Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սերգօ Գույումճեան երկու հարցազրոյց տուաւ «Երկիրն այսօր» հաղորդաշարին եւ Արցախի պետական ձայնասփիւռին, ներկայացնելով յունահայութեան կողմէ ցարդ կատարուած բոլոր միջոցառումները՝ Արցախի վրայ սանձազերծուած թուրք-ատրպէյճանական պատերազմին դէմ։ Զեկուցողը ներկայացուց Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի իրագործած քաղաքական եւ քարոզչական աշխատանքները, պատերազմը դատապարտող Յունաստանի տարածքին քաղաքապետութեանց կողմէ ընդունուած բանաձեւերը եւ յոյն ժողովուրդի ցուցաբերած անվերապահ զօրակցութիւնը Հայաստանին ու Արցախին։
Ան նաեւ յատուկ անդրադարձ կատարեց ցուցական ելոյթներուն եւ յատկապէս Աթէնքի եւ այլ հայահոծ քաղաքներուն մէջ կատարուած բողոքի հաւաքներուն ու քայլարշաւներուն։ Մասնաւոր նշում եղաւ Յունաստանի մէջ ապրող հայութեան կատարած նուիրահաւաքին՝ Հայաստան համահայկական հիմնադրամին միջոցով, որով շօշափելի գումարներ հասած են Արցախի մէջ մարտնչող զինուորի ֆոնտին։ «Երկիրն այսօր» հաղորդաշարի հարցազրոյցը կարելի է դիտել հետեւեալ յղումով՝
https://www.youtube.com/watch?v=8M8RiKQD92g&feature=emb_logo։