Շ.
1922ի Իզմիրի աղէտէն անմիջապէս ետք, Փոքր Ասիոյ հողերէն պոկուած, մեծ թիւով յոյն բայց նաեւ հայ գաղթականներ գտնուեցան Յունաստան, ստեղծելով պատմական գաղթակայաններ, որոնց հետքերը տակաւին կան Լիբազմայի, Գոքինիոյ եւ Ֆիքսի շրջաններէն ներս:
Երէցները կը յիշեն վստահաբար այդ եւ յաջորդող օրերու ու տարիներու թիթեղէ տնակները։ Յունահայ գաղութը ծաղկեցաւ այդ տնակներու փոքր բակերու ածուներուն մէջ՝ մեխակներու կողքին։
Յիշելու պահանջը հրամայական պիտի չըլլար թերեւս, եթէ յունահայութեան պարզած համայնապատկերը աղէտի ու գաղթականութեան սկզբնաւորութենէն հազիւ վեց կամ եօթը ամիս ետք չցուցաբերէր այնպիսի աշխուժութիւն մը, որուն շուրջ տեղեկութիւններ պիտի չունենայինք՝ առանց «Նոր Օր» ի առաջին իսկ տարուայ թիւերուն, որոնք կարծես դժբախտ եւ յուսահատ գաղթականներու չէ՛ որ կ՚ուղղեն իրենց խօսքը, այլ կազմակերպուած ու ապրելու վճռակամութիւն ցուցաբերող հասարակութեան մը:
Այսպէս ՝
— Կիրակի՝ 25 Մարտ 1923ին լոյս կը տեսնէ «Նոր Օր»ի առաջին թիւը «Հայաթերթ» վերտառութեամբ, որ շաբաթաթերթ է 2 էջով, հասցէ` Բերիքլէուս 16, գին` 1 տրախմի։
— Կիրակի՝ 1 Ապրիլին, այսինքն մէկ շաբաթ ետք, լոյս կը տեսնէ երկրորդ թիւը. կը պարունակէ գաղթականներուն ուղղուած յօդուածներ, որոնք բացատրութիւններ կու տան մաքրութեան անհրաժեշտութեան մասին, ոջիլներէ խուսափելու մասին, եւայլն. առողջապահական յօդուածները կը ստորագրէ տօքթ. Վ. Մարտիկեան։
— 8 Ապրիլին «Հայուն Զատիկ»ը յօդուածին մէջ Ն. Մանուէլեան հարց կու տայ «ե՞ րբ յարութիւն պիտի առնէ Հայուն Քրիստոսը»։
— «Նոր Օր»ի արտօնատէրը Գաբրիէլ Լազեանն է, հրատարակիչները Ա. Շիրինեան եւ Պ. Սվաճեան։
— Ամերիկայ մեկնողներուն համար թրախոմայի եւ այլ հիւանդութիւններու բժշկական քննութիւնը կը կատարուի ձրի տոքթ. Վ. Մարտիկեանի կողմէ, իսկ ճամբորդական գործակալութիւնը կը կրէ Առաքել Պետրոսեանի անունը։
— Չորրորդ թիւին մէջ (15 Ապրիլ 1923) կը խօսուի քաղաքական ժողովի մը անհրաժեշտութեան մասին, մինջ տեղեկութիւններ կը տրուին Արղոսթոլիի, Միթիլինիի եւ Լութրաքիի գաղթակայաններու մասին. ի մասնաւորի կը խօսուի Լութրաքիի որբանոցին մասին։
— 22 Ապրիլի խմբագրականը կը շեշտէ գաղութներու կազմակերպութեան կարեւորութիւնը։
- Տիկնանց միութիւն մը Բիրէայի մէջ բժշկական կայան մը կը բանայ, ուր տօքթ. Մարտիկեան ամէն օր ձրի 50է աւելի հիւանդներ կը խնամէ։ Այս բժիշկի անունին շատ անգամ կը հանդիպինք «Նոր Օր»ի էջերուն մէջ։
— Արդէն գոյութիւն ունի Ֆիքսի սկաուտական կազմակերպութեան մը յանձնախումբը։
