Ակադեմական նոր տարեշրջանէն սկսեալ, յունահայ հայրենակից Արթին Հաճիքէօսէյեան նշանակուած է որպէս փոխանորդ դասախօս Աթէնքի Բազմարուեստից բարձրագոյն վարժարանի մետաղագիտութեան բաժանմունքէն ներս։
Արթին ծնած է Գոքինիա եւ ուսանած է Քիմիական մեքենաբանութիւն Բազմարուեստից վարժարանին մէջ՝ 1985-1990 տարիներուն։ Յաջորդաբար, ան բարձրագոյն ուսման հետեւած է Անգլիոյ մէջ։
Որպէս գիտական գործակից, աշխատած է Բազմարուեստից վարժարանէն ներս, մաս կազմելով յունական եւ եւրոպական գիտազօտական ծրագիրներու։ Աւելի վերջ, իր ուսումը կատարելագործած է Գերմանիոյ մէջ, իսկ 2008-ին ստացած է դոկտորական աստիճան Բազմարուեստից վարժարանէն։
Բաւական տարիներ դասաւանդած է Բազմարուեստից վարժարանի տարրալուծարաններուն մէջ, իսկ 2001-2017 տարիներուն դասաւանդութիւններ կատարած է TEI բարձրագոյն ուսումնարաններու հանրային առողջապահութեան մասնագիտութեան բաժիններէն ներս՝ քիմիագիտութեան, կենսոլորտի առողջապահութեան եւ առողջապահական արհեստագիտութեան առարկաներուն վրայ։
Անցեալ տարուան Դեկտեմբերին ան փոխանորդ դասախօս ընտրուեցաւ Բազմարուեստից վարժարանի Մետաղագիտութեան բաժանմունքէն ներս եւ պիտի դասաւանդէ «Թափօններէն մետաղներ վերստանալու կենսա-արհեստագիտական միջոցներ»-ու նիւթը։
Արթինի ակադեմական մասնագիտութիւնը կը ծանրանայ մետաղներու ուսումնասիրութեան վրայ՝ կենսոլորտային արհեստագիտութեան մարզէն ներս։ Իր ունեցած ընդարձակ ակադեմական գործունէութեան ծիրին մէջ, ան մասնակցած է բազմաթիւ յունական եւ միջազգային գիտազօտական ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ ստորագրած է մօտ 60 աշխատութիւններ միջազգային գիտական պարբերականներու եւ գիտաժողովներու մէջ, համահեղինակն է մասնագիտական երկու գիրքերու։ Արթինի գիտական աշխատութիւնները ստացած են միջազգային ճանաչում՝ աւելի քան 680 անգամ անդրադարձ ունենալով գիտական տարբեր հրատարակութիւններու մէջ։
Ամուսնացած է Մայա Յարութիւնեանի հետ եւ բախտաւորուած է երկու զաւակներով։
Յաջողութիւն կը մաղթենք Արթին Հաճիքէօսէյեանին՝ իր ակադեմական նոր նուաճումներուն համար։