Հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ­Կեդր. վար­չու­թեան, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 21 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի հա­ւաք՝ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րո­ւած Ար­ցա­խի շրջա­փակ­ման դէմ։ ­Բո­ղո­քի հա­ւա­քը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի՝ Ա­թէն­քի կեդրո­նա­կան գրա­սե­նեա­կին առ­ջեւ, որ կը գտնո­ւի ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կի եւ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի մօտ։
­Մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­նե­րու կող­քին, ներ­կայ ե­ղաւ կրօ­նա­կան դա­սը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ­Թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեա­նի, ո­րուն կող­քին էին ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի հո­վիւ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան եւ ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան։ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան կող­մէ ներ­կայ ե­ղան ա­տե­նա­պետ ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան եւ ան­դամ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Հ.Կ.­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին եւ տե­ղա­կան վար­չու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի եւ կո­մի­տէու­թեանց ան­դամ­նե­րուն կող­քին, զգա­լի էր Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան եւ Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րոնք Ար­ցա­խի ու ­Հա­յաս­տա­նի դրօ­շակ­նե­րով, մե­ծա­դիր եւ փոքր պաս­տառ­նե­րով կ­՚ար­տա­յայ­տէին ի­րենց ընդվ­զու­մը ընդ­դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի շրջա­փակ­ման ու մար­դա­սի­րա­կան մեծ ա­ղէ­տի ստեղծ­ման Ար­ցա­խի բնիկ ժո­ղո­վուր­դին մօտ։
Ո­րո­շեալ ժա­մուն, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սա­դա­կան միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը բարձ­րա­խօ­սէն իր խօս­քը ուղ­ղե­լով ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դին բա­ցատ­րեց բո­ղո­քի հա­ւա­քի նպա­տա­կը Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի գրա­սե­նեա­կին առ­ջեւ, պա­հան­ջե­լով եւ­րո­պա­կան ա­տեան­նե­րու ան­մի­ջա­կան մի­ջամ­տու­թիւ­նը՝ վե­րա­բա­նա­լու հա­մար Ար­ցախն ու ­Հա­յաս­տա­նը ի­րար կա­պող ­Բեր­ձո­րի (­Լա­չին) մի­ջանց­քը։
­Յա­ջոր­դա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րով, մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ման­րա­մաս­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձան Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նա­գի­րի խախ­տու­մին, ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի վրայ կա­տա­րած ռազ­մա­կան ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն, կա­զի եւ ե­լեկտ­րա­կան հո­սանք­նե­րու դադ­րեց­ման, ո­րոնք Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը կը տա­նին դէ­պի մար­դա­սի­րա­կան մեծ ա­ղէտ։ ­Ցու­ցա­րար­նե­րը նշե­ցին Ար­ցա­խի մէջ ապ­րող 120.000 բնա­կիչ­նե­րու ապ­րած ող­բեր­գու­թիւ­նը, հի­ւան­դա­նոց­նե­րու մէջ բժշկա­կան լուրջ խնամ­քի կա­րօտ հի­ւանդ­նե­րու Ե­րե­ւան փո­խադ­րու­թեան ան­կա­րո­ղու­թիւ­նը, սնուն­դի պա­շար­նե­րու նե­րա­ծու­մի դադ­րե­ցու­մը, ա­ւե­լի քան 1100 ան­ձե­րու եւ 270 փոք­րիկ­նե­րու ձմռան ծանր պայ­ման­նե­րու տակ ար­գե­լա­փակ­ման ի­րո­ղու­թիւ­նը փա­կո­ւած ճամ­բուն վրայ։
­Կոչ ուղ­ղո­ւե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն մի­ջամ­տե­լու եւ պա­հան­ջե­լու ատր­պէյ­ճա­նա­կան վար­չա­կար­գէն դադ­րեց­նել Ար­ցա­խի շրջա­փա­կու­մը, ինչ­պէս նաեւ գիր­ծի­քա­կազ­մե­րու ստեղ­ծու­մը, ո­րոնք նպա­տակ պի­տի ու­նե­նան պաշտ­պա­նել Ար­ցա­խի բնիկ հայ ժո­ղո­վուր­դը ատր­պէյ­ճա­նա­կան ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­րարք­նե­րէն։
­Միա­ժա­մա­նակ, ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դը շա­րու­նա­կա­կան լո­զունգ­նե­րով կը պա­հան­ջէր ատր­պէյ­ճա­նա­կան ոտնձ­գու­թիւն­նե­րու դադ­րե­ցու­մը։
­Տեղ­ւոյն վրայ յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ, թէ յա­տուկ յու­շա­գիր մը պի­տի յանձ­նո­ւի Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան, ո­րուն մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած են յու­նա­հա­յու­թեան պա­հանջ­նե­րը Եւ­րո­պա­կան միու­թեան մի­ջամ­տու­թեան հա­մար։
­Բո­ղո­քի հա­ւա­քի ա­ւար­տին, բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը ի­րենց ձեռ­քի հե­ռա­խօս­նե­րու լոյ­սով կա­տա­րե­ցին «SOS» բա­ռի լու­սա­ւո­րու­մը, որ կը խորհր­դանշէր Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը փրկե­լու կո­չը ատր­պէյ­ճա­նա­կան ա­րարք­նե­րէն։
­Բո­ղո­քի հաւաքը վերջ գտաւ հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րու հա­մա­խումբ եր­գե­ցողու­թեամբ։