— 13 Մայիսի թիւին մէջ կը գտնենք ծանուցումներ. Գ. Գէորգեանի կերպասեղէնի վաճառատան, Հայկ Քէրէսթէճեանի հովանոցի վաճառատան, տօքթ. Վ. Մարտիկեանի (վկայեալ Լոզանէն) որ կը շեշտէ թէ, աղքատներու համար խնամքը ձրի է, տօքթ. Յ. Դարբինեանի (վկայեալ A.U.B.էն) որ նոյնպէս կը յայտարարէ թէ աղքատներուն խնամքը ձրի է։
- Կիրակի՝ 3 Յունիս 1923ի թիւին մէջ կը խօսուի Աթէնքի ազգային իշխանութեան մը մասին եւ Մազլըմեան եպիսկոպոսի մասին, որուն նկատմամբ գնահատականները ընդհանրապէս դրական են։
— 10 Յունիսի խմբագրականը շատ կարծր քննադատութեան կ՚ենթարկէ ազգային իշխանութիւնը, զոր կ՚ամբաստանէ անտարբերութեամբ եւ «աղայութեամբ»։
— Առաքել Պետրոսեանի ճամբորդական գործակալութիւնը Մեքսիքոն կը ներկայացնէ որպէս «Հայուն աւետեաց երկիր»ը, շեշտելով, որ Ամերիկայի սահմանակից երկիր մըն է։
— 24 Յունիսէն սկսեալ, թերթին մէջ կը գտնենք Անտոն Կազէլի ստորագրութիւնը, իսկ 8 Յուլիսի թիւին մէջ կը հանդիպինք Սեդրակ Գոհարունիի ստորագրութեան։
- Ֆիքս եւ Գոքինիա ունին արդէն իրենց դպրոցները, մինչ թերթը կը քննադատէ ժողովներով զբաղող ազգայինները, որոնք ետ կը մնան պարզ ժողովուրդի նախաձեռնութիւններէն։
— Կիրակի` 15 Յուլիս 1923ի թիւէն սկսեալ «Նոր Օր»ը լոյս կը տեսնէ շաբաթական երկու թիւով (Հինգշաբթի եւ Կիրակի)։
— Օգոստոսի իր մէկ թիւով թերթը կը հրաւիրէ պ. Ազնաւորեանը թողնելու Աթէնքի Կեդր. Վարչութեան ատենապետի իր պաշտօնը, որովհետեւ յայտարարած է թէ` «ի՞ նչ պէտք կայ հայկական դպրոցներու, նոր սերունդը դատապարտուած է ձուլուելու, թող այսօր ձուլուի, հայ մանուկները թող յունական վարժարաններ երթան»։
— Հասկնալի կերպով, էջերուն մէջ շարունակ տեղ կը գտնեն Իզմիրի աղէտին վերաբերող յօդուածներ ու մանաւանդ որբերու վերաբերող գրութիւններ (չմոռնանք որ աղէտէն հազիւ մի քանի ամիս անցած է)։
— 26 Սեպտեմբերէն սկսեալ թերթի վերտառութիւնը «երկօրեայ Հայաթերթ» է, իսկ Հոկտեմբեր 12ի խմբագրականը կ՚ըսէ «մենք անցորդ ենք, ծովերէն անդին է մեր հայրենիքը, անհրաժեշտ չէ հետաքրքրուիլ, մեզի համար յունական հպատակութիւն ապահովելու խնդրով»։
— Կիրակի` 21 Հոկտեմբեր 1923էն ասդին թերթը մնայուն կերպով կը հրատարակուի 4 էջով, կը ցրուի հիմնականօրէն ցրուիչներու միջոցաւ (նաեւ կրպակներու մէջ) Ֆիքս, Գոքինիա եւ Լիբազմա։
— Հիմնական է 28 Հոկտեմբերի խմբագրականը ստորագրուած Ենովք Արմէնէն, որ կը խօսի սփիւռքի ինքնակառավարման անհրաժեշտութեան մասին (այսինքն ո՛չ Սովետ Հայաստան, ո՛չ ալ Պոլսոյ Պատրիարքարան)։ Որովհետեւ սակայն՝ Ենովք Արմէն կը պահանջէ նաեւ կուսակցութիւններու քաղաքական ասպարէզէն քաշուիլը, թերթի Ուրբաթ՝ 16 Նոյեմբերի խմբագրականը կու գայ ըսելու թէ այս դիրքը յատկանշական է եւ կը պատկանի բոլոր անկուսակցականներուն, որոնք գաղափարի մոլորութենէ կը տառապին ու կը շեշտէ Դաշնակցութեան կենսունակութիւնը։
