնային կապերով ժամադրութիւններ դասաւորուեցան՝ վաճառելու համար ապրանքները։ Նոյնպէս առիթը օգտագործուեցաւ արիւնատուութիւններու օրերը եւս սպառելու ապրանքները։ Սակայն, նոր արգիլումներու պատճառով կարելի չէր տրամադրել պատրաստուած բոլոր ապրանքները։ Այսպէս, աւելի վերջ, Շաբաթ՝ 30 Մայիս 2020-ին Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի դաշտին մէջ կազմակերպուեցաւ «Փոքր Պազար» մը, որ առիթը տուաւ մեր ազգայիններուն իրենց գնումները կատարել եւ այս ձեւով սատարել միութեան բարեսիրական ծրագիրներու իրագործման»։
Ընկերուհին նշեց, թէ հետեւելով Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ուղղութիւններուն, համաճարակի ստեղծած կացութեան մէջ առաջնահերթ նկատելով մեր ազգակիցներուն բարօրութիւնն ու առողջութիւնը, կապ հաստատեցին շրջաններէն ներս ապրող միայնակ տարեց ազգայիններու եւ Հ.Կ.Խաչի տարեց բարերարուհիներուն հետ, օգտակար հանդիսանալու նախանձախնդրութեամբ։
Ատենապետուհին յատուկ անդրադարձ ըրաւ տարեկան արիւնատուութեան, ընդգծելով, թէ համաճարակի եւ արեան պահեստի զգալի նուազումին պատճառով այն աւելի հրամայական դարձաւ։ Այսպէս, մեր երկու ակումբներէն ներս՝ «Էվանկելիզմոս» հիւանդանոցին հետ գործակցաբար եւ զգուշաւորութեան անհրաժեշտ միջոցները կիրարկելով, իրագործուեցան արիւնատուութիւններ, 29 Մարտ եւ 12 Ապրիլ 2020-ին, որոնց ընթացքին կեդրոնացաւ ընդհանուր 82 շիշ արիւն։ 2021-ի արիւնատուութեան արշաւը ընթացքի մէջ կը գտնուի. 21 Մարտին առաջին փուլը տեղի ունեցաւ Գոքինիոյ մէջ՝ 42 շիշ ապահովելով, իսկ երկրորդ փուլը պիտի իրագործուի 4 Ապրիլին՝ Ֆիքսի մէջ։
Համահայկական ծրագիներու առնչութեամբ մեր հարցումին, ընկ. Լիզէթ Գիրազեան պատասխանեց. «Քորոնա ժահրի պատճառած համաճարակի մարտահրաւէրին առջեւ եւ անոր յառաջացուցած տագնապին մէջ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը (Հ.Օ.Մ.) հիմնեց «Համաշխարհային տագնապի շտապ օգնութեան ֆոնտ», հայրենիքին ու հայ ժոովուրդին օգնութիւն հասցնելու նպատակով։ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան կոչին ընդառաջելով, Յունաստանի Հ.Կ.Խաչի Շրջ. վարչութիւնը 4.000 եւրօ փոխանցեց վերոնշեալ ֆոնտին։ Գումարը հաւաքուեցաւ մեր գաղութի հայրենակիցներու ազնիւ նուիրատուութիւններով։ Համահայկական աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական ընթացիկ աշխատանքներու վերաբերեալ Հ.Օ.Մ.-ի բոլոր միաւորները՝ շրջան առ շրջան, հրաւիրուեցան տեսակապի միջոցաւ խորհրդակցական ժողովներու, որոնց մասնակցեցան առաւելագոյն թիւով վարչական ընկերուհիներ։ Իր կարգին, նաեւ Յունաստանի Հ.Կ.Խաչի Շրջ. վարչութիւնը եւս խորհրդակցական ժողովի հրաւիրուեցաւ 21 Ապրիլ 2020-ին։ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, Լիբանանի անմիջական նիւթական օժանդակութեան կոչին ընդառաջելով, Շրջ. վարչութիւնը տրամադրեց 2.900 տոլար, որուն 1.500-ը իր գանձէն եւ 1.400-ը հրապարակ հանած կտրօններէն։
