Երեքշաբթի՝ 22 Մայիս 2018ի առաւօտեան, Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Նիքէայի Ալեքսիոս Մետրոպոլիտին։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՛ըկերանար Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան, ինչպէս նաեւ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան, Թաղական Խորհուրդի կողմէ պրն. Լեւոն Չէրչեան եւ Տիկնանց Մարմնոյ դիւանը՝ ատենապետուհի տիկ. Մարօ Միքայէլեան եւ տիկ. Մէրի Կորկոտեան։
Ալեքսիոս Մետրոպոլիտին բարի գալուստի ջերմ խօսքերէն ետք, Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան ներկայացուց Առաջնորդ Սրբազանին հոգեւորական ծառայութիւնը՝ սկսելով Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովուութեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդութեան տարիներէն ու, ներկայիս, որպէս Յունաստանի հայոց թեմի նորընտիր Առաջնորդ։
Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Մետրոպոլիտին ընդունելութեան համար՝ անդրադառնալով Յունաստանի թեմակալ առաջնորդ ընտրուելէն ի վեր այն բոլոր պաշտօնական այցելութիւններուն՝ եկեղեցական թէ պետական անձնաւորութեանց, որոնց առաջինը եղաւ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոս Իէրոնիմոսին որպէս հոգեւոր աւագ եղբայր, ու նաեւ գլխաւորագոյնը՝ հանրապետութեան նախագահին պրն. Փրոքոփիս Բաւլոփուլոսին, կարեւորութեամբ շեշտեց Նիքէայի Մետրոպոլիտին այցելութիւնը, որուն թեմական շրջանին մէջ կը գտնուին բաւական կարեւոր թիւով հայեր եւ Յունաստանի հայոց թեմին ծխական մեծ շրջաններէն «Ս. Յակոբ» եկեղեցին։ Նկատի ունենալով «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ եւ անոր ծխական մարմիններուն կարեւորութիւնը եւ շրջանի հայութեան աշխոյժ գործունէութիւնը՝ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Մետրոպոլիտին շրջանի հայութեան նկատմամբ ցուցաբերած բարեացակամ վերաբերմունքին եւ համագործակցութեան բարի տրամադրութեան համար։ Եւ այս բարեպատեհ առիթով՝ Առաջնորդ Սրբազանը Մետրոպոլիտին նուիրեց հայկական խաչքարի փոքր նմանակ մը՝ բացատրելով անոր քրիստոնէական հաւատքին հայկական ըմբռնումը արուեստի եւ մշակոյթի ընդմէջէն։
«Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի եւ Տիկնանց Մարմնոյ կողմէ Մետրոպոլիտին տրուեցաւ Աստուածամօր պատկերով արծաթապատ սրբանկար (իքօն) մը։
Մետրոպոլիտ Ալեքսիս համակրական՝ դրական խօսքերով անդրադարձաւ եւ վկայեց Գոքինիոյ շրջանին մէջ ապրող ու գործող հայութեան մասին, եւ շնորհակալ ըլլալով եղած այցելութեան ու տրուած նուէրներուն համար, անգամ մը եւս բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ինչպէս նաեւ առաջնորդական բարի ծառայութիւն եւ արգասաբեր գործունէութիւն՝ միշտ եղբայրական մթնոլորտի մէջ գործակցութեան տրամադրութեամբ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Յունահայոց թեմի Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց Նիքէայի Մետրոպոլիտին
Յունահայոց թեմի Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց Նիքէայի Մետրոպոլիտին
Յունահայոց թեմի Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց Նիքէայի Մետրոպոլիտին