— Մինչ այդ, արդէն Չորեքշաբթի՝ 31 Հոկտեմբերի «Հայաթերթ»ի խմբագրականը (թերթը արդէն սկսած է շաբաթը երեք անգամ հրատարակուիլ Չորեքշաբթի, Ուրբաթ եւ Կիրակի օրէրը) առաջին անգամ ըլլալով բացայայտօրէն կը խօսի Դաշնակցութեան մասին, պախառակելով Արշակ Չոպանեանի տեսակէտները, որ շահու զեղծում կը տեսնէ Դաշնակցութեան կազմակերպած ձեռնարկներու եկամուտին մէջ։
— Բժիշկներու եւ ատամնաբուժներու ծանուցումներուն մէջ անփոփոխ կը մնայ «ձրի՝ աղքատներուն համար» նշումը։ Նոյեմբերի եւ գրեթէ ամբողջ Դեկտեմբերի բոլոր թիւերուն մէջ ու մինչեւ 6 Յունուար 1924ի թիւը, ամէն օր, «կը փնտռուի» սիւնակին մէջ կը տեսնենք Ստեփան Օհանեան կամ Սրապեանի լուսանկարը, 17էն 18 տարեկան, որ Մաղնիսացի քեպապճի Թորոսին տղան է ՝ կորսուած Իզմիրի աղէտի օրերուն։ 6 Յունուար 1924էն ետք նկարը չկայ այլեւս, չենք գիտեր եթէ գտնուած է կամ ոչ։
— 1 Յունուար 1924ին «Նոր Օր»ը արդէն օրաթերթ դարձած է։
— Աթէնքի եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւն կազմուած է այդ ամսու ընթացքին՝ բաղկացած Մելքոն Շիրինեանէ (ատենապետ), Միհրան Շիրինեանէ (ատենադպիր) եւ Մատթէոս Անդրէասեանէ (գանձապահ)։
— Գոքինիոյ մէջ արդէն կը գործէ տարիէ մը ի վեր նախակրթարան ու մանկապարտէզ 400ի հասնող երկսեռ աշակերտութեամբ, սակայն բաւարար շէնքի մը չգոյութեան պատճառաւ, շատ մը մանուկներ տակաւին փողոցներուն մէջ կը մնան։
— Ուրբաթ՝ 18 Յունուար 1924ի խմբագրականը պէտք է նկատել պատմական։ Չափաւոր, զուսպ բայց շատ յստակ ձեւով կը պախառակէ Սովետական Հայաստանի մէջ Դաշնակցութիւնը նսեմացնելու եւ արժեզրկելու միտող հայ համայնավարներու յայտարարութիւնները։ Ցաւոտ բայց լուրջ ու պատմականօրէն կարեւոր խմբագրական մը։
— Թերթը Յունաստանի հայերու թիւը կը գնահատէ 110.000ի շուրջ։
- Գաղթականներու մահաթիւը ըստ տօքթ. Ա. Ասլանեանին կը պարզէ հետեւեալ տխուր պատկերը. Ֆալիրոյի մէջ մահացած են 250 մանուկներ վեց ամսուայ ընթացքին, իսկ թերթի հրատարակութեան օրը միայն՝ 7 հոգի մահացած է ցուրտէն գաղթակայանի մը մէջ (հարկ է հոս յստակացնել, թէ ընդհանրապէս թերթը կը խուսափի նման տուեալներ տալէ, վստահաբար զոհերու ընդհանուր թիւը շատ աւելի ցաւալի պատկեր մը կը ներկայացնէր)։
— Նուիրատուութիւններու կոչ մը կը գտնենք օրաթերթի Հինգշաբթի՝ 7 Փետրուարի թիւին մէջ, ստորագրուած Կեդր. Վարչութեան ատենապետ Յովհ. Մսրեանէ, ատենադպիր տօքթ. Միհրան Նորայրէ եւ գանձապահ Հայկ Քէրէսթէճեանէ։