Լիբանանահայութեան ապրած ահաւոր ճգնաժամին եւ տիրող իրավիճակին հասնելու նպատակով, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ու գաղութի ազգային ու միութենական կառոյցներու ներքին հանգանակութեամբ գոյացած 10.000 եւրոյի գումարին, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութիւնը մասնակցեցաւ 1.500 եւրոյով։
Համավարակի պայմաններուն մէջ վարչական-կազմակերպչական աշխատանքները համադրելու եւ մասնաճիւղերու գործունէութեան նոր թափ մը տալու նպատակով, 26 Մայիսին հրաւիրուեցան Հ.Կ.Խաչի հինգ մասնաճիւղերու դիւանները։ Վարչութիւնները տեղեկացան Հ.Օ.Մ.-ի տարուած աշխատանքներուն եւ ստացուած շրջաբերականներուն մասին։ Վարչութիւններն ալ իրենց կարգին մտահոգութիւններ յայտնեցին, թէ ինչ ձեւով կարելի է իրենց անդամներուն հետ կապը շարունակել եւ անշուշտ օգտագործել համացանցային միջոցները։ Աւելի վերջ՝ ամառուայ շրջանին կարգ մը մասնաճիւղեր կազմակերպեցին հրապարակային ճաշկերոյթներ՝ իրենց նիւթական վիճակը բարելաւելու եւ ժողովուրդի հետ կապը ամրապնդելու նպատակով։ Համավարակի արտակարգ դրութեան պատճառով, 18 Հոկտեմբեր 2020-ին համար ծրագրուած Հ.Կ.Խաչի 82-րդ Պատգամաւորական ժողովի գումարումը յետաձգուեցաւ, մինչեւ որ առողջապահական պայմանները ներեն, որպէսզի դարձեալ միութիւնը սկսի իր բնականոն գործունէութիւնը։
4 Օգոստոսին, Պէյրութը ցնցած ահաւոր պայթումէն ետք, լիբանանահայ գաղութի օգնութեան ձեռք երկարելու նպատակով, Հ.Յ.Դ Յունաստանի Կ.Կ.-ի հանգանակութեան դիմելու կոչին ընդառաջելով, Հ.Կ.Խաչը եւս իր բոլոր մասնաճիւղերով մասնակից դարձաւ այս աշխատանքին։ Միացեալ ջանքերով մեր գաղութը կեդրոնացուց 12.630 եւրոյի գումարը։
Առողջապահական պայմաններուն տակ, 20 Սեպտեմբերին Աթէնքի, Գոքինիոյ եւ Ֆիքսի եկեղեցիներէն ներս կատարուեցան առանձին հոգեհանգստեան պաշտօններ Հ.Կ.Խաչի հիմնադիրներու, բարերարներու, կրթական մշակներու եւ միութեան վեթերան ընկերուհիներու յիշատակին յարգելով բոլորին ազգանուէր ու գիտակից գործունէութիւնը։
Մեր զրոյցի առանցքը կազմեց վերջին հայ-ատրպէյճանական պատերազմի հետեւանքով Արցախի տուժող հայութեան օգնութեան մեծ ծրագիրի իրագործումը։
Ընկ. Լիզէթ Գիրազեան մանրամասնեց հետեւեալները. «27 Սեպտեմբերէն ետք, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ սանձազերծուած պատերազմի սկիզբէն, Հ.Օ.Մ.-ը անգամ մը եւս կոչ ուղղեց իր բոլոր միաւորներուն օգնութեան ձեռք երկարել եւ աջակցիլ Հայաստանի եւ Արցախի մեր հայրենակիցներուն։ Շրջանային վարչութեան ժողովներու մնայուն օրակարգը դարձաւ Արցախի օժանդակութեան հարցը։ Յատկապէս 9 Նոյեմբերի զինադադարէն ետք, գաղութը անգամ մը եւս զօրակոչի ենթարկուեցաւ, ու այսպէս Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի եւ Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի Շրջանային վարչութիւնները միացեալ յայտարարութեամբ մը կը տեղեկացնէին մեր հայրենակիցներուն, թէ արդէն սկսած էր մարդասիրական օգնութեան հաւաքագրման ու մատակարարման աշխատանք։
Առաջին հանգրուանին վարչութիւնները նամակներով եւ անձնական յարաբերութիւններով դիմեցին Յունաստանի կարեւոր հաստատութիւններու եւ մեծ ընկերութիւններու, ապահովելու համար մեծ քանակութեամբ դեղեր, բժշկական եւ այլ անհրաժեշտ իրեր, որոնց պահանջը մեզի փոխանցուած էր Հ.Հ. դեսպանատան կողմէ։
