Գլխաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին եւ ներկայութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերուն, միաբանութեան չորս աբեղաներ, որոնց կարգին Յունաստանի Հայոց թեմէն ներս ծառայող՝ Աթէնքի առաջնոդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Եզրաս աբղ. Թէնէքէճեան եւ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Եղիա աբղ. Մալխասեան արժանացան վարդապետական աստիճանի տուչութեան։ Շաբաթ, 11 Մայիս 2024-ի երեկոյեան չորս աբեղաները ներկայացուցին վարդապետութեան աստիճանի թեկնածութեան իրենց աւարտաճառերը։ Հայր Եզրասը ներկայացուց Անանիա վարդապետ «Նարեկացիի խրատագիրքը» (թարգմանական՝ գրաբարէ աշխարհաբար-արեւմտահայերէն), իսկ հայր Եղիան՝ «Ս. Ստեփանոս Սիւնեցի եւ իր աստուածաբանական երկերը» (թարգմանական՝ գրաբարէ աշխարհաբար-արեւմտահայերէն)։
Ներկայացումներու եւ պաշտպանութիւններու աւարտին, Վեհափառ հայրապետը իւրաքանչիւր ներկայացումէ ետք տուաւ թելադրութիւններ եւ կատարեց ընդգծումներ՝ աւարտաճառի նիւթերը կատարելագործելու համար։ Ապա, ան յղեց իր եզրափակիչ օրհնութեան խօսքը, ուր շեշտեց հոգեմտաւոր զարգացման կարեւորութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը իր հայրական խօսքի աւարտին գնահատեց միաբան հայրերուն կատարած աշխատանքները։
Կիրակի, 12 Մայիս 2024-ին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, չորս երիտասարդ միաբան հայրերը վարդապետութեան մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները ստացան՝ ձեռամբ Նարեկ արք. Ալէեմեզեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Սարգիս վրդ. Աբրահամեանի։
Սուրբ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Նորին Ս. Օծութիւնը վեհարանին մէջ ընդունեց նորընծայ վարդապետները եւ իր հայրական օրհնութիւնը շնորհեց անոնց։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Յունահայոց թեմէն ներս ծառայող երկու աբեղաներ ստացան վարդապետական աստիճան