Ինչ­պէս ար­դէն մեր Եր­կու­շաբ­թի՝ 26 ­Յու­նի­սի թի­ւին մէջ հա­ղոր­դած էինք, ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին ­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մի Ազ­գա­յին Ե­րես­փո­խա­նա­կան ­Ժո­ղո­վը իր աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ւար­տին կա­տա­րեց ընտ­րու­թիւ­նը ­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մի նոր Ա­ռաջ­նոր­դին՝ ­Գե­ղամ Ար­քե­պիս­կո­պոս ­Խա­չե­րեա­նի։

Ս­տո­րեւ՝ կը ներ­կա­յաց­նենք կեն­սագ­րա­կան գի­ծե­րը նո­րըն­տիր Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր։
Ծ­նած է 1962ին, ­Պէյ­րութ։ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Դպ­րե­վան­քի ու­սում­նա­կան շրջա­նը ա­ւար­տե­լէ ետք, 1981ին ձեռ­նադ­րո­ւած է Ա­բե­ղայ՝ ձե­ռամբ Դպ­րե­վան­քի տե­սուչ ­Տա­թեւ Արք. ­Սար­գի­սեա­նի։ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նէն ներս եւ Դպ­րե­վան­քի մէջ զա­նա­զան պաշ­տօն­ներ վա­րե­լուն ա­ռըն­թեր, շա­րու­նա­կած է իր աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան ու­սու­մը ­Լի­բա­նա­նի «­Սուրբ ­Հո­գի ­Քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան» հա­մալ­սա­րա­նի մէջ, իսկ ա­րա­բա­կան գրա­կա­նու­թիւն ու­սա­նած է «Saint Joseph» հա­մալ­սա­րա­նէն ներս։ 1985 թո­ւա­կա­նին ­Վե­հա­փառ ­Հօր տնօ­րի­նու­մով մեկ­նած է ­Թե­սա­ղո­նի­կէ (­Յու­նաս­տան) որ­պէս ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վիւ եւ, միա­ժա­մա­նակ, շա­րու­նա­կած է իր ու­սու­մը ­Թե­սա­նո­ղի­կէի «Ա­րիս­տո­տե­լեան» պատ­մա­գի­տու­թեան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։
1995ին ընտ­րո­ւած է ­Լի­բա­նա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­կան ­Տե­ղա­պահ, իսկ 1997ին Ա­ռաջ­նորդ՝ ­Լի­բա­նա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մին։ Ե­պիս­կո­պո­սա­կան ձեռ­նադ­րու­թիւն եւ օ­ծում ստա­ցած է 2000ին՝ ձե­ռամբ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի։
­Լի­բա­նա­նի ­Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­կան պաշ­տօ­նը ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան վա­րած է մին­չեւ 2013 թո­ւա­կան։ Ա­պա՝ շա­րու­նա­կե­լով իր հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սու­մը, 2017ին ստա­ցած է ե­կե­ղե­ցա­կան ի­րա­ւա­գի­տու­թեան ­Մա­գիստ­րո­սի աս­տի­ճան՝ ­Վա­տի­կա­նի ­Քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան «Lateran » հա­մալ­սա­րա­նէն։
­Գե­ղամ Ար­քե­պիս­կո­պոս լա­ւա­պէս կը տի­րա­պե­տէ ա­րա­բե­րէն, յու­նա­րէն եւ անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րուն։
1996-2008ին ան­դամ ե­ղած ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ­Խոր­հուր­դին գոր­ծա­դիր վար­չու­թեան՝ իր գոր­ծուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լով միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան շար­ժու­մին։
Սր­բա­զան ­Հայ­րը հե­ղի­նակ է ա­րա­բե­րէն լե­զո­ւով չորս հա­տոր­նե­րու՝ «Ի­մաս­տու­թիւ­նը կրօն­նե­րուն մէջ», «­Դէ­պի այլ եր­կիր», «­Հա­յոց նա­հա­տա­կու­թիւ­նը» եւ «Երթ դէ­պի եր­ջան­կու­թիւն»։