— Նոյն օրը կը կարդանք թէ Լիփազմայի Երիտասարդաց երկսեռ միութեան կողմէ գիշերային դասախօսութեանց շարք մը կազմակերպուած է հայերէն, յունարէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով։ Մասնակցութեան արձանագրութիւնները կատարողներն են Միհրան Գայլունի եւ Մարի Յակոբեան։
— Յունաստանի Խորհրդարանի մօտ հաւատարմագրուած «Նոր Օր»ի լրագրող- խմբագիրը կ՚ունենայ իր մնայուն սիւնակը թերթին մէջ ՝ խորհրդարանի լուրերով։
— Եւ յանկարծ, 8 Փետրուարի թիւին մէջ կրկին կը տեսնենք քեպապճի Թորոսի տղուն՝ Ստեփան Օհանեան կամ Սրապեանի լուսանկարը, որ կը շարունակուի փնտռուիլ։ Նոյն ծանուցումը կը գտնենք 9 Փետրուարի նաեւ թիւին մէջ։
— Աթէնքի եւ շրջանի մէջ միութիւններ կը ստեղծուին՝ երաժշտասիրաց, թատերասիրաց, երիտասարդաց, լսարանական, եւայլն։ Այս բոլորը իրարու մօտեցնելու եւ համադրելու համար յանձնախումբի մը ստեղծման անհրաժեշտութեան մասին կը խօսի «Նոր Օր»ի 12 Փետրուար 1924ի խմբագրականը. Custom .NET Development Services
— 29 Փետրուարի 1924ի թիւով կը յայտարարուի թէ «Նոր Օր»ը, 1 Մարտէն սկսեալ, կը փոխադրուի առանձին գրասենեակի մէջ, Վուլիս 18, 2րդ յարկ, թիւ 39 գրասենեակ։ Նոյն թուականէն՝ արտօնատէր ու հրատարակիչներ կը դադրին գոյութիւն ունենալէ եւ կը փոխարինուին «Նոր Օր»ի հրատարակչական ընկերութեան մը կողմէ։
— 25 Մարտի թիւով օրաթերթը Աթէնքի Կեդր. Վարչութեան ընտրական նախապատրաստութիւններուն մասին կը խօսի։
— «Նոր Օր»ի տարեկան բաժանորդագրութիւնը 200 տրախմի է, վեցամսեան 110 տրախմի, եռամսեան 65։ 24 Մարտի սակարանային արժէքները ՝ սթերլինը 252 տրախմի, տոլարը 58 տրախմի եւ ֆրանսական ֆրանքը 2,75 տրախմի։
— Գաբրիէլ Լազեան այլեւս կը նշուի որպէս պատուոյ տնօրէն, իսկ քեպապճի Թորոսի 18 տարեկան տղան այլեւս չի փնտռուիր:
Հայկական մամուլը հարկ է նկատել օրհնուած։ Առանց «Նոր Օր»էն քաղուած տեղեկութիւններուն, նշանակալից հանգրուաններ մոռացութեան ենթարկուած պիտի մնային ընդմիշտ:
Այս տողերու հեղինակին համար հնարաւոր չեղաւ ստուգել օրաթերթի տպաքանակը։ Յստակ է սակայն, թէ «Նոր Օր»ը ինքնաբաւ եղած է ու խիզախօրէն շաբաթական մէկ թիւը նախ վերածած է երկուքի, յետոյ երեքի իսկ տասը ամսուայ ընթացքին արդէն դարձած է օրաթերթ: Նկատի ունենալով այդ օրերու տնտեսական ողբալի պայմանները եւ հակառակ յունահայութեան թիւի զգալի նուազումին՝ ինչպէ՞ս չափսոսալ մերօրեայ սակաւաթիւ օրաթերթերու դիմագրաւած նիւթական լուրջ դժուարութիւններուն ու շատ սահմանափակ տպաքանակի իրողութեանց դէմ յանդիման:
Արդեօ՞ք շատ խիստ պիտի ըլլար ըսելը, թէ ազգային յամառութեան սրտին բաբախիւնը աւելի զօրաւոր կը թուէր ըլլալ թիթեղէ երդիկներու ներքեւ…
Եզրակացութիւններու յանգելու իրաւունքը կը պատկանի բոլորին: