Յունահայութիւնը նշեց Ս. Զատկուան տօնը

0
307

­Շա­բա­թա­վեր­ջին, հա­մա­ճա­րա­կի պայ­ման­նե­րուն տակ, ­Յու­նաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին նշո­ւե­ցաւ Ս. ­Յա­րու­թեան եւ Ս. ­Զատ­կո­ւան տօ­նը։ ­Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը եւս՝ Ա­թէն­քի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ Թ­րա­կիոյ բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս հան­դի­սա­ւոր կեր­պով նշեց Ս. ­Զա­տի­կը։ Ան­ցեալ տա­րո­ւան տար­բե­րու­թեամբ, այս ան­գամ յու­նա­կան պե­տու­թիւ­նը թոյ­լա­տո­ւու­թիւն­ներ կա­տա­րած էր, որ­պէս­զի ժո­ղո­վուր­դը կա­րո­ղա­նայ ե­կե­ղե­ցի այ­ցե­լել ու պատ­շաճ կեր­պով մաս­նակ­ցիլ տօ­նին։
Ա­ւագ ­Շաբ­թո­ւան եւ Ս. ­Յա­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը եւս լե­ցո­ւե­ցան հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րով, ո­րոնք բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին ի­րա­րու եւ պա­տա­րա­գիչ հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րուն կող­մէ ստա­ցան ս. լոյ­սը։
Ա­թէն­քի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ պա­տա­րա­գեց եւ քա­րո­զեց ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան։