­Մա­մու­լէն տե­ղե­կա­նա­լով, թէ ­Յու­նո­ւար 28-29ի գի­շե­րո­ւան ըն­թաց­քին, Էն­սի­նո­յի «Ս. ­Նա­հա­տա­կաց ­Ֆե­րա­հեան» երկ­րոր­դա­կան եւ ­Քա­նո­կա ­Փար­քի Հ.Բ.Ը.Մ.ի «­Մա­նու­կեան-­Տե­միր­ճեան» վար­ժա­րան­նե­րուն դէմ յար­ձա­կում գոր­ծո­ւած է՝ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը զօ­րակ­ցա­կան իր դիր­քը յայտ­նեց զոյգ դպրոց­նե­րու տնօ­րէ­նու­թեանց ու ա­շա­կեր­տու­թեան։
­Բո­լո­րիս խոր զայ­րոյթ ու ցա­սում պատ­ճա­ռող հա­կա­հայ այս դէպ­քը ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ բնու­թագ­րո­ւե­ցաւ իբ­րեւ «ա­տե­լու­թեան մի­ջա­դէպ», ո­րու ըն­թաց­քին թրքա­կան դրօ­շակ­ներ կա­խո­ւե­ցան վար­ժա­րան­նե­րու տա­րած­քին:
­Նոյն օ­րը, երբ ա­շա­կերտ­նե­րը դպրոց հա­սան ու դէմ յան­դի­ման ե­կան ա­նարգ յար­ձա­կու­մին, հա­կա­դար­ձե­լով այս ա­րար­քին՝ ­Հա­յաս­տա­նի դրօ­շակ­ներ կա­խե­ցին վար­ժա­րա­նի շրջա­փա­կի պա­տե­րուն վրայ։

Ս­տո­րեւ՝ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թեան զօ­րակ­ցա­կան նա­մա­կին պատ­ճէ­նը.-

08 ­Փետ­րո­ւար 2019
Ուղ­ղո­ւած՝

— «­Ֆե­րա­հեան» երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի ­Սօ­սի ­Շան­լեա­նի

— Հ.Բ.Ը.Մ.ի «­Մա­նու­կեան-­Տե­միր­ճեան» վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Ա­ւա­նէ­սեա­նի

­Խոր ցա­սու­մով տե­ղե­կա­ցանք ­Սան ­Ֆեր­նան­տօ ­Հո­վի­տի ձեր զոյգ վար­ժա­րան­նե­րու դէմ՝ դի­մա­կա­ւոր ան­ձե­րու կող­մէ գոր­ծուած ա­նարգ յար­ձա­կու­մին մա­սին, որ ուղ­ղո­ւած էր մեր ազ­գին ու ա­նոր մատ­ղաշ սե­րուն­դին դէմ։
Թր­քա­կան դրօ­շակ­ներ կա­խե­լը մեր ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու պա­տե­րուն վրայ ա­տե­լու­թեան են­թա­հո­ղի վրայ կա­տա­րո­ւած յար­ձա­կում է, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէ վե­րապ­րած մեր ազ­գի զա­ւակ­նե­րուն թի­րախ դար­ձուց ա­տե­լու­թիւն սեր­մա­նող ստո­րին այս ա­րար­քին։
­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ժխտող ու հա­կա­հայ կե­ցո­ւածք­ներ ար­տա­յայ­տող մշտա­կան քա­րոզ­չու­թեան մը ար­դիւնք ե­ղող նման դէպ­քեր պէտք է դա­տա­պար­տո­ւին քա­ղա­քա­կիրթ ըն­կե­րու­թեան ու քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հին կող­մէ, որ­պէս­զի միան­գա­մընդ­միշտ ա­ռաջ­քը առ­նո­ւի հա­յու­թեան դէմ սան­ձա­զեր­ծո­ւող յար­ձա­կում­նե­րուն։
­Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը, իր ամ­բող­ջու­թեամբ, կը զօ­րակ­ցի ­Լոս Ան­ճե­լը­սի հա­յու­թեան եւ իր հաս­տատ հա­մո­զու­մը կը յայտ­նէ, թէ պատ­կան մար­մին­նե­րը կը բա­ցա­յայ­տեն հար­ցի բո­լոր տո­ւեալ­նե­րը։

* Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէ
* ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւն
* ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւն
* ­Յու­նաս­տա­նի «­Հա­մազ­գա­յին» ­Հայ Մ­շա­կու­թա­յին եւ Կր­թա­կան ­Միու­թեան Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւն
* ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւն
* Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խումբ
* Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւն
* Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան Ընդ­հա­նուր ­Վա­րիչ ­Մար­մին