Լիբանանի դիմագրաւած սուր ընկերային եւ տնտեսական տագնապի լոյսին տակ, այս դժուար օրերուն, գաղութի հայութեան բարոյապէս նեցուկ կանգնելու նպատակով, Լիբանանահայ գաղութի պատասխանատու մարմինները տեսանիւթերով զօրակցական կոչեր կը ստանան Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին գործող՝ Լիբանանի մէջ ծնած, ազգային, հոգեւոր եւ հասարակական պատասխանատու անձնաւորութիւններու կողմէ։ Ստացուած տեսանիւթերը հերթաբար կը սփռուին գաղութի ընկերային ցանցերուն վրայ։ Անոնք կարգին, Յունահայոց Թեմի Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան տեսանիւթով մը հետեւեալ ուղերձը յղեց լիբանանահայութեան։ «Անգամ մը եւս լիբանանահայութիւնը իր կարողութիւններէն վեր, աննախընթաց եւ անակնկալ ճգնաժամային տագնապ կը դիմագրաւէ։ Յարգելով իւրաքանչիւր գաղութի դերակատարութիւնը, Լիբանանը իր պետական դրուածքով, իր բոլոր տուեալներով եւ առաւելութիւններով, կենսական կարեւորութիւն ունի ամբողջ հայաշխարհին մէջ։
Լիբանանահայութիւնը թիւ չէ, այն ամբողջ հայաշխարհին համար անզուգական եւ ռազմավարական դիրք է, միջնաբերդ է, անոր համար ալ չենք կրնար ձգել որ կքի, տակաւին շատ ընելիքներ ունի։ Անգամ մը եւս կը հաստատեմ, որ Լիբանանի մեր թանկագին ազգայինները, երկրէն ներս եւ դուրս, իրենց բարոյական եւ նիւթական աջակցութեամբ, ճգնաժամեր յաղթահարելու բարձր գիտակցութիւն ունին։ Ուրիշ ելք չկայ, բոլորս միասին այս ճշնաժամն ալ պիտի յաղթահարենք»։