Հ.Յ.Դ. ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ
Յունահայութիւնը համախումբ շարքերով ոգեկոչեց
Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակը
Անցնող շաբաթավերջին, հայահոծ շրջաններուն մէջ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի եւ շրջաններու մարզպետութեանց համակազմակերպութեամբ, ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ եւ մեծ ոգեւորութեամբ ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակը, որուն ընթացքին հայութիւնը անգամ մը եւս բարձրացուց իր բողոքի ձայնը ընդդէմ թուրք-ատրպէյճանական արարքներուն, պահանջելով Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը եւ դատապարտելով Հայաստանի ու Արցախի վրայ շղթայազերծուած յարձակողականութիւնը։
Նկատելով, թէ Յունաստանի մէջ 24 Ապրիլի օրը կը զուգադիպի յունաց Ս. Զատիկին, Հայ դատի յանձնախումբի եւ մարզպետութիւններու կարգադրութեամբ, յունահայութեան յարգանքի բոլոր ելոյթները իրագործուեցան շաբաթ մը առաջ։
Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի, Թրակիոյ եւ Քալամաթայի մէջ յունահայ ստուար բազմութիւնները, համախումբ շարքերով մասնակցեցան յարգանքի արարողութիւններուն, ժողովրդային բողոքի ցոյցերուն եւ կեդրոնական քաղաքական ելոյթներուն, որոնց ներկայ եղան, խօսք առին եւ դափնեպսակներ զետեղեցին հելլէն կառավարութեան, խորհրդարանի, կուսակցութիւններու, մարզպետութիւններու եւ քաղաքապետութիւններու ներկայացուցիչները։