Այս աշխատանքի ամբողջացումէն ետք դիմուեցաւ մեր բոլոր հայրենակիցներուն անհրաժեշտ իրերու յստակ ցանկերով եւ միաժամանակ հագուստեղէններու կեդրոնացումով մեր երեք ակումբներէն ներս։ Հոս, պէտք է մասնաւորապէս ընդգծեմ, թէ աշխատանքը կատարուեցաւ համադրուած ու կազմակերպուած ձեւով գաղութի բոլոր միութիւններու աջակցութեամբ։ Գոյացած հսկայ օգնութիւնը առաքուեցաւ երեք փուլով։ Մարդասիրական օժանդակութեան առաջին եւ երկրորդ բաժինները մեկնեցան դէպի Երեւան 12 Դեկտեմբեր 2020-ին եւ 9 Յունուար 2021-ին զինուորական օդանաւերով, որոնք տրամադրուեցաւ Յունաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն, գործակցաբար Արտաքին գործոց նախարարութեան։ Փոխադրուեցան 36 խշտեակներ (pallets), որոնք կը պարունակէին դեղօրայք եւ հագուստեղէն։ Ընդունելութեանց ներկայ էին Հայաստանի մէջ յոյն դեսպանը, արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն ներկայացուցիչներ, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդր.վարչութեան անդամ ընկ. Համեստ Պէօճէքեան եւ Հայաստանի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհին։ Բոլոր ցուցակները, որոնք պատրաստուած էին մեզմէ ստորագրուեցան եւ յանձնուեցան պատասխանատուներուն։ Երկու օդանաւերու հաւաքուած հսկայ քանակի 2/3-ը սկսած է բաշխուիլ Հ.Օ.Մ.-ուհիներու ձեռամբ Արցախի մէջ, իսկ 1/3-ը Հայաստան գտնուող գաղթականներուն։ Օժանդակութեան երրորդ մասը երկու փոխադրիչներով (container) ուղարկուեցաւ 21 Յունուար 2021-ին, Վրաստանի ճամբով։ Ուղարկուած մարդասիրական օգնութեսն երեք բաժիներու մօտաւոր կշիռը 40 թոն է։
Մարդասիրական օժանդակութեան ընդհանուր ծախսը կը կազմէ 10.700 եւրօ, որուն 5.000-ը վճարուեցաւ Կեդր. կոմիտէի կողմէ, իսկ գումարի մնացեալ բաժինը՝ 5.700 եւրոն, ստանձնեցին Յունաստանի Հ.Կ.Խաչը եւ Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ Հ.Գ.Խաչը։
3 Հոկտեմբերին, Շրջ. վարչութիւնը ներկայ գտնուեցաւ պատարագին՝ վասն դադարեցման պատերազմի եւ խաղաղութեան հաստատման, որ տեղի ունեցաւ «Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մէջ։
16 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Հ.Կ.Խ.ի միջանդամական առցանց զեկուցական ժողով մը, ուր Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհին զեկուցեց Արցախի եւ Հայաստանի մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան բարեսիրական գործունէութեան մասին, պատերազմի արհաւիրքի օրերու ընթացքին: Հ.Օ.Մ.-ի «Ամանոր» ծրագիրին Յունաստանի շրջանը կը մասնակցի 2004-էն ի վեր։ Այս տարի եւս, աւելի հրամայական ըլլալով անոր գործադրումը, Շրջ. վարչութիւնը տրամադրեց 1000 տոլար՝ 500-ի փոխարէն, որ ամէն տարի կը տրամադրուէր այս ծրագիրին։
Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչը առաջին հերթին 10.000 եւրօ փոխանձած է Հ.Օ.Մ.ի «Թիկունք կանգնինք արցախահայ ընտանիքին» ծրագիրին: Գումարը գոյացած է Հ.Կ.Խ.ի անդամուհիներու եւ մեր դիմատետրի կոչին ընդառաջող` հայ եւ յոյն համակիր ժողովրդի նուիրատուութիւններով: Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր բոլոր միաւորներով, ինչպէս միշտ, այս պահուն առաւել ջանքերով կը շարունակէ օգնութեան ձեռք երկարել կարիք ունեցող հայրենակիցներուն, հակառակ առկայ դժուարութիւններուն»:
