Յունահայ մեր հայրենակիցներուն կը յայտնենք, թէ 4 Օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի ահեղակործան պայթումի հետեւանքով լիբանանահայութեան վերականգման համար, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնած համահայկական օժանդակութեան կոչին ընդառաջ, սփիւռքի բոլոր գաղութներու կարգին, յունահայութիւնը եւս անմիջապէս ընդառաջելով՝ իր շտապ նիւթական օգնութիւնը սկսաւ բերել: Կատարուած ջանքերով կարելի եղաւ ապահովել 12.630 եւրոյի գումարը։
Համակարգող խորհուրդի աշխատանքները ընթացքի մէջ եղած ատեն, ինչպէս գիտենք բոլորս, որ 27 Սեպտեմբեր 2020–ին ծայր առին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմական լայնատարած յարձակումները: Արցախի ու հայութեան մղած հայրենական մեծ պատերամզին մէջ, ամբողջ հայութեան ուշադրութիւնը եւ աշխատանքը, ներառեալ տագնապահար լիբանանահայութեան, կեդրոնացած է Արցախի պատերազմին հայոց քաջարի բանակին օգնութեան հասնելու աշխատանքներուն վրայ: Ստեղծուած ճգնաժամային կացութեան մէջ, Խորհուրդս Լիբանանի կատարուած դրամահաւաքի աշխատանքները աւարտած կը համարէ, առիթ տալով բոլորին, որ իրենց անմիջական անվերապահ նիւթական օժանդութիւնը հասցնեն Արցախին՝ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին ճամբով:
Այս առիթով, Խորհուրդս իր խորին շնորհակալութիւնը եւ գնահատանքը կը յայտնէ գաղութի մեր հայրենակիցներուն՝ համահայկական հիմնահարցերուն միշտ աջակից ըլլալու բարձր գիտակցութեան եւ նուիրաբերման համար, կը շարունակէ միշտ պատրաստ ըլլալ իր լաւագոյնը մատուցելու համահայկական բոլոր տեսակի հիմնախնդիրներու աջակցութեան, ինչպէս որ այսօր ուժգնօրէն կը կատարէ՝ հայոց բանակին կողքին ըլլալով:
Բոլորս հայոց քաջարի բանակին զինուորագրեալներ ենք
Միասնական միահամուռ միաւորումով պիտի յաղթենք
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ՄԻԱՑԵԱԼ ԽՈՐՀՈՒՐԴ