Ինչպէս նախապէս գրած էինք մեր Ուրբաթ օրուան թիւով, Հ.Կ.Խաչի եւ Հ.Գ.Խաչի կողմէ նախաձեռնուած Արցախին համար մարդասիրական օգնութեան երկրորդ մասը արդէն հասած է Հայաստան։
Շաբաթ՝ 9 Յունուարի առաւօտուն, Յունաստանի պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն կողմէ տրամադրուած օդանաւը իր թռիչքը կատարեց Էլեւսինայի ռազմական օդակայանէն դէպի Հայաստան, փոխադրելով Արցախի տառապող ժողովուրդին եւ հայ զինուորներուն համար բժշկական անհրաժեշտ իրերը եւ մարդասիրական օգնութեան նպատակով հաւաքուած հագուստեղէնն ու այլ կարեւոր սարքեր։ Օգնութեան այս բաժինը եւս յանձնուեցաւ Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան եւ Հ.Օ.Մ.-ի գրասենեակին։
Առաջին ուղեւորութեան նման, մարդասիրական թռիչքին ընկերակցեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի, Հ.Կ.Խաչի, Հ.Գ.Խաչի եւ Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութեան պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին ընկերներ Յարութիւն Սերոբեան, Ատրիկ Ստեփանեան, Ազնիւ Աճէմեան, Արմէնուհի Սիմոնեան, Լոռի Գույումճեան, Վիգէն Սափրիչեան, Տիանա Աւագեան, Սաթենիկ Սիմոնեան եւ Մարիա Փափատոփուլու։
Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, մարդասիրական օգնութիւնը ստանալու եւ անհրաժեշտ ձեւակերպութիւնները կատարելու համար ներկայ եղան Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ներկայացուցիչը եւ Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի պատասխանատու ընկերուհիներ, որոնք եւս հետեւեցան ծրարներու յանձնումի գործին։ Մաքսային եւ դիւանակալական բոլոր աշխատանքներու ամբողջացումնէն ետք, օդանաւը եւ յունահայ պատուիրակութիւնը ուշ երեկոյեան վերադարձան Աթէնք։
Նշենք, որ նոյն օդանաւով Յունաստան փոխադրուեցաւ հայրենակից մը, որ կը կարօտի լուրջ բժշկական խնամքի եւ անոր նուրբ վիրահատութիւնը պիտի կատարուի Աթէնքի մէջ։
Հոս, պէտք է նշել, թէ ծրարներու յանձնումէն ետք, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածեց, որուն մէջ ընդգուեցաւ Յունաստանի Հ.Օ.Մ.-ի երկու կառոյցներու նախաձեռնութիւնը Արցախի հայութեան անմիջական մարդասիրական օգնութիւն ընձեռելու համար։ Հայաստանի լրատուական բոլոր միջոցները անդրադարձան լուրին եւ անոր տեսանիւթը սփռուեցաւ ելեկտրոնային միջոցներուն ու ընկերային ցանցերուն կողմէ։
Յիշեցնենք, որ Արցախի դէմ շղթայազերծուած թուրք-ատրպէյճանական պատերազմի հրադադարէն ետք, Յունաստանի Հ.Կ.Խաչի եւ Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ Հ.Գ.Խաչի միաւորները ձեռնարկեցին մարդասիրական օգնութեան հաւաքումին, որ գերազանցեց ամէն սպասում, արժանանալով հայ եւ յոյն մեր հայրենակիցներու սրտաբուխ արձագանգին։ Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր, հայկական ակումբներուն եւ կեդրոններուն մէջ Խաչուհի մեր ընկերուհիները, միութիւններու անդամներու անմիջական սատարումով, ընդունեցին եւ պատրաստեցին սպասուածէն աւելի օգնութիւն, որը մինչեւ այսօր յանգեցաւ երկու առաքումներու դէպի Հայաստան, իսկ մօտ ժամանակին կը ծրագրուի ղրկել նաեւ երրորդ մասը։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Յունահայութեան՝ Արցախի համար մարդասիրական օգնութեան երկրորդ մասը հասաւ Հայաստան