Հ.Կ.Խաչի այլ աշխատանքներու մասին անդրադառնալով, ընկ. Լիզէթ Գիրազեան խօսեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի հրաւէրով հայրենիքի մասին առցանց զեկուցական հանդիպումի մասին, որ տեղի ունեցաւ 8 Յունուար 2021-ին բոլոր միաւորներու մասնակցութեամբ։ Զեկուցեցին Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Հ.Օ.Մ.-ի ատենապետուհի ընկ. Նայիրի Տէրտէրեան։ Վերոյիշեալ զեկուցական հանդիպումին մեծ հետաքրրքութեամբ մասնակցեցան նաեւ նկատառելի թիւով միութեան անդամուհիները եւս։
Նաեւ, վերջին ամիսներուն տարուած աշխատանքներու եւ յատկապէս Արցախի օժանդակութեան նկատմամբ մասնաճիւղերը տեղեակ պահելու նպատակով, արցանց միջվարչական ժողով մը գումարուեցաւ 3 Փետրուարին՝ 35 վարչական ընկերուհիներու մասնակցութեամբ։
Ընկ. ատենապետուհին յատուկ նշում ըրաւ միութեան կրթաթոշակներուն մասին։ Ամէն տարուայ նման, կանոնաւոր ձեւով գործադրուեցան Հ.Օ.Մ.-ի կրթաթոշակի եւ «Փաշայեան» մրցանակի ծրագիրները։ 2019-2020 տարեշրջանիn համար երկու ուսանողներ ստացան Հ.Օ.Մ.-ի կրթաթոշակը իսկ 2020-2021 տարեշրջանի դիմումները ներկայացնելու յայտարարութիւնը արդէն լոյս տեսած է։ «Թագուհի Փաշայեան» մրցանակը հայկական վարժարան յաճախած եւ պետական համալսարաններու մուտքի քննութիւններու բարձրագոյն նիշերով յաջողութիւն արձանագրած ուսանողին կը տրուի։ Դժբախտաբար այս տարեշրջանին համավարակի պետական արգիլումներուն պատճառով, մրցանակի յանձնումը տեղի չունեցաւ Հ.Կ.Խաչի Շրջ. վարչութեան միջվարչական ժողովի ընթացքին, այլ յանձնուեցաւ անձնապէս շահող հայորդիին։
Ամփոփելով մեր զրոյցը, ընկ. Գիրազեան նշում ըրաւ Կիներու օրուան առիթով 19 Մարտին կազմակերպուած առցանց ելոյթի մասին, որուն ընթացքին խօսեցան Հ.Օ.Մ.-ի Կեդր. վարչութեան անդամ ընկ. Համեստ Պէօճէքեան եւ Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմինի անդամ ընկ. Շաղիկ Մարուխեան։
Վերջապէս, Արցախի պատերազմին զոհուած զինուորներու երեխաներուն խնամատարութիւն ապահովելու համար, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդր. վարչութիւնը հաստատած է «Զոհուած հերոսներու զաւակներ» ծրագիրը, որ ընթացքի մէջ է։ Կազմուած է յատուկ յանձնախումբ, որուն կրնան դիմել փափաքող հայրենակիցները։ Ծրագիրի մանրամասնութիւնները յայտարարուած են միութեան Դիմատետրի էջին եւ «Ազատ Օր»ին մէջ։
Ընկ. ատենապետուհին եզրափակեց ըսելով, թէ Յունաստանի Հ.Կ.Խաչը հաւատարիմ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» միութեան ուղեգիծին, պիտի շարունակէ գործել իր նպատակներու յաջողութեան համար, նոյնիսկ ամէնէն դժուար պայմաններուն տակ։ Յոյս յայտնեց, որ Հ.Կ.Խաչի գործունէութիւնը առաւել պիտի ծաղկի համավարակի արգիլումներու վերացումէն ետք։
ՄԱԿԵԴՈՆԻՈՅ ԵՒ ԹՐԱԿԻՈՅ ՀԱՅ ԳԹՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ
Հ.Օ.Մ.-ի Յունաստանի երկրորդ միաւորը՝ Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչը եւս, համավարակի այս դժուար ժամանակաշրջանին գործեց առանց դադարի եւ իրագործեց ներքին, բայց մանաւանդ՝ համահայկական ծրագիրները։
Մեր զրոյցը կ՚ընենք Հ.Գ.Խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Կիւլա Գասապեանին հետ։
Ընկերուհին կը շեշտէ, թէ անսպասելի արագութեամբ տարածուած համավարակը, բոլորովին փոխեց ու սառեցուց Հիւսիսային Յունաստանի գաղութային եւ միութենական կեանքը։ Բնականոն ընթացքը եւ հաստատուած գործելաձեւը՝ ինչպիսին են ժողովներու եւ ելոյթներու առիթով հայրենակիցներու հետ համախմբուիլը, որ մինչեւ տարի մը առաջ անբաժան մաս կը կազմէր միութեան գործունէութեան, կանգ առաւ։ Շրջանային Վարչութիւնը անմիջապէս որդեգրեց արդի համացանցային հեռավար կապի միջոցները ժողովական դրութեան իրականացման համար։
Առցանց կապի միջոցներով շարունակուեցան վարչական նիստերը, յաճախ կազմակերպելով համացանցային հանդիպումներ շրջանի հինգ մասնաճիւղներու վարչութեանց եւ անդամներուն հետ։ Նոյն ձեւաչափով, անմիջական եւ մնայուն կապ հաստատուեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդր. վարչութեան հետ, ինչպէս նաեւ մեր գաղութի կառոյցներուն եւ միութիւններումն հետ։
Ընկ. Գասապեան մասնաւորապէս անդրադարձաւ արցախեան պատերազմէն ետք յունահայ գաղութի մարդասիրական օգնութեան, որ իրագործուեցաւ Յունաստանի Հ.Կ.Խաչին հետ միասնաբար։ Ընկերուհին նշեց. «Հայրենիքի օգնութեան մարտահրաւէրը համագործակցութեան, համախմբումի եւ պատասխանատու արդիւնաբեր աշխատանքի զգացումը լարեց գաղութային իրականութեան մէջ։
Հ.Գ.Խաչի մասնաճիւղերու տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ, որուն մեծապէս սատարեցին շրջաններու Հ.Յ.Դ. կառոյցները եւ Հ. Յ. Դ. Յունաստանի Երիտ. միութեան «Ս. Թեհլիրեան» խումբի անդամները, բոլորի ջերմեռանդ աջակցութեամբ, Թեսաղոնիկէէն մինչեւ Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ մնացեալ հայահոծ շրջանները, կարելի եղաւ մարդասիրական հսկայ օգնութիւնը հաւաքել, ծրարել ու Աթէնք փոխադրել, որպէսզի անկէ հասնին Արցախ։ Գոհունակութեամբ կը հաստատենք, որ արդէն օգնութեան առաջին երկու բաժինները հասած են Արցախ եւ կը բաժնուին պատերազմէն տուժած կարիքաւոր մեր ժողովուրդին»։
Խօսելով Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան» շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտութեան եւ կրթական ծրագիրներուն մասին, ընկ. Գասապեան յայտնեց որ շաբաթօրեայ դասընթացքները տեղի կ՚ունենայ համացանցի վրայ եւ մեր մատղաշ հայորդիներու հայակրթութիւնը կը շարունակուի առցանց միջոցներով։ Ընկ. ատենապետուհին յատուկ շեշտով ընդգծեց, թէ միութիւնը հաւատարիմ մնալով իր համամարդկային, բարեսիրական եւ ազգային գաղափարաբանութեան ամուր հիմքերուն, հակառակ թագավարակի ստեղծած ծանր պայմաններուն, զօրավիգ կը կանգնի կարիք ունեցող հայրենակիցներուն։
Մեր շահեկան խօսակցութիւնը վերջ կը գտնէ այն ակնկալութեամբ, որ մինչեւ աւելի պայծառ օրերու գալիքին, պէտք է ամէն գնով կառչած մնալ միութենական եւ համահայկական ծրագիրներու իրականացման նպատակին։